Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտնեց, որ իր օդուժը վերջին 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ Հըզպալլային պատկանող եւ Կազայի մէջ Համաս շարժումին պատկանող աւելի քան 110 թիրախներ հարուածած է:
Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց, որ «վեցերորդ անգամ ըլլալով» հրթիռակոծած է Մարուն Ռաս գիւղի արեւելեան ծայրամասերուն մէջ իսրայէլեան բանակի մէկ շարժումը:
Մինչ այդ, իսրայէլեան օդուժը չորեքշաբթի գիշերէն մինչեւ հինգշաբթի առաւօտ շարք մը յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ` թիրախաւորելով Ուզահի, Հարեթ Հրէյք, Հարեթ Պաաժուզ եւ Թահուիթաթ Ղատիր-Մահաթթաթ Հիլալ շրջանները:
Ուզահիի վրայ օդային յարձակումները հարուածեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին կից շրջան մը: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց. «Պէյրութի օդակայանին մօտ բանակին յարձակումները վնասներ պատճառեցին օդակայանի ենթակառոյցին»:
Հանրօգուտ շինութիւններու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» միջազգային օդակայանը բնական կերպով կը գործէ»:
Իսրայէլեան օդուժը Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ գործեց շուրջ 9 յարձակումներ` երեք յարձակումներ Հարեթ Հրէյքի վրայ, 2 յարձակումներ` Հայ Ապիատի («Ռայա» մարզադաշտի թաղ) վրայ, իսկ մէկական յարձակումներ Լայլաքի-Մրէյժէ, Մաամուրա, Պըրժ Պարաժինա եւ Հայ Ամերքան թաղամասերուն վրայ:
Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան օդուժը առաւօտէն ձեռնարկեց յարձակումներու` հարուածելով Եըհմոր Շքիֆ գիւղի Լիթանի գետի հունին մօտ եղող ծայրամասերն ու գիւղի կեդրոնի արեւելեան կողմը: Գիւղի մերձակայքը ռմբակոծուեցաւ տարանջատուող ռումբերով, որոնց օգտագործումը միջազգայնօրէն արգիլուած է:
Հրետանիով ռմբակոծման ենթարկուեցան նաեւ Սաֆատ Պաթթիխ, Այթա Ժապալ, Պարաաշիթ, Սարաֆանտ եւ Թպնին գիւղերը:
Պեքայի մէջ, իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Հերմել քաղաքի մերձակայքին, Սուրիոյ սահմանին վրայ գտնուող Քալտ Սաապ ճամբուն եւ Հաուշարիէ գիւղին վրայ:
Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը երէկ դարձեալ թիրախաւորեց Լեռնալիբանանի մէջ Քահհալէի ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը: Զինուորական աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց, թէ առնուազն մէկ հրթիռ թիրախաւորած է նշեալ ինքնաշարժը:
Լիբանանեան բանակի Սայտայի հիւսիսային մուտք-Աուալի կէտին վրայ գտնուող անցարգելին մօտ եւս ինքնաշարժ մը օդային յարձակումի ենթարկուեցաւ: «Լեպանոն Տիպէյթ» հաղորդեց, որ այդ պահուն նշեալ վայրէն կ՛անցնէր ՖԻՆԻՒԼ-ի կարաւան մը, որուն մէջ գտնուողներ վիրաւորուած են: Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ յարձակումին պատճառով 3 քաղաքայիններ նահատակուած են եւ 3 բանակայիններ ու ՖԻՆԻՒԼ-ի 4 անդամներ վիրաւորուած են:
Հըզպալլան իր կարգին հրթիռակոծեց Հանիթա եւ Լիման բնակեցման վայրերուն մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:
Կուսակցութիւնը նաեւ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց արեւմտեան Գալիլիոյ Նաթուղա, Շթոլա, Զըրհիթ եւ Շումիրա, Հանիթա, Միցովահ եւ Քրիոթ բնակեցման վայրերուն, ինչպէս նաեւ Աքքա, Նահարիա եւ Հայֆա քաղաքներուն ուղղութեամբ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին. «Հըզպալլան տակաւին կը յաջողի պահպանել իր հրթիռային կարողութիւններն ու բազմաթիւ անօդաչու թռչող սարքերը»:


