Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Լիբանանեան Տարազը Ձախողած Է, Խնդիրը Կարելի Է Լուծել Միայն Սեղանի Շուրջ Նստելով»

Նոյեմբեր 9, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Վանայ ձայն»-ի «Կեցուածք մը ինձմէ, կեցուածք մը քեզմէ» արաբերէն յայտագիրի ընթացքին, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան եւ այդ երկրի արաբ ու լիբանանցի քաղաքացիներուն տրուած ընտրական խոստումներուն, նշեց, որ ընտրութենէն առաջ խոստումները ընտրութեան յաջորդող գործէն տարբեր են:

Անդրադառնալով այն վարկածին, թէ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահը իր նստաշրջանի աւարտէն առաջ շրջանին մէջ զինադադար պիտի հաստատէ, Բագրատունի ըսաւ, որ նախագահը Սպիտակ տան մէջ գտնուած տարիներուն ընթացքին չկրցածը պիտի չկարենայ այսօր կատարել, երբ Սպիտակ տունէն դուրս գալու վրայ է: Ան, ընդհակառակն, մտավախութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ 2 ամսուան ընթացքին կրնայ ստեղծուիլ նոր կացութիւն մը, որ նախկինէն աւելի ծանր կրնայ ըլլալ:

Խօսելով Լիբանանի նախագահի ընտրութեան կարելիութեան մասին` Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ զինադադար ըլլայ, թերեւս առիթ մը ըլլայ այդ հարցը քննարկելու, սակայն անիկա այսօր ամերիկացիներուն կամ ոչ ամերիկացիներուն օրակարգին վրայ չէ:

Բագրատունի նշեց, որ լիբանանեան տարազը ձախողած է, սակայն այդ հարցը լուծելու միջոցը միայն սեղանի շուրջ նստիլն է եւ Թաէֆի համաձայնութեան այլընտրանքը միայն սեղանի շուրջ նստելով կը ձեւաւորուի:

Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ անձնատուութեան մտայնութեամբ գործել: Այսօր պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՛ս կրնանք արժանապատիւ կերպով, սակայն առանց անձնատուութեան ապրիլ:

Բագրատունի նաեւ անդրադառնալով դրական չէզոքութեան սկզբունքին նշեց, որ հայկական կուսակցութիւնները զայն որդեգրեցին 1975-ին, երբ պատերազմը լիբանանցիներուն միջեւ էր, սակայն այսօր կռիւը լիբանանցիներուն միջեւ չէ, ուստի իբրեւ այս երկրի քաղաքացի կարելի չէ մեր հայրենիքը չպաշտպանել:

Նախորդը

Ազգային Առաջնորդարան. Լիբանանցի Գաղթականներու Զօրակցութեան Երկրորդ Այցելութիւնը Եւ Մարդասիրական Աշխատանքներու Շարունակականութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?