Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթի մեկնարկի մասին» օրինագիծին:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուցած է Եւրոպական խորհրդարանին մէջ 2023 թուականին իր արտասանած խօսքը, ուր ըսած էր, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է Եւրոպական Միութեան այնքան մօտ ըլլալու, որքան Եւրոպական Միութիւնը կարելի կը նկատէ:
«Պէտք է արձանագրեմ, որ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իմ արտասանած այդ խօսքս քաղաքական գործունէութեան ընթացքին այդ պահուն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մեծագոյն հետաքրքրութիւն յառաջացուցած խօսքն էր: Ինչո՛ւ կ՛ըսեմ այս պահուս, հիմա աւելի մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած խօսք արդէն կայ, սակայն ատիկա չէ էականը: Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու շրջանին մէջ այդ խօսքի արձագանգը աննախադէպ էր», ըսած է վարչապետը:
Ան յիշեցուցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ եռակողմ հանդիպումն ու ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:
Փաշինեան նաեւ նշած է, որ Եւրոպական Միութեան կամ վերպետական կազմակերպութեան միանալու որոշում, սահմանադրութեան համաձայն, կարելի է տալ միայն հանրաքուէի միջոցով:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամ կրնայ դառնալ միայն այն պարագային, երբ կը նշանակուի հանրաքուէ, եւ մեր սահմանադրութեամբ նախատեսուած կարգով հանրաքուէի մասնակիցներու` օրէնքով սահմանուած չափով կողմ ձայներ պիտի ստացուին»:
Ըստ անոր, օրէնքի որդեգրումով պէտք է գործողութիւններու որոշակի պատկերացում ունենալ, մինչեւ կարողական հանրաքուէ ընել-չընելու կէտը:
«Այս օրէնքի որդեգրումէն ետք Եւրոպական Միութեան հետ պէտք է քննարկենք այն ճանապարհային քարտէսը, որ իրենք կը պատկերացնեն, եւ որ մենք կը պատկերացնենք, եւ մենք միասին ճանապարհային քարտէս պէտք է կազմենք», ըսած է ան:
Ըստ անոր, մինչեւ ճանապարհային քարտէսի ստեղծման շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ այլ քայլ չունի ընելիք: «Ասիկա կ՛ըսեմ հանրութեան մօտ ճիշդ ակնկալիքներ ձեւակերպելու համար», նշած է ան:
Փաշինեան ընդգծած է, որ ո՛չ ոգեւորուելու շատ բան կայ, ո՛չ ալ լարուելու: «Ասով կ՛ընդգծենք Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան իրաւունքներէն օգտուելու գործիքակազմին հասանելիութիւնը եւ այն, որ կը վարենք անկախ արտաքին քաղաքականութիւն, որ հիմնուած է մեր պետական շահերուն վրայ», աւելցուցած է ան: