Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոլանի Վրայ Բնակեցման Վայրերու Ընդլայնման Իսրայէլի Որոշումը Դատապարտող Կեցուածքներ

Դեկտեմբեր 17, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը կիրակի օր յայտարարեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուած է Կոլանի մէջ բնակեցման վայրերու աճը ամրապնդելու ծրագիրին, որ կ՛արժէ աւելի քան 11 միլիոն տոլար:

«Պիտի շարունակենք Կոլանին կառչիլ եւ այդտեղ բնակեցում կատարել», նշած է Նեթանիահու` աւելցնելով. «Կոլանի մէջ բնակեցման ամրապնդումը կը նշանակէ ամրապնդել Իսրայէլը, ինչ որ ներկայ փուլին չափազանց կարեւոր հարց է»:

Արաբական շարք մը երկիրներ հրապարակեցին իսրայէլեան այս որոշումը դատապարտող յայտարարութիւններ:

– ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց ու մերժեց «իսրայէլեան բռնագրաւումի կառավարութեան` բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ բնակեցման վայրերը ընդլայներու որոշումը, եւ իր անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնելու Սուրիոյ առիթներու ականահարումը շարունակելը»:

– ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց իսրայէլեան որոշումը` նշելով, որ անիկա «կը սպառնայ շրջանին մէջ յաւելեալ մագլցում եւ լարուածութիւն յառաջացնել»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները նախանձախնդրութիւն յայտնեցին Սուրիոյ անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ` նշելով, որ Կոլանի բարձունքին վրայ բնակեցման ընդլայնումը կը նկատուի բռնագրաւման յաւերժացման փորձ եւ միջազգային օրէնքներու խախտում ու ոտնահարում»:

– ՔԱԹԱՐԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց իսրայէլեան որոշումը եւ զայն նկատեց «սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարքին մէջ նոր արար ու միջազգային օրէնքի լկտի ոտնահարում»:

«Անհրաժեշտ է, որ միջազգային ընտանիքը տէր կանգնի իր իրաւական ու բարոյական պարտաւորութիւններուն` իսրայէլեան բռնագրաւումին ստիպելու դադրեցնել սուրիական հողերուն վրայ յարձակումները եւ յարգել միջազգային օրինականութեան որոշումները, ինչպէս նաեւ միասնական ըլլալ ընդդէմ անոր պատեհապաշտական ծրագիրներուն», շեշտեց նախարարութիւնը` վերահաստատելով Սուրիոյ գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան զօրակցող Քաթարի հաստատ դիրքորոշումը:

Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը զօրակցի «Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման եւ եղբայրական անոր ժողովուրդի ձգտումներու իրագործման նպատակադրող բոլոր շրջանային ու միջազգային ջանքերուն»:

– ԻՐԱՔԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց ու մերժեց իսրայէլեան որոշումը, «որ միջազգային օրէնքի եւ միջազգային օրինականութեան որոշումներու բացայայտ խախտում մըն է»:

«Կոլանը բռնագրաւուած սուրիական հող է, եւ որեւէ քայլ, որուն նպատակը անոր իրաւական եւ ժողովրդագրական կացութեան փոփոխութիւնն է, առ ոչինչ է եւ անօրինական», նշեց նախարարութիւնը` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով Իսրայէլի շարունակուող ոտնահարումները դատապարտող խիստ կեցուածք մը որդեգրելու եւ լուրջ աշխատանք տանելու` պաշտպանելու Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը եւ երաշխաւորելու շրջանին անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:

– ԹՈՒՐՔԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց «բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն վրայ բնակիչներուն թիւը բազմապատկելու իսրայէլեան ծրագիրը` նկատի ունենալով, որ անիկա իր սահմաններու ընդլայնման փորձ է»:

«Այս որոշումը Իսրայէլի` իր սահմանները բռնագրաւման ճամբով ընդլայնելու նպատակին մէջ նոր փուլ է», նշեց նախարարութիւնը` զգուշացնելով, որ ծրագիրը «վտանգաւոր կերպով պիտի ականահարէ» Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատումը:

– ԵԳԻՊՏՈՍԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կտրուկ կերպով մերժեց եւ դատապարտեց Սուրիոյ բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ բնակեցման վայրերը ընդլայնելու իսրայէլեան որոշումը` զայն նկատելով Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան բացայայտ ոտնահարում:

Նախարարութիւնը նշեց, որ այդ ծրագիրը «կատարուած իրողութեան քաղաքականութիւն պարտադրելու պնդում է եւ անգամ մը եւս կ՛արտացոլացնէ Իսրայէլի` շրջանին մէջ արդար խաղաղութիւն հաստատելու փափաքի բացակայութիւնը, արաբական հողերու բռնագրաւման ընդլայնումը շարունակելը, իր գրաւած հողերու ժողովրդագրական կացութիւնը փոխելը»:

Նախարարութիւնը միջազգային ազդու կողմերէն ու Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց`  մերժելու սուրիական գերիշխանութեան այդ ոտնահարումները եւ վերջ տալու իսրայէլեան բնակեցման:

Նախորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Իրանը Թիրախաւորող «Մեծ Առաքելութեա՞ն» Կը Պատրաստուի

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Կացութիւնը Տակաւին Անկայուն Եւ Անկանխատեսելի Է»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?