Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը
Նոր տարուան սեմին եւ աստուածայայտնութեան խորհուրդով օծուն այս օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
ձեզի մեզի մեծ աւետիս:
Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալները` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Սահակ արք. Մաշալեանը` մաղթելով իրենց քաջառողջութիւն եւ եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն:
Հայրական սիրով կ՛ողջունենք` մեր Սուրբ Աթոռի թեմակալ առաջնորդները, Ազգային իշխանութիւնները եւ համայնքային կառոյցները` իրենց մաղթելով Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն աշխարհ բերած սիրոյ ու խաղաղութեան երկնային պարգեւներով լեցուն օրեր:
* * *
Տագնապի մէջ էր խրած հին աշխարհը, որովհետեւ հեռացած էր Աստուծմէ: Տագնապի մէջ էր մարդը, որովհետեւ դաւաճանած էր իր աստուածատուր կոչումին: Եւ ահա յուսաբեկ աշխարհին մէջ կը ծնէր երկնային յոյսը, Բեթղեհէմի մէջ կը ծնէր Աստուծոյ Որդին` դառնալով յոյսը համայն մարդկութեան:
Բեթղեհէմը սոսկ անցեալ չէ, այլ շարունակուող խորհուրդ ու յաւիտենական պատգամ է: Աստուծոյ Որդին եղաւ յոյսի առաքեալ` Բեթղեհէմէն մինչեւ Նազարէթ, Երուսաղէմէն մինչեւ թափուր գերեզման: Իր ուսուցումներուն ու հրաշքներուն ճամբով յոյս ներշնչեց բոլորին` հիւանդին ու հալածուածին, ճնշուածին ու կարիքաւորին: Պատգամեց բոլորին` ըսելով. մի՛ վախնաք, այլ յոյսով կռանուած` հաւատացէք, հաւատացէք յուսալով եւ յուսացէք հաւատալով: Մահուան վրայ տարած յաղթանակով Քրիստոս յարութեան յաղթանակի յոյսը տուաւ: Վերստին վերադառնալու խոստումը տալով` Քրիստոս յոյսով ապրելու ու յոյսով տագնապները դիմագրաւելու հաւատքն ու կամքը տուաւ իր հետեւորդներուն:
Արդարեւ, քրիստոնէական կեանքի ամէնէն զօրեղ կռուաններէն մէկն է յոյսը: Մկրտութեան ճամբով մարդը Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կը կատարէ` ընդունելով զՔրիստոս որպէս հաւատքի վահան, սիրոյ ճանապարհ ու յոյսի աղբիւր:
Յոյսը սոսկ զգացական վիճակ մը կամ տեսական երեւոյթ մը չէ. ան Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին տրուած երկնային պարգեւ է: Քրիստոնեան կոչուած է յոյսը ապրելու իր կեանքին մէջ` զայն դարձնելով իր մտածումներուն ու գործերուն, իր ողջ կեանքին ամուր շաղախը, զայն դարձնելով իր կեանքին խաւարը վանող ու հորիզոնը լուսաւորող Քրիստոսի պայծառակերպիչ ներկայութիւնը:
* * *
Կ՛ապրինք բազմազան տագնապներով լեցուն ժամանակներու մէջ: Քաղաքական, տնտեսական, կենսոլորտային ու բազմաթիւ այլ տագնապներու եւ պատերազմներու հետեւանքները յուսահատութեան ու անորոշութեան մթնոլորտ ստեղծած են ամէնուրեք: Նոյն մթնոլորտին մէջ կ՛ապրի նաեւ համայն հայութիւնը:
Հայաստանի մէջ, Արցախի կորուստը, ցեղասպան դրացիներուն յոխորտանքը, շարունակուող արտագաղթը եւ արժէքներու նահանջը, փաստօրէն, ստեղծած են անորոշ կացութիւն ու յուսահատ մթնոլորտ` ապագային նկատմամբ:
Սփիւռքը, իր կարգին, կը շարունակէ տատանիլ անորոշութեան ու յուսահատութեան ալիքներուն մէջ: Արեւմտեան երկիրներու մէջ հաստատուած մեր գաղութները շրջապատուած են այնպիսի պայմաններով, որոնք արագընթաց մաշումի կ՛ենթարկեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայօրէն գոյատեւումը:
Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ներկայ պայմանները յառաջացուցած են վտանգներով յղի անորոշութեան մթնոլորտ մը: Հակառակ այն իրողութեան, որ Լիբանանի ու Սուրիոյ մեր համայնքները անմիջականօրէն ենթակայ չեղան յաջորդական տագնապներու յառաջացուած վտանգին, սակայն կը շարունակեն կրել անոնց ծանր հետեւանքները, մասնաւորաբար` ընկերատնտեսական մարզէն ներս:
Ըլլանք իրատես, բայց ոչ` յոռետես ու յուսահատ:
Լսենք Պօղոս առաքեալին պատգամը. «Նեղութիւնները համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը` տոկունութիւն, տոկունութիւնը` յոյս» (Հռ 5.4-5):
Որքա՜ն կը պատշաճի այս յիշեցումը մեր ժողովուրդի կեանքի ներկայ պայմաններուն:
Արդ, հարկ է հեռու մնալ զգացական մօտեցումներէ, միակողմանի դատումներէ ու մակերեսային արժեւորումներէ եւ տագնապները դիմագրաւել համբերութեամբ ու իմաստութեամբ: Հարկ է ազգին ուժերու համախմբումով եւ ապագայատեսիլ հաւատքով ու ամուր վճռակամութեամբ պայքարիլ մեր հայրենիքին ու մեր գոյութեան սպառնացող վտանգներու դէմ: Հարկ է Հայաստանի հզօրացումը նկատել գերագոյն իտէալ` համահայկական անխախտ յանձնառութիւն մը, որ պայմանաւորուած պէտք չէ ըլլայ անձերով ու իշխանութիւններով:
Սփիւռքի վերակազմակերպումի ծիրէն ներս, Մերձաւոր Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մեր համայնքներուն վերականգնումը պէտք է դառնայ համազգային առաջնահերթութիւն: Այս գաղութները սովորական իմաստով գաղութներ կամ համայնքներ չեն` նկատի ունենալով անոնց ներկայացուցած պատմական, քաղաքական, աշխարհաքաղաքական, կրօնական իւրայատկութիւնները եւ յատուկ դերակատարութեան կարեւորութիւնը` թէ՛ մեր ժողովուրդին, թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ շրջանի պետութիւններուն համար:
Տագնապներն ու դժուարութիւնները եւ անոնց յառաջացուցած հետեւանքները տակաւին կրնան յամենալ մեր շուրջը: Ըլլանք համբերող ու յուսալից: Քրիստոնէական մեր հաւատքը կը մղէ մեզ ամրօրէն կառչելու յոյսին: Հայուն վերականգնելու կամքը կ՛առաջնորդէ մեզ վերանորոգ ոգիով ու միակամ ճիգով մասնակից դառնալու հայ ժողովուրդի վերածաղկումին:
Դա՛րձեալ լսենք պատգամը Պօղոս առաքեալին. «Յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5):
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
6 Յունուար 2025
Անթիլիաս, Լիբանան



