Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  ՖԻՆԻՒԼ-ի Թիրախաւորումն  Ու Միջազգային Արձագանգումը

Ակնարկ. ՖԻՆԻՒԼ-ի Թիրախաւորումն Ու Միջազգային Արձագանգումը

Հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան ուժերուն ուղղութեամբ արձանագրուած իսրայէլեան ոտնձգութիւնը միջազգային բողոքի ալիք բարձրացուց: Այս խնդիրը տակաւին կը շարունակուի ալիքաւորուիլ` մեղադրանքներ հնչեցնելով Իսրայէլի հասցէին: ՄԱԿ-ի կառոյցին հետ յայտնաբար Թել Աւիւի դիւանագիտութիւնը եւս խնդիրներ ունի: Կազայի պատերազմի սկզբնական շրջանին ՄԱԿ-ի մէջ Թել Աւիւի ներկայացուցիչը պահանջեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հրաժարականը: Անոր հասցէին շարունակուեցան քննադատութիւնները նոյն շրջանակներուն կողմէ: Վերջերս պաշտօնապէս Իսրայէլը «անցանկալի...

Հըզպալլա Թիրախաւորեց Հայֆայի Մէջ  Իսրայէլեան Օդային Պաշտպանութեան  Հրամանատարութեան Ռազմակայանը

Հըզպալլա Թիրախաւորեց Հայֆայի Մէջ Իսրայէլեան Օդային Պաշտպանութեան Հրամանատարութեան Ռազմակայանը

Հըզպալլա կը շարունակէ Իսրայէլի եւ անոր հիւսիսային շրջաններուն մէջ բնակեցման վայրերուն դէմ իր գործողութիւնները: Հըզպալլա երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց Հայֆայի «Քիրիաթ Իլայզեր»-ի մէջ գտնուող օդային պաշտպանութեան ռազմակայանին վրայ եւ նոյն ժամուն հրթիռակոծեց Հայֆայի հիւսիսը գտնուող Զոֆոլոն շրջանին մէջ իսրայէլացի զինուորներու հաւաքավայրերը: Առաւօտեան ժամը 7:20-ին Հըզպալլայի մարտիկները արդէն հեռակառավարուող հրթիռով ուղղակի հարուած հասցուցած էին Իպատ...

Իսրայէլեան Ուժերը Դարձեալ  Թիրախաւորեցին ՖԻՆԻՒԼ-ը

Իսրայէլեան Ուժերը Դարձեալ Թիրախաւորեցին ՖԻՆԻՒԼ-ը

Իսրայէլեան բանակը երէկ թիրախաւորեց Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի սրիլանքական ջոկատի հսկողութեան աշտարակը: Սրի Լանքա յայտարարեց, որ իր զինուորներէն երկուքը վիրաւորուած են: ՖԻՆԻՒԼ յայտարարեց. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, վտանգաւոր զարգացում է»` ընդգծելով. «Խաղաղապահ զինուորներու վրայ որեւէ դիտաւորեալ յարձակում միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի վտանգաւոր խախտում է»: ՖԻՆԻՒԼ մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ իր անդամներէն երկուքը վիրաւորուած...

Հանդիպում` Հայկական Երեսփոխանական  Եւ Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքներուն Միջեւ

Հանդիպում` Հայկական Երեսփոխանական Եւ Ժողովրդավարական Հանդիպում Պլոքներուն Միջեւ

Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին խորհրդակցութիւնը յատկացուած էր երկրին մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին, գաղթականական ալիքին եւ ներլիբանանեան քաղաքական դաշտի մթնոլորտին: Հանդիպումի աւարտին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի յայտարարեց, որ համատեղ քննարկումի ընթացքին արծարծուած են հետեւեալ կէտերը. ա.- Զօրակցութիւն խորհրդարանի նախագահին նախաձեռնութեան` հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան օրակարգը...

Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած

Մեր Ուշադրութիւնը Դէպի Հայ Դպրոց Ուղղենք, Որպէսզի Հայ Դպրոցով Կարենանք Դէպի Վեր Մղել Վայրէջք Ապրող Մեր Կեանքին Ընթացքը

Այսօր Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է: Աւանդաբար այս օրը հայ դպրոցին համար մեծ համախմբումի ու ոգեւորութեան առիթ է: Արդարեւ, այսօր նուիրումի ուխտով քով քովի կը հաւաքուին դաստիարակ ու աշակերտ, որպէսզի հայ դպրոցի երդիքին տակ իրագործեն 5-րդ դարուն սկիզբ առած մեր ազգի լուսաւորութեան սրբազան այն աշխատանքը, որուն հեղինակները հանդիսացան Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ հայրապետ ու իրենց աշակերտները: Այս առթիւ գէթ մեր...

Իսրայէլ 3-րդ Անգամ Ըլլալով Յարձակում  Գործեց Մայրաքաղաք Պէյրութի Վրայ

Իսրայէլ 3-րդ Անգամ Ըլլալով Յարձակում Գործեց Մայրաքաղաք Պէյրութի Վրայ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ գիշեր յարձակում գործեց Պէյրութի Նուէյրի շրջանին վրայ: Նուէյրիի վրայ յարձակումը Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու սկիզբէն ի վեր մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ 3-րդ յարձակումն է: Նախորդները Քոլայի եւ Պաշուրայի վրայ եղած էին: Յարձակումը շէնքի մը վրայ էր, որ մեծապէս վնասուեցաւ: «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ արձանագրուած է առնուազն 2 զոհ եւ 9 վիրաւոր: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ Պէյրութի...

Մոսկուան Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բողոքագիր Յղած Է` Հայկական Պատուիրակութեան Պուչա Այցելութեան Հարցով

Զախարովա. «ՔՈՓ29-ի Նիւթին Շուրջ Ազրպէյճանի Վրայ Ճնշում Գործադրելու Արեւմտեան Ուժերու Փորձերը Անօգուտ Են Եւ Աննախադէպ»

«Այնպիսի տպաւորութիւն ունիմ, որ ամերիկացի քոնկրեսականները, կը հասկնամ, որ անոնք գումար կը ստանան իրենց միջազգային լոպիինկին համար, անոնք ատիկա չեն թաքցներ, սակայն ինծի կը թուի, որ անոնք ընելիք ունին», 9 հոկտեմբերին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Ան այս ձեւով պատասխանած է ազրպէյճանցի լրագրողին, որ չափազանց դժգոհութիւն արտայայտած էր Պաքուի մէջ գումարուելիք ՔՈՓ29 Կենսոլորտային...

ՀՅԴ-ի Անդամ Սարինէ Աբրահամեան  Ընտրուեցաւ ԸԵՄՄ-ի Ընդհանուր Քարտուղար

ՀՅԴ-ի Անդամ Սարինէ Աբրահամեան Ընտրուեցաւ ԸԵՄՄ-ի Ընդհանուր Քարտուղար

Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը (ԸԵՄՄ) նոր ընդհանուր քարտուղար ընտրեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ եւ ԸԵՄՄ-ի նախկին փոխնախագահ Սարինէ Աբրահամեանը: Աբրահամեան կը յաջորդէ Պրունօ Կոլսալվեսին, Փորթուգալի Ընկերվարական կուսակցութեան անդամ, որ սոյն պաշտօնէն իր հրաժարականը ներկայացուցած էր Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուելէն ետք: Սարինէ Աբրահամեան երկար տարիներ ԸԵՄՄ-ի մէջ գործունեայ անդամ եղած է, եւ 2021 թուականին ընտրուած է ԸԵՄՄ-ի փոխնախագահ եւ Սեւծովեան շրջանի...

