Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը տակաւին անկայուն եւ անկանխատեսելի է»:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները պէտք է հեռանան Սուրիայէն:
Եւրոպացի դիւանագէտներ գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթին յայտնեցին. «Եւրոպական Միութեան կողմէ ահաբեկչական որակուած Հայըաթ Թահրիր Շամի դիրքորոշումը այլեւս աւելի չափաւոր է»:
Եւրոպական Միութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրաթերթին նշած է. «Սուրիական նոր ղեկավարութենէն կը սպասենք պաշտպանել փոքրամասնութիւնները, ինչպէս քիւրտերն ու քրիստոնեաները»:
«Կը զգուշացնենք այն վտանգէն, զոր Սուրիոյ մէջ ռուսական երկու ռազմակայանները կը ներկայացնեն», աւելցուցած է ան:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատունը այսօր պիտի վերսկսի իր աշխատանքին: Նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի նախապէս յայտարարած էր. «Քաթարեան դիւանագիտական պատուիրակութիւն մը հասաւ Դամասկոս` ամբողջացնելու համար քաթարեան դեսպանատան բացման անհրաժեշտ քայլերը»` աւելցնելով. «Մեր դիւանագիտական պատուիրակութիւնը Դամասկոսի մէջ փոխանցման կառավարութեան վերահաստատեց սուրիացի ժողովուրդին աջակցութեան նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը»:
Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպան Հիւսէյն Աքպարի յայտարարեց. «Դամասկոսի մէջ իրանեան դեսպանատունը մօտ օրէն պիտի վերսկսի իր աշխատանքին»:
«Հայըաթ Թահրիր Շամի Դամասկոս հասնելէն առաջ անծանօթներ թալանեցին Դամասկոսը, ներառեալ մեր դեսպանատունը», ըսաւ ան` նշելով. «Հայըաթ Թահրիր Շամը կ՛ապահովէ մեր դեսպանատան անվտանգութիւնը եւ խոստացաւ շարունակել Դամասկոսի մէջ մեր հիւպատոսական աշխատանքը»:
Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Գափար Վելտքամփ նշեց. «Տակաւին կանուխ է Հայըաթ Թահրիր Շամի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնելու համար, եւ ատիկա պէտք է պայմանաւորեալ ըլլայ»:
Ան նշեց. «Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ ռազմակայաններու փակումը Դամասկոսին աջակցելու համար եւրոպական պայմաններու շարքին պիտի ըլլայ»:
Սուրիոյ փոխանցման կառավարութեան վարչապետ Մոհամետ Պաշիր «Արապի» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Ունինք փորձառութիւնը Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքի, որ կրցաւ ոտքի կանգնիլ քաղաքացիներուն մատուցուած ծառայութիւններու մակարդակին վրայ»` աւելցնելով. «Անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման առումով լաւ մակարդակի հասանք»:
«Կը ձգտինք ապահովել ծառայողական համակարգ մը, որ քաղաքացիներուն կարիքները կ՛ապահովէ», ըսաւ ան` նշելով. «Փոխանցման փուլը տեւական ծառայութիւններու ապահովման ռազմավարական ծրագիրներու մշակում կը ներառէ»:
«Ստանձնեցինք դժուար կացութիւն մը հաստատութիւններու, որոնք նուազագոյն ծառայութիւնները չեն ապահովեր», յայտնեց Պաշիր` աւելցնելով. «Մեր ձեռքերը բոլորին, թէ՛ ներքին ու թէ՛ արտասահման գտնուող քատրերուն երկարած ենք»:
«Նախկին կառավարութեան պաշտօնեաները, որոնք ոճիրներու մեղսակից չեն, կը շարունակեն իրենց աշխատանքը», նշեց ան:
Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը կիրակի գիշեր Սուրիոյ Թարթուսի շրջանին վրայ գործած է 12 տարիէ ի վեր ամէնէն բուռն յարձակումը` թիրախաւորելով շարք մը զինուորական դիրքեր, ներառեալ օդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ ցամաք-ցամաք հրթիռներու պահեստանոցներ:
«Մայատին» իր կարգին հաղորդեց. «Իսրայէլ կը շարունակէ հարաւային Սուրիոյ մէջ երեք առանցքներու վրայ իր ծաւալումը»:
«Մայատին» նաեւ հաղորդեց. «Ազգային բանակի ուժերուն ու Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ Մընպեժի արեւելեան գիւղական շրջանին եւ Այն Արապի արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ բախումները վերսկսան:
Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի շրջաններուն վերահսկող քրտական ինքնակառավարման մարմինը կոչ ուղղեց «սուրիական բոլոր հողերուն վրայ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու»` պատրաստակամութիւն յայտնելով Դամասկոսի նոր իշխանութիւններուն հետ գործակցելու:
Քրտական ինքնակառավարման մարմինը Ռաքքայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կոչ ուղղեց «սուրիական բոլոր հողերուն վրայ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու` ազգային համապարփակ ու շինիչ երկխօսութեան սկսելու համար»:
Ասատ. «Նախապէս Ծրագրուած Ձեւով Չհեռացայ,
Այլ Դամասկոս Մնացի Մինչեւ 8 Դեկտեմբերի Կանուխ Առաւօտը»
Ընկերային ցանցերու վրայ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի էջը հրապարակեց անոր յայտարարութիւնը, ուր կը նշէ, թէ տարաձայնուածին նման նախապէս ծրագրուած ձեւով չէ հեռացած, այլ Դամասկոս մնացած է մինչեւ 8 դեկտեմբերի կանուխ առաւօտը: «Ահաբեկչութեան Դամասկոս հասնելով ռուս բարեկամներուն հետ համակարգելով փոխադրուեցայ Լաթաքիա` այդտեղէն հետեւելու մարտական գործողութիւններուն: Առաւօտեան Հմէյմիմ հասնելէս ետք ի յայտ եկաւ, որ ուժերը բոլոր մարտական գիծերէն հեռացած են, եւ բանակի վերջին դիրքը ինկած է», ըսաւ Ասատ` աւելցնելով. «Այդ շրջանին մէջ մարտական վիճակի վատթարացման եւ ինքնին ռուսական ռազմակայանին վրայ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներու մագլցումէն ետք, ռազմակայանէն որեւէ ուղղութեամբ դուրս գալը անկարելի դառնալով, Մոսկուան ռազմակայանի ղեկավարութենէն պահանջեց աշխատանք տանիլ կիրակի երեկոյեան դէպի Ռուսիա անմիջական տարհանման, այսինքն` Դամասկոսի անկումէն մէկ օր ետք, եւ զինուորական վերջին դիրքերու անկումէն եւ անոր հետեւած պետութեան մնացեալ կառոյցներու անդամալուծումէն ետք»:
Ան շեշտեց, որ այդ ամբողջ շրջանին ապաստանի կամ պաշտօնը լքելու հարց իրմէ կամ այլ անձէ կամ այլ կողմէ չէ եղած, եւ «սեղանի վրայ գտնուող միակ ընտրանքը կռիւը շարունակելն էր»:
«Պետութեան ահաբեկիչներուն ձեռքը իյնալով, եւ որեւէ բան տրամադրելու կարողութիւնը կորսնցնելէ ետք պաշտօնը անիմաստ կը դառնայ, պաշտօնատարին այդ պաշտօնին վրայ մնալը անիմաստ կը դառնայ», յայտնեց Ասատ` աւելցնելով. «Ատիկա երբեք չի նշանակեր հրաժարիլ Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին անկեղծ ազգային պատկանելիութենէն, հաստատաբար ատիկա պաշտօնը կամ պահը չի փոխեր, պատկանելիութիւն մը, որ կը պարունակէ այն յոյսը, որ Սուրիան դարձեալ ազատ եւ անկախ դառնայ»: