Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարհ. «Հայըաթ Թահրիր Շամը Միջազգային Կազմակերպութիւններու Հետ Կ՛աշխատի Ապահովելու Այն Վայրերը, Ուր Կրնան Քիմիական Զէնքեր Ըլլալ»

December 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական ընդդիմութեան ղեկավար Ահմետ Շարհ, որ նախապէս ծանօթ էր Ապու Մոհամետ Ժուլանի անունով, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան իր յղած գրաւոր հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Սուրիոյ պաշտօնազրկուած նախագահ Պաշշար Ասատի ապահովական մարմինները պիտի լուծարուին»:

Շարհ նաեւ նշեց, որ իր ղեկավարած Հայըաթ Թահրիր Շամը, որ ներկայիս Սուրիոյ տարածքներուն մեծամասնութեան կը տիրէ, միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կ՛աշխատի ապահովելու այն վայրերը, ուր կրնան քիմիական զէնքեր ըլլալ:

Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու վարչութիւնը յայտնեց. «Որեւէ անհատական վարմունք, որ ցուցմունքներուն համահունչ չէ, մեզ չի ներկայացներ, եւ ամենայն վճռականութեամբ ու խստութեամբ անոր դէմ պիտի դնենք»:

«Բոլոր յեղափոխականներուն կը յորդորենք յարգելու անհատներուն եւ կալուածներուն վրայ յարձակում չգործելու ցուցմունքները», նշեց վարչութիւնը:

Սուրիական քաղաքական հարցերու վարչութեան բանբեր Օպէյտա Առնաութ յայտարարեց, որ երեք ամսուան տեւողութեամբ փոխանցման ժամանակաշրջանի ընթացքին սահմանադրութիւնն ու խորհրդարանի աշխատանքները պիտի սառեցուին: Ան այս մասին յայտնեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:

Սուրիոյ Ռազմական գործողութիւններու վարչութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ կարգ մը երկիրներ, ինչպէս` Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան, Իրաքը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Պահրէյնը, Յորդանանը, Օմանը եւ Իտալիան պիտի վերսկսին Դամասկոսի մէջ իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխատանքը:

Աւելի քան 50 տարիէ ի վեր Սուրիոյ իշխած Պաաս կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ «ցնոր տնօրինութիւն» կ՛առկախէ իր կուսակցական աշխատանքը:

Կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Իպրահիմ Հատիտ յայտնեց. «Կուսակցութեան կեդրոնական ղեկավարութիւնը որոշեց ցնոր տնօրինութիւն առկախել ամէն տեսակի եւ ոլորտի մէջ կուսակցական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ բոլոր մեքենաներն ու զէնքերը յանձնել ներքին գործոց նախարարութեան, եւ կուսակցութեան բոլոր կալուածներն ու գումարները կը դնէ ելեւմուտքի նախարարութեան վերահսկողութեան տակ, որպէսզի զետեղուին Սուրիոյ կեդրոնական դրամատան մէջ»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, մէջբերելով նաւերու տեղեկագիրներն ու արբանեակային լուսանկարներ, հաղորդեց. «Պաշշար Ասատի տապալումէն ի վեր Սուրիոյ Թարթուս նաւահանգիստին մէջ ռուսական աշխատանքը դադրեցաւ»:

Նշենք, որ ուքրանական զինուորական հետախուզութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերը Թարթուսի նաւահանգիստէն իրենց երկու մարտանաւերը հեռացուցած են, եւ ռուսական օդանաւեր Հմէյմիմ օդուժի ռազմակայանին ճամբով հեռացուցած են «մնացեալ զէնքերն ու զինուորական սարքերը»:

«Ժազիրա» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու թրքական հետախուզութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավարը ներառող թրքական պատուիրակութիւն մը երէկ հասած է Դամասկոս:

 

Նախորդը

Օսթին Իսրայէլին Սուրիոյ Հարցով Սերտ Խորհրդակցութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Յաջորդը

Պայրամով. «Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի Վերջին Որոշումը Առաւել Եւս Բարդացուցած Է Հարցը»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.