Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Փութին Էրտողանին Յայտնեց, Որ Պէտք Է Դադրեցնել Սուրիական Պետութեան Վրայ Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Յարձակումը»

December 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ պէտք է դադրեցնել սուրիական պետութեան վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներուն յարձակումները:

Փութին ընդգծած է «Արմատական խմբաւորումներուն կողմէ սուրիական պետութեան դէմ ահաբեկչական յարձակումի շուտափոյթ դադրեցման անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորաբար օգտագործելով շրջանին մէջ Անգարայի ունեցած կարելիութիւնները»:

Քրեմլին աւելցուց, որ Փութին եւ Էրտողան նշած են, որ Սուրիոյ մէջ կացութեան հանդարտեցման համար անհրաժեշտ է Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ սերտ համակարգում կատարել:

Անոնք նաեւ ընդգծած են Ասթանայի ձեւաչափին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Երկու ղեկավարները համաձայնած են կապի մէջ ըլլալ` կարգաւորման ուղիներ գտնելու համար:

Ռուսական կողմը կը հաղորդէ, որ զրոյցը տեղի ունեցած է թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ:

Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը հաղորդեց, որ Փութին եւ Էրտողան 3 դեկտեմբերին քննարկած են Սուրիոյ կացութիւնը, շեշտած Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ տագնապը դիւանագիտական ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:

Ըստ գրասենեակին, Էրտողան ըսած է, որ կարեւորագոյն խնդիրը խաղաղ բնակչութեան չվնասելն է, եւ շեշտած, թէ Սուրիան պէտք չէ դառնայ աւելի մեծ անկայունութեան աղբիւր:

«Թուրքիան մէկ կողմէ կ՛աջակցի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, միւս կողմէ` կը ձգտի տագնապին արդար եւ կայուն լուծման», ըսած է Էրտողան` կարեւոր նկատելով հարցին դիւանագիտական լուծումը: «Սուրիական վարչակարգը պէտք է ներգրաւուի խնդիրի քաղաքական լուծման հոլովոյթին մէջ», աւելցուցած է ան:

Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան ամէն ինչ կ՛ընէ Սուրիոյ մէջ հանգստութիւն ապահովելու համար` աւելցնելով, որ Թուրքիան վճռական է պայքարին մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ անոր ճիւղերուն դէմ, որոնք կը փորձեն օգտուիլ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններէն:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Սուրիոյ հարցով Ասթանայի ձեւաչափի երաշխաւոր կողմերը մնայուն կապի մէջ են, մինչ այդտեղ կացութիւնը վատթարացած է»:

«Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները քաջալերողները արտաքին ուժերու գրգռութիւնը եւ ուքրանական հետքի կողքին օտար զինեալներն են», շեշտեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նախորդը

Փենթակոն. «Հրթիռարձակման Հարթակներու Եւ Հրասանդներու Վրայ Կրակ Բացինք, Երբ Սուրիոյ Մէջ Մեր Ուժերուն Վրայ Կրակ Բացին»

Յաջորդը

Սուրիական Բանակը Կը Յայտարարէ, Թէ Հալէպի Մէջ Ասատի Ճարտարապետութեան Ակադեմիայի Ուսանողներուն Պաշարումը Խզած Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.