Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

Մոսկուան Ամերիկեան Նոր Վարչակազմի Հետ Պիտի Աշխատի` Կարծր Կերպով Պաշտպանելով Սեփական Ազգային Շահերը

Մոսկուան ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ պիտի աշխատի` կարծր կերպով պաշտպանելով սեփական ազգային շահերը եւ կեդրոնանալով (Ուքրանիոյ մէջ) յատուկ զինուորական գործողութեան նպատակներուն հասնելու վրայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ընդգծած է, թէ «իրենք պատրանքներ չունին առնչուած Ռուսիոյ մէջ քաջ յայտնի Ամերիկայի ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփի...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Շնորհաւորական Նամակը`  Ուղղուած Միացեալ Նահանգներու  Նորընտիր Նախագահ Տանըլտ Թրամփին

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Շնորհաւորական Նամակը` Ուղղուած Միացեալ Նահանգներու Նորընտիր Նախագահ Տանըլտ Թրամփին

Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին. Նորին Վսեմութիւն Տանըլտ Թրամփ Ընտրեալ Նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սիրելի՛ պրն. նախագահ, Անհուն ուրախութեամբ կ՛ողջունենք ձեզ` իբրեւ ընտրեալ նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեր ընտրութիւնը, որ վստահաբար խոստմնալից էջ մը պիտի բանայ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ: Արդարեւ, դուք ձեր պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէք աշխարհի պատմութեան ճակատագրական...

Ակնարկ.  Յետընտրական Հրամայականներ

Ակնարկ. Յետընտրական Հրամայականներ

Միացեալ Նահագներու փոխնախագահ եւ արդէն նախագահական նախկին դեմոկրատական թեկնածուն նորընտիր նախագահին շնորհաւորելէ ետք քննարկած է իշխանութեան խաղաղ փոխանցման կարեւորութիւնը: Իշխանութեան սահուն փոխանցում խոստացած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու շուտով պաշտօնաթող նախագահը նորընտիրին: Շեշտադրում կայ իշխանութեան խաղաղ եւ սահուն փոխանցման անհրաժեշտութեան վրայ: Առաջին հայեացքով այս առաջադրանքը մտածել կու տայ բեւեռացած հասարակութեան, բեւեռացած ընտրութեան եւ յետընտրական իրավիճակի մասին: Ընտրութիւնները չեն վիճարկուիր, չկան վերահաշուարկի...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Քննարկեցին Երկրին Իրավիճակն Ու Համայնքային Խնդիրները

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Քննարկեցին Երկրին Իրավիճակն Ու Համայնքային Խնդիրները

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու  հանդիպումները կը շարունակուին։ Միջկուսակցական նիստը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 7 նոյեմբեր 2024-ին, ՍԴՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։ Ժողովականները քննեցին Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները, իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն եւ ոտնձգութիւններուն  անմիջական ու երկարաշունչ հետեւանքները։ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները վերաշեշտեցին անհրաժեշտութիւնը ներլիբանանեան մակարդակի վրայ հեռու մնալու ծայրայեղական կեցուածքներէ եւ ներքին համերաշխութեան պահպանման առումով անհրաժեշտ ճիգերը շարունակելու։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները քննարկեցին երկրին մէջ տիրող...

Միացեալ Նահանգներու  47-րդ Նախագահը Ընտրուելով`  Թրամփ. «Պատմական Յաղթանակ Մը Արձանագրեցի»

Միացեալ Նահանգներու 47-րդ Նախագահը Ընտրուելով` Թրամփ. «Պատմական Յաղթանակ Մը Արձանագրեցի»

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մէջ իր յաղթանակը յայտարարեց` նշելով, որ կը նախատեսէ աւելի քան 300 ընտրական միաւոր ստանալ: Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ իր ընտրական կեդրոնին մէջ խօսք մը արտասանելով յայտարարեց. «Պատմական յաղթանակ մը արձանագրեցի, ճօճուող նահանգներուն մէջ ու ժողովրդային քուէարկութեան մէջ յաղթանակ արձանագրեցինք եւ 315 ընտրական միտաւոր ապահովեցինք, ինչ որ ժողովուրդին սէրը...