Օքամփօ. «Պէտք Է Պայքարինք ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ,  Ապա Շարունակենք Պայքարը Խորհրդաժողովէն Ետք,  Որովհետեւ Միայն Լեռնային Ղարաբաղն Ու Ռուբէնը Չեն,  Որոնք Վտանգուած Են. Հայաստանի  Հանրապետութիւնը Ինքը Վտանգի Տակ Է»

Օքամփօ. «Պէտք Է Պայքարինք ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ, Ապա Շարունակենք Պայքարը Խորհրդաժողովէն Ետք, Որովհետեւ Միայն Լեռնային Ղարաբաղն Ու Ռուբէնը Չեն, Որոնք Վտանգուած Են. Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ինքը Վտանգի Տակ Է»

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին ընդհանուր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ «Եու.Ու.Սի.Դիլիջան» դպրոցի 10-ամեակի ձեռնարկին մասնակցելու ընթացքին պատասխանելով «Նիուզ»-ի հետ հարցումներուն յայտնած է. «Ռուբէն Վարդանեանն ու Արցախի միւս ղեկավարները կը գտնուին Պաքուի բանտին մէջ, որովհետեւ ցեղասպանութեան զոհ են: Ատիկա ուղերձ է Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ ժողովուրդին. «Եթէ վերադառնաք, մենք պիտի յարձակինք ձեր վրայ»: Եւ ասիկա վշտալի է, որովհետեւ ճիշդ այսպէս սկսաւ 1915 թուականի...

Սպիտակ Տունը Պայտըն-Նեթանիահու  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը  Կը Նկատէ «Ուղղակի Եւ Արդիւնաւէտ»

Սպիտակ Տունը Պայտըն-Նեթանիահու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը Կը Նկատէ «Ուղղակի Եւ Արդիւնաւէտ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չորեքշաբթի գիշեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ: Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ զրոյցին միացած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս: Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարըն Ժան-Փիեռ լրագրողներուն յայտնեց, որ զրոյցը 30 վայրկեան տեւած է եւ «շարք մը հարցեր» ներառած: Ան նշեց, որ զրոյցը «ուղղակի եւ արդիւնաւէտ էր», եւ անոր մեծամասնութիւնը տրամադրուած...

Ակնարկ.  Անգարայի Ամբաստանութիւնները  Իսրայէլին Եւ Ուղերձները Իրանին

Ակնարկ. Անգարայի Ամբաստանութիւնները Իսրայէլին Եւ Ուղերձները Իրանին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 7 հոկտեմբերի միամեակին առիթով յայտարարեց, որ Իսրայէլ «պիտի վճարէ գինը ցեղասպանութեան, որ կը գործէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ»: Շարունակելով ամբաստանողական այս յայտարարութիւնները, Թուրքիոյ նախագահը սիոնական ահաբեկչական խմբաւորում նկատեց Իսրայէլի պետութիւնը: Դժուար է նման գնահատականէ ետք պատկերացնել երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու շարունակութիւն, կամ ընդհանրապէս տարբեր բնոյթի համաձայնագիրները ուժի մէջ պահելու իրականութիւն: Պատերազմը յայտարարողական է առ այժմ...

Բագրատունի. «Բոլորս Հրաւիրուած Ենք  Միախմբուելու` Փրկելու Համար Լիբանանը,  Որուն Ճակատագիրն Ու Ապագան Վտանգուած Են»

Բագրատունի. «Բոլորս Հրաւիրուած Ենք Միախմբուելու` Փրկելու Համար Լիբանանը, Որուն Ճակատագիրն Ու Ապագան Վտանգուած Են»

Բոլորս հրաւիրուած ենք միախմբուելու` փրկելու համար Լիբանանը, որուն ճակատագիրն ու ապագան այլեւս վտանգուած են: Այս մասին «Մատա» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: «Լիբանանի վրայ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմէն ետք բոլորս հրաւիրուած ենք միախմբուելու` հեռու մնալով Հըզպալլայի Կազային թիկունք կանգնելուն վերաբերեալ դիրքորոշումներէն, որովհետեւ ասիկա ո՛չ Դիմադրութեան դէմ պատերազմ է, ո՛չ ալ...

Հըզպալլա Շարունակեց Հրթիռակոծել Հայֆան  Եւ Դարձեալ Հարուածեց Դէպի Լապպունէ  Յառաջանալ Փորձող Իսրայէլեան Ուժ Մը

Հըզպալլա Շարունակեց Հրթիռակոծել Հայֆան Եւ Դարձեալ Հարուածեց Դէպի Լապպունէ Յառաջանալ Փորձող Իսրայէլեան Ուժ Մը

Հըզպալլա երէկ յայտարարեց, որ երկրորդ օրն ըլլալով դէմ կանգնած է դէպի հարաւային Լիբանանի Լապպունէ շրջան յառաջանալ փորձող իսրայէլեան ուժի մը եւ հրթիռակոծած է Հայֆան: Հըզպալլա նշեց, որ դէպի Լապպունա յառաջանալ փորձող ուժը ուղղակի հարուածներ ստանալէ ետք նահանջած է: Աւելի ուշ, այլ խումբ մը դարձեալ փորձած է նոյն ուղղութեամբ յառաջանալ: Հըզպալլայի մարտիկները անոր շարքերուն մէջ պատճառած են զոհեր եւ վիրաւորներ: Իսրայէլեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպեցաւ  Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ռազմական  Հարցերու Յանձնախումբի Ատենապետը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ռազմական Հարցերու Յանձնախումբի Ատենապետը

Երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2024-ին, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ռազմական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ ծերակուտական Ժաք Ռիտին: Հանդիպման ներկայ էին երեք երեսփոխաններ: Հանդիպման ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր համայնքներուն եւ ամերիկեան հասարակութեան մէջ անոնց ունեցած դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու Լիբանանի ներկայ...

Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Մը Կը Զգուշացնէ.  «Ծոցի Երկիրները Պէտք Չէ Իրենց Օդային  Տարածքի Իրանի Դէմ Օգտագործումը Արտօնեն,  Այդպիսի Քայլ Մը Պատասխանի Պիտի Արժանանայ»

Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Մը Կը Զգուշացնէ. «Ծոցի Երկիրները Պէտք Չէ Իրենց Օդային Տարածքի Իրանի Դէմ Օգտագործումը Արտօնեն, Այդպիսի Քայլ Մը Պատասխանի Պիտի Արժանանայ»

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը հաղորդեց, որ Թեհրան Ծոցի արաբական երկիրներուն յայտնած է, որ իրենց օդային տարածքի Իրանի դէմ օգտագործման արտօնութիւնը անընդունելի պիտի ըլլայ եւ այդ ուղղութեամբ որեւէ քայլ պատասխանի պիտի արժանանայ: Ան այս մասին զգուշացուցած է, մինչ գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ Իսրայէլ պիտի հակադարձէ պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէի Թեհրանի մէջ ահաբեկման եւ Պէյրութի մէջ Հըզպալլայի...

Հարաւային Լիբանանէն Հայֆայի  Եւ Անոր Ծոցին Վրայ Մեծագոյն Յարձակումը

Հարաւային Լիբանանէն Հայֆայի Եւ Անոր Ծոցին Վրայ Մեծագոյն Յարձակումը

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հարաւային Լիբանանէն երկու հերթով 105 հրթիռներ արձակուած են հիւսիսային Իսրայէլի վրայ, մասնաւորաբար Հայֆա քաղաքին ու Գալիլիոյ բնակեցման վայրերուն վրայ: Հրթիռարձակումը կատարուեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի պատկերասփռուած ուղերձէն վայրկեաններ ետք: Անիկա, ըստ իսրայէլեան բանակին, Հայֆա քաղաքը թիրախաւորած մեծագոյն հրթիռային յարձակումն էր: Իսրայէլեան ներքին ճակատը յայտարարեց Աքքայի հարաւը գտնուող Քաֆար Մասրիք գիւղին, Քիրիաթ Մացուքինի եւ...

