Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար. «Մեր Գործընկերներուն Հետ Աշխատանք Կը Տանինք Սուրիոյ Մէջ Մարտական Գործողութիւններուն Վերջ Տալու»

Դեկտեմբեր 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի երէկ յայտնեց. «Տոհան շրջանին մէջ իր գործընկերներուն հետ աշխատանք կը տանի Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններուն վերջ տալու»:

Քաթարեան լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Անսարի յայտնած է. «Կ՛ընդգծենք, որ Սուրիոյ մէջ գոյանայ համապարփակ լուծում մը, որ հիմնուած ըլլայ միջազգային որոշումներու վրայ»:

Թրքական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ ուրբաթ օր Տոհայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ասթանայի հոլովոյթի մասնակից երկիրներ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ ժողով մը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտնեց, որ Մոսկուան կը սերտէ Ասթանայի ձեւաչափով ժողովի մը գումարման հարցը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը քայլեր պիտի որդեգրէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան` ՔԱԿ-ի Սուրիոյ դէպքերու շահագործումը կանխարգիլելու համար:

Ան Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց Սուրիոյ միասնականութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Անգարան այս հարցով Պաղտատի հետ համակարծիք է:

«Սուրիան պէտք է ներգրաւուի քաղաքական լուրջ հոլովոյթի մէջ` կանխարգիլելու համար կացութեան վատթարացումը», ըսաւ Էրտողան:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը մտահոգիչ է:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ լուծումը քաղաքական է եւ ոչ թէ զինուորական:

Զաքի ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացումը քաղաքական աշխատանքի ճամբով է եւ լուծումը զինուորական չէ:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը նշեց, որ Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձը յարմար պահուն տեղի ունեցաւ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրան Սուրիա ուժեր ուղարկելու մասին պիտի մտածէ, եթէ Դամասկոս ատիկա խնդրէ»:

Սուրիոյ բանակը երէկ շարունակեց Հալէպի, Իտլիպի եւ Համայի շրջաններուն մէջ զինեալ խմբաւորումներու յարձակումներուն դիմակայումը:

Սուրիական եւ ռուսական օդուժները երէկ միասնաբար օդային յարձակումներ գործեցին Իտլիպի գիւղական շրջանին եւ Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ ահաբեկիչներու դիրքերուն ու շարժումներուն վրայ:

Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Տէր Զօր քաղաքի մերձակայքի եւ Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ «ահաբեկիչներու շարքերուն մէջ արձանագրուեցան տասնեակներով զոհեր եւ վիրաւորներ»:

ՍԱՆԱ նաեւ հաղորդեց. «Սուրիական բանակի ուժերը Համայի գիւղական շրջանին մէջ զինեալ խմբաւորումներուն հետ բուռն բախումներ կ՛ունենան»:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակի դէպի Հալէպի հարաւային գիւղական շրջաններ յառաջխաղացքին հետեւանքով զինեալ խմբաւորումներու Խանասեր-Ասրիա ճամբուն վրայ դիրքերը զգայացունց քայքայումի ենթարկուած են:

«Մայատին»-ի համաձայն, բանակը կը յառաջանայ Սֆէյրայի ուղղութեամբ եւ արագօրէն կը յառաջանայ Հալէպ նահանգի գիւղական շրջաններուն խորքը:

Հալէպէն աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ քաղաքին մէջ զինեալներու կողքին կը գտնուին ուքրանացի զինեալներ:

Սուրիական բանակը յայտարարեց, որ վերստին իր վերահսկողութեան տակ առած է Համա նահանգի գիւղական շրջանին մէջ Մհարտեթ Սքայլապիէ ճամբուն վրայ գտնուող գիւղերը` Քարնազը, Թել Մըլըհը, Ժալման, Ժպինը, Հիալինը եւ Շէյխ Հատիտը:

Նախորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Հարուածեց Ինքնաշարժ Մը` Դամասկոսի Օդակայանի Ճամբուն Վրայ

Յաջորդը

«9 Յունուար 2025-ը Քաղաքական Կողմերուն Առիթ Մըն Է Նախագահի Անունին Շուրջ Համաձայնելու Եւ Երկրին Մէջ Մեր Տագնապին Համապարփակ Լուծումի Հասնելու» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?