Իսրայէլի Նոր Նշանակուած Պաշտպանութեան  Նախարարը Կը Յայտարարէ.  «Առաջնահերթութիւնը Գերիներու Տունդարձը,  Համասի Եւ Հըզպալլայի Քանդումն Է»

Իսրայէլի Նոր Նշանակուած Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Առաջնահերթութիւնը Գերիներու Տունդարձը, Համասի Եւ Հըզպալլայի Քանդումն Է»

Իսրայէլի նոր նշանակուած պաշտպանութեան նախարար Եիսրայէլ Քաց իր նշանակումէն ետք առաջին յայտարարութեան մէջ նշեց, որ առաջնահերթութիւնը գերիներու տունդարձն ու Համասի եւ Հըզպալլայի քանդումն է: Քաց շնորհակալութիւն յայտնեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին իր նկատմամբ վստահութեան համար` աւելցնելով. «Սրբազան պատասխանատուութիւնը կ՛ընդունիմ, եւ միասնաբար պիտի աշխատինք պաշտպանական համակարգը դէպի յաղթանակ մղելու»: Պաշտօնազրկեալ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Պաշտօնազրկումս բանակի, Շապաքի եւ պաշտպանական համակարգի...

Ըստ Իսրայէլեան Եւ Ամերիկեան  Հետախուզական Տեղեկութիւններու.  Իրան Յառաջիկայ Օրերուն Իրաքէն Իսրայէլի  Վրայ Մեծ Յարձակում Մը Կը Ծրագրէ

Ըստ Իսրայէլեան Եւ Ամերիկեան Հետախուզական Տեղեկութիւններու. Իրան Յառաջիկայ Օրերուն Իրաքէն Իսրայէլի Վրայ Մեծ Յարձակում Մը Կը Ծրագրէ

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան եւ ամերիկեան հետախուզական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ Իրան յառաջիկայ օրերուն Իսրայէլի վրայ մեծ յարձակում մը կը ծրագրէ` հակադարձելու համար 25 հոկտեմբերին Իրանի վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին: «Աքսիոս» նշեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը անօդաչու թռչող սարքեր եւ թեւաւոր հրթիռներ կը փոխանցէ Իրաքի մէջ իրեն հաւատարիմ զինեալ խմբաւորումներու եւ Իսրայէլի վրայ միացեալ յարձակում մը կը...

Հարաւի Եւ Պեքայի Գիւղերուն Վրայ Իսրայէլեան  Յարձակումներ. Հրթիռ Մը  Ինկաւ Թել Աւիւի Օդակայանին Մէջ

Հարաւի Եւ Պեքայի Գիւղերուն Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներ. Հրթիռ Մը Ինկաւ Թել Աւիւի Օդակայանին Մէջ

Հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի գիւղերուն վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումները կը շարունակուին: Իսրայէլ երէկ շարք մը յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի մէջ: Իսրայէլեան օդային յարձակում մը հիւսիսային Պեքայի Այն գիւղին մէջ թիրախաւորեց տուն մը: Հարաւի մէջ, իսրայէլեան օդանաւեր յարձակումներ գործեցին Այթիթ, Այն Պաալ եւ Մահրունա գիւղերուն վրայ: Մինչ այդ, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը շարունակեցին մնայուն ներկայութիւն ըլլալ լիբանանեան օդային տարածքին...

«Մեր Համոզումն Է, Որ Միայն Մէկ Բան  Պատերազմը Կը Դադրեցնէ` Մարտի Դաշտը»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քասեմ

«Մեր Համոզումն Է, Որ Միայն Մէկ Բան Պատերազմը Կը Դադրեցնէ` Մարտի Դաշտը» Կ՛ըսէ Շէյխ Քասեմ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ կուսակցութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեան քառասունքին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ուղերձ մը: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Լիբանանի վրայ շուրջ մէկ ամիս եւ տասը օրէն ի վեր սկսած իսրայէլեան պատերազմի կատաղութեան դիմաց, այլեւս կարեւոր չէ, թէ ինչպէ՛ս սկսաւ եւ ի՛նչ են պատրուակները, կարեւորը այն է, որ կը գտնուինք յարձակումի մը առջեւ,...

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Կոչը

2019-ի հոկտեմբերին սկսած Լիբանանի տագնապը նոր եւ վտանգաւոր դրսեւորումով կը ներկայանայ այսօր: 2024-ի Սեպտեմբեր ամիսէն ի վեր երկիրը անընդհատ ենթակայ է յարձակումներու եւ ամբողջապէս պատերազմական վիճակ կը տիրէ լիբանանի մէջ: Հարաւային Լիբանանէն՝ Պէյրութ եւ իր հարաւային արուարձանները, Պեքաա, Պաալպէք եւ բազմաթիւ այլ տարածքներ բուռն ռմբակոծումներու կ՛ենթարկուին: Զոհերու թիւը ցարդ կը հասնի շուրջ 3,000-ի, վիրաւորներու թիւը՝ 13,000-ի: Ամբողջութեամբ քանդուած են բնակելի...