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Հարաւի Մէջ  Ցամաքային Ճակատամարտը Սկսաւ»

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Հարաւի Մէջ Ցամաքային Ճակատամարտը Սկսաւ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութենէն ետք իր 2-րդ պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտնեց. «Սիոնական գոյացութեան եւ անոր կողքին Ամերիկայի մեծ համախմբումը մեր վրայ ճնշում բանեցնելու համար է, որպէսզի վախնանք, սակայն պիտի չվախնանք»: «Անկարող եմ նկարագրել մեր վիճակը առանց մեր նահատակ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, սակայն անոր ուժէն կը ներշնչուինք», ըսաւ...

Նեթանիահու. «Նասրալլան Եւ Անոր Յաջորդը`  Հաշեմ Սաֆիէտտինը Ահաբեկեցինք»

Նեթանիահու. «Նասրալլան Եւ Անոր Յաջորդը` Հաշեմ Սաֆիէտտինը Ահաբեկեցինք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն յայտարարեց. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան, անոր յաջորդը` Հաշեմ Սաֆիէտտինը եւ ան որ անոնց պիտի յաջորդէ, ահաբեկեցինք»: «Հըզպալլան աւելի քան երբեւէ տկարացաւ», աւելցուց ան: Իսրայէլի վարչապետը իր խօսքը լիբանանցիներուն ուղղելով յայտնեց. «Իսրայէլ ձեր երկիրը չի թիրախաւորեր, այլ` Իրանը»: Ան լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` Իրանի գործակատարներուն չարտօնելու իրենց ապագան քանդել` աւելցնելով. «Ձեր երկիրը Հըզպալլայէն ազատագրեցէ՛ք»:

Իրանեան Թիրախներու Հարուածում  Յիշեցնող Իսրայէլեան Ռազմափորձեր

Իրանեան Թիրախներու Հարուածում Յիշեցնող Իսրայէլեան Ռազմափորձեր

Իսրայէլեան օդուժը Միջերկրական ծովուն վրայ կատարեց ռազմափորձեր` երկար թռիչքներ կատարելու, թռիչքի ընթացքին վառելանիւթ ստանալու եւ հեռաւոր թիրախներ հարուածելու: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ նշեալ վարժանքները իրանեան ռազմակայաններ հարուածելու պատրաստութեան ծիրին մէջ են: «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին յայտնեց, որ հաւանական է, որ Իսրայէլ, եթէ յարձակում շղթայազերծէ, կեդրոնանայ իրանեան ռազմակայաններու եւ հետախուզական կեդրոններու վրայ` այլ ժամանակի յետաձգելով հիւլէական կառոյցներուն վրայ յարձակումները:...

Զախարովա. «Հայաստանի Պաշտօնատարներու  Յայտարարութիւնները Նոր Խնդիրներ Կը Բերեն  Երկկողմանի Յարաբերութիւններուն Մէջ Եւ Վստահաբար  Չեն Նպաստեր Շրջանային Խնդիրներու Լուծման»

Զախարովա. «ՕԹԱՆ-ը Կ՛ուզէ Պղտոր Ջուրի Մէջ Ձուկ Որսալ. Պաքուն Եւ Շրջանի Միւս Երկիրները Ատիկա Լաւ Գիտեն»

Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը աշխուժօրէն կը համագործակցին բոլոր ոլորտներուն մէջ` մեկնելով ոչ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, այլ նաեւ շրջանային խնդիրներու լուծման կարեւորութենէն: Այս մասին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ: «Մենք կը տեսնենք հաւաքական Արեւմուտքի երկիրներու` ՕԹԱՆ-ի պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու, իսկ մինչ...

Page 140 of 796 1 … 139 140 141 … 796

Արխիւներ