Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Բանակը Կը Յայտարարէ, Թէ Հալէպի Մէջ Ասատի Ճարտարապետութեան Ակադեմիայի Ուսանողներուն Պաշարումը Խզած Է

December 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ Հալէպի մէջ «Ասատի ճարտարապետութեան ակադեմիա»-ի ուսանողներու պաշարումը խզած է եւ ապահոված անոնց դուրս գալն ու անվտանգ Հոմս քաղաք հասնիլը, որպէսզի անոնց շարքերուն մէջ արձանագրուած վիրաւորներուն պէտք եղած դարմանումը ցուցաբերուի:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ատիկա իրագործուած է ռուսական միջնորդութեամբ: Սուրիական բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը նշեց, որ ատիկա իրագործուած է ռուս-սուրիական զինուորական-քաղաքական միացեալ համակարգումի ճամբով:

Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ ուսանողները յաջողած են Հալէպի վրայ զինեալներու յարձակումի առաջին պահէն իսկ տոկալ ու ակադեմիան պաշտպանել: Անոնք յաջողած են դուրս գալ, սակայն անգամ մը եւս պաշարուած են Սֆէյրա շրջանի Ուահա գիւղին մէջ:

Հրամանատարութիւնը աւելցուց, որ ուսանողներու եւ սպաներու շարքերուն մէջ արձանագրուած են զոհեր ու վիրաւորներ:

Սուրիական բանակը հաղորդեց, որ յաջողած է զինեալ խմբաւորումները Համա քաղաքի թաղերէն աւելի քան 20 քիլոմեթր հեռացնել: Զինեալները նահանջած են դէպի Համայի հիւսիսարեւմտեան գիւղական շրջան: Սակայն, ըստ Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանին, «զինեալ խմբաւորումները կը գտնուին Համայի դարպասներուն առջեւ»:

Դիտարանը երեքշաբթի երեկոյեան «Հատաս»-ին յայտնած էր. «Զինեալ խմբաւորումները կը գտնուին Համա քաղաքէն նուազ քան 5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ»: Թրքական լրատուամիջոցներն ալ հաղորդած էին, որ անոնք երեք առանցքներէ կը յառաջանան դէպի Համա քաղաքի կեդրոն:

«Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, «զինեալ խմբաւորումները Համայի գիւղական շրջանին մէջ կը փորձեն դէպի ռազմավարական դիրք ունեցող Ժապալ Զէյն Ապիտին յառաջանալ»: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ այդ փորձը ձախողած է:

Միւս կողմէ, սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը յայտարարեց. «Քրտական ժողովրդային պաշտպանութեան ջոկատներու զինեալներու 80 առ հարիւրը Հալէպէն մեկնեցաւ Ռաքքա նահանգ»:

ՄԱԿ–ի Մօտ Սուրիոյ Մնայուն Ներկայացուցիչ.
«
Ահաբեկչական Յարձակումը
Թուրք–Իսրայէլեան Միացեալ Հրամանով Էր»

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Քուսայ Տահաք յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ վրայ զինեալներու յարձակումը կարելի չէր գործել առանց թուրք-իսրայէլեան միացեալ «կանաչ լոյս»-ի եւ գործողութեան հրամաններու, որոնց ճամբան հարթեցին Սուրիոյ հողերուն վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները:

Ան երեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ լսումի նիստի ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկչական յարձակումը զուգադիպեցաւ հիւսիսային սահմաններէն ահաբեկիչներու ներհոսքին եւ անոնց տրամադրուող արտաքին աջակցութեան աշխուժացման, որուն ծիրին մէջ անոնց մատակարարուեցան ծանր զէնքեր, անօդաչու թռչող սարքեր եւ արդիական հաղորդակցութեան կապեր:

Տահաք ըսաւ, որ յարձակումին տարողութիւնն ու ծաւալը յստակ կը դարձնեն շրջանային ու միջազգային կողմերէ տրամադրուած աջակցութիւնը: «Սուրիան Թահրիր Շամ խմբաւորման եւ առնչակից գոյացութիւններուն աջակցող պետութիւնները ամբողջական պատասխանատու կը նկատէ այս յարձակումին ու անոր առնչուած հետեւանքներուն», նշեց ան:

ՄԱԿ–ի Մօտ Ռուսիոյ Ներկայացուցիչ. «Ահաբեկիչները
Միացեալ Նահանգներու Եւ Անոնց
Դաշնակիցներէն Աջակցութիւն Կը Ստանան»

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեփենզիա յայտնեց, որ Սուրիա գտնուող ահաբեկիչները «Միացեալ Նահանգներէն եւ անոնց դաշնակիցներէն աջակցութիւն կը ստանան»:

Ան յիշեցուց, որ Մոսկուան Ապահովութեան խորհուրդին մէջ բազմիցս խօսեցաւ ներկայութեանը մասին ուքրանացի զինուորականներու եւ հետախուզութենէն խորհրդատուներու, որոնք սարքերով օժտած ու մարզած են Թահրիր Շամի ուժերը, որոնք Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական կ՛որակուին:

Չինաստանի ներկայացուցիչ Ֆու Քոնկ իր կարգին յայտնեց, որ 27 նոյեմբերէն ի վեր զինեալներուն շղթայազերծած յարձակումները «ականահարեցին այն կայունութիւնը, որ վերջին տարիներուն կը տիրէր Սուրիոյ մէջ»:

Ան ըսաւ, որ ահաբեկչութիւնը միջազգային ընտանիքին մէջ բոլորին հասարակաց թշնամին է` նշելով, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է հրաժարի երկակի չափանիշերէն:

ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը յայտնեց. «Ընդդիմութեան հետ քաղաքական հոլովոյթի սկսելու առումով Դամասկոսի տատամսումը բռնարարքներու վերադարձին ճամբան հարթեց»:

«Ասթանայի համաձայնութիւններու ոտնահարումը Սուրիոյ մէջ կացութեան նահանջ արձանագրելուն յանգեցուց», նշեց ան:

Սուրիոյ մէջ կացութեան քննարկման յատկացուած նիստի ընթացքին բանավէճ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռապըրթ Ուուտի եւ Սուրիոյ ներկայացուցիչ Քուսայ Տահաքի միջեւ: Վերջինս Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչին յայտնեց. «Սուտերը օգուտ պիտի չտան»` Ուաշինկթընը մեղադրելով սուրիացի ժողովուրդը գողնալու յանցանքով:

 

 

Նախորդը

Քրեմլին. «Փութին Էրտողանին Յայտնեց, Որ Պէտք Է Դադրեցնել Սուրիական Պետութեան Վրայ Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Յարձակումը»

Յաջորդը

Ակնարկ Ասթանայէն Տոհա` Նոր Իրավիճակով

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.