Հարաւային Լիբանանի Շարք Մը Գիւղերու Վրայ  Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հարաւային Լիբանանի Շարք Մը Գիւղերու Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Իսրայէլեան բանակը երէկ բուռն յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի շարք մը գիւղերու վրայ, իսկ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը շարունակեցին Ուաթա Խիամի մէջ փլատակներուն տակէն անցեալ շաբաթ իսրայէլեան օդային յարձակումին պատճառով զոհուածներու դիակներու դուրսբերումը: Իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Եըհմոր Շքիֆ գիւղը, իսկ իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց Մարուն Ռաս եւ Խիամ գիւղերուն վրայ: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը յարձակում գործեց Նապաթիէ գաւառի Քֆուր գիւղին վրայ:...

Բագրատունի Նախագահեց Գաղթականներու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստին

Բագրատունի Նախագահեց Գաղթականներու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստին

Նախագահութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ կայացաւ գաղթականներու խորհրդարանական յանձնախումբի ժողովը` քննարկելու համար իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով ծայր առած լիբանանցի գաղթականներու խնդիրը: Յանձնախումբի անդամները լայնօրէն արծարծեցին գաղթականներու ներկայ իրավիճակը մարդկային, ընկերային, տնտեսական, կրթական, կենցաղային, առողջապահական եւ քաղաքական գետիններու վրայ եւ որոշեցին համապատասխան նախարարութեանց հետ քննարկումներ կատարել` թեթեւցնելու համար գաղթականութեան պատճառած տագնապները:  

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը

Եւրոպական Խորհրդարանի 52 Պատգամաւորներ, Ի Շարս Ուրիշներու, Կը Պահանջեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակում

Վերջին շրջանին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու շրջանակին մէջ կը տանի ծաւալուն աշխատանքներ, որոնք ՔՈՓ29-ին ընդառաջ, կը միտին բարձրացնել անոնց իրազեկուածութիւնը Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ բնապահպանական խնդիրներուն վերաբերեալ: Կատարուած աշխատանքներուն հիմամբ Եւրոպական խորհրդարանի 52 պատգամաւորներ ստորագրած են յայտարարութիւն, որով Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն` անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները, երաշխաւորելու Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, ազրպէյճանական զինուժը դուրս բերելու...

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական  Ընտրութեան Քուէներու Հաշուարկը Սկսաւ  Եւ Վերջնական Արդիւնքը Կը Նախատեսուի Այսօր

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութեան Քուէներու Հաշուարկը Սկսաւ Եւ Վերջնական Արդիւնքը Կը Նախատեսուի Այսօր

Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին երէկ ամերիկացի քուէարկողները ուղղուեցան ընտրական կեդրոններ` ընտրելու համար իրենց երկրին յաջորդ նախագահը: Նախագահական թեկնածուներ Քամալա Հարիս եւ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ իւրաքանչիւրը առնուազն 270 ընտրական քուէի պէտք ունին` ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելու համար: Ընտրութեան արդիւնքի վճռորոշ նահանգներն են Արիզոնան, Ճորճիան, Միչիկընը, Նեւատան, Հիւսիսային Քարոլայնան, Փենսիլվանիան եւ Ուիսքոնսինը: Հարիս եւ Թրամփ իւրաքանչիւրը երեքական ընտրական քուէ ապահովեցին Նիւ Համփշայրի...

Ակնարկ.  Յայտարարութիւններուն Ընտրական  Եւ Քաղաքական Շարժառիթները

Ակնարկ. Յայտարարութիւններուն Ընտրական Եւ Քաղաքական Շարժառիթները

Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուներուն միջեւ մրցապայքարը բաւական սուր է, եւ արդիւնքները կը մնան անկանխատեսելի: Վաղը կը վճռուի այդ երկրին դեմոկրատակա՞ն թէ՞ հանրապետական նախագահով ղեկավարուելու ճակատագիրը յառաջիկայ չորս տարուան համար: Լրատուութիւններն ու մեկնաբանութիւնները կը խօսին բեւեռացած, գերլարուած մրցապայքարի մասին եւ արդիւնքներու հրապարակումէն ետք տարբեր տեսակի հետեւանքային հաւանական իրավիճակներու մասին: Հայութեան վերաբերող անոնց նախընտրական յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ կան յստակ տարբերութիւններ: Հարիս կը...

