Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին հետ կէս ժամ տեւած հանդիպումէ ետք յայտարարեց, որ պապին յայտնած է. «Ազգային միասնականութիւնը, հակառակ բոլոր պայմաններուն ու զարգացումներուն, տակաւին մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին յատկութիւնն է»: Ան շեշտեց իրենց «կառչածութիւնը համակեցութեան, շրջանին մէջ Լիբանանի առաքելութեան դերին, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական ներկայութեան, որ Լիբանանի, հողին ու ժողովուրդին միասնականութեան երաշխիքն է»:
Միքաթի յայտնեց, որ պապին հետ արծարծած է շարք մը նիւթեր, որոնց շարքին` Իսրայէլի մէջ լիբանանցի գերիներու հարցը, լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան արագ հեռացման համար ճնշում բանեցնելը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումները:
Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար Փիեթրօ Փարոլին կարտինալին հետ, որ նշեց. «Մենք տարիներէ ի վեր կոչ կ՛ուղղենք` հանրապետութեան նախագահ ընտրելու, եւ կը մաղթենք, որ ատիկա տեղի ունենայ ճշդուած ժամկէտին: Յուսանք, որ նոր նախագահը ըլլայ կարող նախագահ մը, որ սահմանադրութեան երդիքին տակ միախմբէ լիբանանցիները»:
«Վատիկանը միջազգային բեմահարթակներու վրայ Լիբանանի աջակցութեան ջանքեր կը թափէ», շեշտեց կարտինալը:


