Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պէտք Է Բացուի Եւ Պիտի Բացուի»

January 9, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է. «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պէտք է բացուի եւ պիտի բացուի»:

«Որքան շուտ անոնք ատիկա հասկնան, այնքան լաւ», ազրպէյճանական «Ազերթակ»-ի հաղորդումով` ըսած է ան:

Ալիեւ նախ ընդգծած է, որ սորոսականները փաստացի կը կորսնցնեն իրենց դիրքերը, Միացեալ Նահանգներու մէջ անոնց դարաշրջանը անցած է, ապա աւելցուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը պէտք է այդ մէկը հաշուի առնէ:

«Մենք` Ազրպէյճանը, անոնց համար վտանգի աղբիւր չենք: Մենք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն կ՛ուզենք, եւ թող մեզ չխանգարեն: Անոնք պէտք չէ իբրեւ աշխարհագրական պատնէշ կանգնին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պէտք է բացուի եւ պիտի բացուի», շեշտած է Ազրպէյճանի ղեկավարը:

Ան ըսած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնախումբերու յաջորդ հանդիպումը պէտք է տեղի ունենայ յունուարին: «Ամէն պարագայի, մենք ատիկա առաջարկած ենք», ազրպէյճանական «1նիուզ»-ի համաձայն ըսած է ան:

Անդրադառնալով խաղաղութեան պայմանագիրին` Ալիեւ նշած է, որ եթէ անիկա Երեւանին պէտք չէ, Պաքուին ալ պէտք չէ: Նաեւ ըսած է, թէ «Հայաստանը զինելը միայն նոր լարուածութեան պիտի յանգեցնէ»:

«Յոյսով եմ, որ խաղաղութեան պայմանագիրի առնչուած մեր բոլոր պայմանները պիտի ընդունուին, որովհետեւ անոնց մէջ ոչ մէկ արտառոց բան կայ», ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն յայտարարած է Ալիեւ:

«Եթէ Հայաստանին խաղաղութեան պայմանագիր պէտք չէ, ապա անիկա մեզի ալ պէտք չէ: Մենք պիտի կարողանանք ապրիլ եւ իրականացնել մեր քաղաքականութիւնը` առանց զայն ստորագրելու», նշած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւ նաեւ ըսած է. «Լաւ կ՛ըլլար, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը ընդունէր «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի համայնքի ներկայացուցիչները. որքան ինծի յայտնի է, անոնք պատրաստ են նաեւ Երեւան երթալու», ըսած է ան:

«Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ եւրոպական ժողովրդավարութեան ճամբով գացող երկիր: Թող ատիկա յստակ ցոյց տայ: Այդ հարցը օրակարգէն պիտի չվերցուի, այնքան ատեն, որ ազրպէյճանցիները անվտանգութեան պայմաններու մէջ չեն տեղակայուած Արեւմտեան Ազրպէյճանի մէջ, ներառեալ Արեւմտեան Զանգեզուրը», շեշտած է Ալիեւ:

Նախորդը

Մաքրոն. «Ռուսիան Աջակցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանի Գործողութիւններուն»

Յաջորդը

«Աստուած Մեզի Հետ. Ա՛յս Է Խորհուրդը Ու Պատգամը Բեթղեհէմին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
ԵԽԽՎ-ի Մէջ.  Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ  Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ
Հայկական

ԵԽԽՎ-ի Մէջ. Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.