Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց. «Հրթիռարձակման հարթակներու եւ հրասանդներու վրայ կրակ բացինք, երբ Սուրիոյ արեւելքը «Ֆուրաթ» ռազմակայանին մէջ մեր ուժերուն վրայ կրակ բացին»:
«Վստահ չենք, թէ զէնքերը որուն կը պատկանին, սակայն գիտենք, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումները կը գործեն շրջանին մէջ», աւելցուց Փենթակոնը:
«Մեր հարուածները պաշտպանական բնոյթի էին եւ ոչնչացուցին մեր ուժերուն համար անմիջական սպառնալիքներ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Յաջող հարուած մը հասցուցինք եւ քանդեցինք զէնքի շարք մը համակարգեր, որոնք Սուրիոյ արեւելքը Եփրատի շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերուն վտանգ ներկայացուցին»:
Ամերիկեան պաշտօնատար մը երեքշաբթի օր «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Բանակը Տէր Զօրի մէջ ինքնապաշտպանութեան համար առնուազն մէկ օդային յարձակում գործեց»:
Սուրիական «Անպա» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց. «Ամերիկեան օդուժը քիւրտ զինեալներու եւ սուրիական բանակի շփման գիծի շրջաններուն վրայ յարձակումներ գործեց»: