Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շէյխ Քասեմ. «Յաղթեցինք, Որովհետեւ Մեր Դիմադրութիւնը Կը Մնայ Եւ Կը Շարունակուի»

December 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յղեց պատկերասփռուած ուղերձ մը, որ կը վերաբերէր վերջին զարգացումներուն եւ «Խոստում ու յանձնառութիւն» վերաշինութեան արշաւին:

Ան յայտնեց, որ երեք ազդակներ նպաստած են յաղթանակի իրագործման, առաջինը` Հըզպալլայի մարտիկներն ու անոնց տոկունութիւնը, երկրորդը անոնց թափած արիւնը, երրորդը` ղեկավարութեան վերականգնումը:

«Յաղթեցինք, որովհետեւ մեր Դիմադրութիւնը կը մնայ ու կը շարունակուի եւ աւելի պիտի փայլի: Յաղթեցինք, որովհետեւ մեր հարազատները իրենց զոհողութիւնները Աստուծոյ համար կատարեցին եւ իրենց հաւատարմութեամբ կը հպարտանան: Յաղթեցինք, որովհետեւ իսրայէլացի թշնամին չկրցաւ իրագործել իր նպատակները, եւ ատիկա անոր համար պարտութիւն է: Յաղթեցինք, որովհետեւ ազգային միասնականութիւնը յայտնուեցաւ, իսկ սադրանքը տեղն ու տեղը խեղդուեցաւ», նշեց շէյխ Քասեմ:

«Այս համաձայնութիւնը յարձակումի դադրեցման համաձայնութիւն է եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի մեքանիզմը նորութիւն մը չէ: Համաձայնութիւնը թիւ 1701 որոշումի մեքանիզմ է. ան որոշումէն ստորադաս է եւ ոչ թէ գերադաս: Անիկա անոր մէկ մասն է եւ ո՛չ թէ անջատ գոյութիւն մը եւ ո՛չ ալ նոր համաձայնութիւն է», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Մենք իսրայէլեան բազմաթիւ խախտումներ տեսանք, շուրջ 60 խախտում եւ աւելին: Լիբանանեան պետութիւնը կը նկատենք համաձայնութեան հսկողութեան յանձնախումբին հետ յարաբերութեան պատասխանատուն, եւ Դիմադրութիւնը առիթ կու տայ յաջողցնելու համաձայնութիւնը», յայտնեց ան:

Շէյխ Քասեմ արաբական եղբայրական պետութիւններուն եւ բարեկամ պետութիւններուն կոչ ուղղեց վերաշինութեան նպաստելու: «Պատսպարման եւ վերաշինութեան փուլը սէյիտ Նասրալլային խոստումն է, եւ մեր կողմէ յանձնառութիւն մը: Յարմար նկատեցինք, որ անոր խորագիրը ըլլայ «Խոստում ու յանձնառութիւն», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ զարգացումներուն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ Սուրիոյ վրայ յարձակումը կը հովանաւորեն Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը` ընդգծելով. «Իբրեւ Հըզպալլա մեր կարելիութեան չափով Սուրիոյ կողքին պիտի ըլլանք` ձախողութեան մատնելու այս յարձակումին նպատակները»:

Նախորդը

Ըստ Երեսփոխանական Ականաւոր Աղբիւրի Մը. Պըրրի Լաւատես Է 9 Յունուարին Նախագահի Ընտրութեան Առնչութեամբ

Յաջորդը

Մակար Արք. Աշգարեան Հանդիպում Ունեցաւ Հալէպահայ Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.