Հըզպալլա Կը Շարունակէ Հայֆան Հրթիռակոծել

Հըզպալլա Կը Շարունակէ Հայֆան Հրթիռակոծել

Հըզպալլան յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է իսրայէլեան բանակի օդային հսկողութեան միաւորը եւ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ շարք մը բնակեցման վայրեր, իսկ իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ ահաբեկած է Հըզպալլայի մարտական մէկ պատասխանատուն եւ անօդաչու թռչող սարքեր վնասազերծած: Իսրայէլեան օդուժը երէկ արեւմտեան Պեքայի մէջ թիրախաւորեց Մաշղարա գիւղը, իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ Ստիքին, Զաութար, Քլէյլա, Այն Պաալ գիւղերը եւ Եաթեր, Ռաշքանանիէ եւ Ժըպշիթ գիւղերու մերձակայքը:...

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական  Թեկնածուներէն Ոչ Մէկը Վաստակած Է Ամերիկայի  Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Թեկնածուներէն Ոչ Մէկը Վաստակած Է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը

Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ընդառաջ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի դիրքորոշումը, զոր ներկայացուցած է յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան` ամերիկեան համայնքին ուղղուած ուղերձի ձեւաչափով: «Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէ վաստակած Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը: Երկու կողմերն ալ պատասխանատուութիւն կը կրեն` Ազրպէյճանը զինելու, Ազրպէյճանի կողմէ ցեղասպանութեան կատարման օժանդակելուն եւ Արցախը լքելու համար: Ոեւէ...

Փեզեշքիան. «Պատերազմի Չենք Ձգտիր, Սակայն  Եթէ Որեւէ Կողմ Ուզէ Մեր Վրայ Յարձակում Գործել,  Ուժգին Ու Վճռական Հակադարձութեան Պիտի Արժանանայ»

Փեզեշքիան. «Մեր Հրթիռները Որեւէ Պետութեան Վրայ Յարձակում Գործելու Համար Չեն, Այլ Մենք Զմեզ Պաշտպանելու Համար Են»

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Կազայի բնակիչները տոկուն են, եւ Իսրայէլ մէկ տարի ետք չկրցաւ զանոնք անձնատուութեան մղել»: «Մեր հրթիռները որեւէ պետութեան վրայ յարձակում գործելու համար չեն, այլ մենք զմեզ պաշտպանելու եւ մեր վրայ յարձակում գործել մտածողը զսպելու համար են», նշեց Փեզեշքիան: Իրանի նախագահը նաեւ յայտնեց. «Թշնամին կ՛ուզէ մեր դէմ պաշարում հաստատել եւ մեր տնտեսութեան վնասել: Պէտք է արգիլենք, որ...

Այսօր` Միացեալ Նահանգներու  Նախագահի Ընտրութիւն

Այսօր` Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Ընտրութիւն

Այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի կ՛ունենայ նախագահի ընտրութիւնը: Քուէարկողները ամբողջ երկրի տարածքին կ՛ուղղուին քուէարկութեան կեդրոններ` քուէարկելու համար ընտրութեան երկու մրցակիցներէն մէկուն` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսին կամ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին: Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հարիս երէկ յայտնեց, որ արդէն նամակատան ճամբով քուէարկած է, եւ ըսաւ, որ տեղի ունենալիք նախագահական պայքարը պիտի ըլլայ «լարուած»: Հարիս վստահութիւն յայտնեց սեփական յաղթանակին նկատմամբ:...

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  Սկսած Է Ամրապնդել Լիբանանի Հետ Սահմանակից  Շարք Մը Գիւղերու Շէնքերն Ու Պաշտպանութիւնը

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Սկսած Է Ամրապնդել Լիբանանի Հետ Սահմանակից Շարք Մը Գիւղերու Շէնքերն Ու Պաշտպանութիւնը

Հըզպալլա երէկ շարունակեց հարուածել իսրայէլեան ուժերու հաւաքուած վայրերն ու ռազմակայանները, ինչպէս նաեւ դէմ դնել անոնց հարաւային Լիբանանի մէջ յառաջանալու փորձերուն: Հըզպալլա հրթիռակոծեց Քացերին եւ Շլոմի բնակեցման վայրը, ինչպէս նաեւ Շամիր, Քատմաթ Ցաւի, Ռոշ Հանիքրա, Մացուա, Պար Ամ, Իւեն Մանահ, Զրհիթ եւ Շլոմի բնակեցման վայրերուն մէջ հաւաքուած ուժերը: Հըզպալլա Պաուապեթ Մթըլլէի մօտ հարուածեց «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը, որ հրոյ ճարակ դարձաւ,...

Page 134 of 795 1 … 133 134 135 … 795

Արխիւներ