Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուն «Արեւմտեան Ազրպէյճանի Համայնք»-ի Մասին Միրզոյեանի Յայտարարութիւնը «Պատմութեան Կեղծում» Կ՛որակէ

January 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուն «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի մասին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի չորեքշաբթի օրուան յայտարարութիւնը Հայաստանի կողմէ «պատմութեան կեղծում» որակած է:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ ըսած է, որ «վերջին երկու հարիւր տարիներուն ընթացքին ազրպէյճանցիներու տեղահանումը իրենց պատմական հողերէն պատմական փաստ է»` ընդգծելով, որ անոնք «բռնի տեղահանուած են, աւելի քան 2000 տեղանուններ փոխուած են»:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնը «Արեւմտեան Ազրպէյճան» կը կոչէ Հայաստանի գերիշխան տարածքի մէկ մասը եւ Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէ յստակացնել, թէ ազրպէյճանցիները ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան «իրենց պատմական հողերը»:

Միրզոյեան չորեքշաբթի օր յայտարարած է, որ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» հռետորաբանութիւնը տարածքային պահանջ է Հայաստանի նկատմամբ` նկատելով, որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն Հայաստանի մէջ ապրած են ազրպէյճանցիներ, սակայն անոնք Հայաստանէն մեծաւ մասամբ քաղաքակիրթ հեռացած են, «հարիւր ընտանիք ուղղակի վաճառած է իր բնակարանը, 160 հազարէն աւելի ազրպէյճանցի, որոնք հեռացած են Հայաստանէն, ստացած են Հայաստանի կառավարութենէն փոխհատուցում, հետեւաբար այստեղ իրաւունքներն ալ սպառած են»:

Հաճիզատէ Միրզոյեանի այս յայտարարութիւնը «ամբողջովին անհիմն» որակած է:

«Հայ պաշտօնատարներու կողմէ տարբեր պատրուակներով ազրպէյճանցիներու` իրենց հողերը վերադառնալու իրաւունքի ժխտումը ազրպէյճանական տարածքները «հայկականացնելու» եւ ազրպէյճանցիներու վերադարձը ամէն կերպ կանխարգիլելու վառ օրինակ է», ըսած է ազրպէյճանցի դիւանագէտը` նշելով, որ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի ներկայացուցիչներու իրաւունքները ոտնահարելու փոխարէն հայկական կողմը պէտք է արձագանգէ այս համայնքի` խաղաղ, արժանապատիւ եւ անվտանգ վերադարձի երկխօսութեան կոչերուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չորեքշաբթի օր «Ընտանեկան փոտքասթ»-ի ժամանակ յայտարարած էր. «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ չէ եղած, չկայ եւ չի կրնար ըլլալ «Արեւմտեան Ազրպէյճան», իսկ Արեւմտեան Հայաստանն ալ Արաքս գետի մօտ կ՛աւարտի»:

«Իրական Հայաստանը իրական շրջանի մէջ է: Ինչպէս որ «Արեւմտեան Ազրպէյճան չի կրնար ըլլալ Ղազախէն այս կողմ, Արեւմտեան Հայաստանն ալ չի կրնար ըլլալ Արմաւիրէն այն կողմ: Արեւմտեան Հայաստանը Արաքս գետի մօտ կ՛աւարտի, եւ ասիկա մեր անվտանգութեան գաղափարն է», պնդած էր Փաշինեան:

 

Նախորդը

Ահմատիան. «Հայ-Իրանեան Յարաբերութիւնները Ունին Ամուր Հիմեր, Եւ Որեւէ Բան Չի Կրնար Փոխել Կամ Խարխլել Զանոնք»

Յաջորդը

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Մեկնարկի Նախագիծին

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.