Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջկուսակցական Ժողովը Կը Վերաշեշտէ Նոր Կացութիւնները Միասնաբար Դիմակայելու Որոշումը

December 14, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի մարմիններու ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 2024-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ողջունեցին Լիբանանի մէջ զինադուլի հաստատումը եւ  շեշտեցին, որ պատերազմի ընթացքին կուսակցութիւններու համատեղ խորհրդակցական հանդիպումներով ճշդուած աշխատանքի ուղեցոյցին հիման վրայ հայ յարանուանական եւ բարեսիրական միութիւններու համակարգուած օժանդակութեան  աշխատանքները եղած են արդիւնաւէտ։ Այդ աշխատանքները համարժէք արձագանգ գտած են հայկական թաղամասերու եւ շրջաններու մերձակայքը հաստատուած գաղթականները ներկայացնող մարմիններու կողմէ։

Ապա ժողովը յատուկ օրակարգով քննարկեց Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները, արձանագրեց անոնց շատ արագ ընթացքին հետեւանքով ստեղծուած նոր իրավիճակը եւ անոր ներքեւ Հալէպի, Դամասկոսի, հիւսիսային շրջանի եւ Քեսապի հայութեան վերաբերող հարցերը։

Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող ռազմաքաղաքական գործընթացի վերլուծումը կատարելով՝ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները մտահոգութիւն յայտնեցին թրքական դերակատարութեան ծաւալման, անոր ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման առումներով։ Լուսարձակի տակ առնուեցան Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի շահերու համընկնումի բազմաթիւ երեւոյթներ եւ իրադարձութիւններ։

Վերադառնալով լիբանանեան օրակարգին՝ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հաստատեցին, որ 9 յունուարը պէտք է դառնայ  հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան օր։ Քննարկելով Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններու հաւանական ազդեցութիւնները Լիբանանի վրայ՝ ժողովը վերստին ընդգծեց հայ քաղաքական-հասարակական դաշտին մէջ նոր իրավիճակներու կողմէ ստեղծուած մարտահրաւէրները միասնական ճիգերով եւ համակարգուած աշխատանքով դիմակայելու հրամայականները։

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Միքաթի. «Կառչած Կը Մնանք Համակեցութեան, Շրջանին Մէջ Լիբանանի Առաքելութեան Դերին Եւ Քրիստոնէական Ներկայութեան»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 183-ի Լուծում

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.