Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի յայտնեց. «Կը հետեւինք Ռաքքայի մէջ ցաւալի դէպքերուն, եւ որեւէ մագլցում միայն խաղաղութեան թշնամիներուն կը ծառայէ»:
«Սուրիացիներուն թշնամին տապալեցաւ, եւ ոճրագործ վարչակարգի տապալումով մեր խնդիրները երկխօսութեամբ լուծելու ճամբան բաց դարձաւ», ըսաւ Ապտի:
«Ազգային համապարփակ երկխօսութիւնն է սուրիացիներուն արդարութեան եւ խաղաղութեան ձգտումներու իրագործման ուղին», յայտնեց ան:
Սուրիական աղբիւրներ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած են. «Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ահմետ Շարհ, որ ծանօթ է Ապու Մոհամետ Ժուլանի անունով, մտադիր է իր թեկնածութիւնը առաջադրել Սուրիոյ մէջ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան, որ կրնայ տեղի ունենալ փոխանցման փուլի կացութեան դասաւորումէն, իշխանութեան ձեւին շուրջ համաձայնելէ եւ երկրին նոր սահմանադրութեան ճշդումէն ետք»:
Աղբիւրները նշեցին. «Ժուլանի մտադիր էր պահել Մոհամետ Ժալալիի` Պաշշար Ասատի վարչակարգի ժամանակաշրջանի վերջին վարչապետին կառավարութիւնը, սակայն Տարաայի մէջ տեղակայուած այսպէս կոչուած 8-րդ զօրամասի ղեկավար Ահմետ Աուտան մերժեց: Անոր զինեալները առաջիններն էին, որ Դամասկոս հասան: Այս բեմագրութիւնը պատճառ դարձաւ Իտլիպի մէջ իշխող Մոհամետ Պաշիրի ղեկավարութեամբ փրկութեան կառավարութիւնը բերելով զայն Սուրիոյ մէջ երեք ամսուան տեւողութեամբ իբրեւ առժամեայ կառավարութիւն նշանակման»:
Սուրիական նոր վարչութեան ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհ սուրիացիներուն կոչ ուղղեց` «փողոց դուրս գալու տօնելու համար յեղափոխութեան յաղթանակը, որմէ ետք ուղղուինք այս երկրի կառուցման»:
Միւս կողմէ, Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆան, որ կը նախագահէ Ծոցի վեհաժողովի ներկայ նիստին, ներկայիս Դամասկոսի մէջ նոր իշխանութիւնը ղեկավարող Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ապու Մոհամետ Ժուլանիին յղեց նամակ մը` իր երկիրին պատրաստակամութիւնը յայտնելով Սուրիոյ հետ «համակարգում» կատարելու:
Պահրէյնի թագաւորը իր նամակին մէջ յայտնեց. «Մենք պատրաստ ենք շարունակելու եղբայրական Սուրիոյ հետ խորհրդակցութիւնն ու համակարգումը, եւ աջակցելու շրջանային ու միջազգային կազմակերպութիւններուն` իրագործելու համար այն, ինչ որ կը բխի եղբայրական սուրիացի ժողովուրդի շահերէն»: