Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մի՛ Վախնար, Փոքրիկ Հօտ

January 6, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ հաւատացեալներս Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան աւետիսի տօնը կը նշենք, զուգահեռաբար կը շարունակենք ականատես ըլլալ` համատարած ոճիրներու, պատերազմներու, անարդարութեանց, զրկանքներու, տեղահանութեան, քաղաքական ու տնտեսական սպառնալիքներու եւ անորոշութեան հոսանքներու, Արցախի հողէն հասնելով մինչեւ Միջին Արեւելքի երկիրներ եւ շատ անդին:  Կան յուսադրիչ զարգացումներ հոս ու հոն, սակայն ծանրակշիռը վախազդու երեւոյթներն են, որոնց առջեւ ընկերութիւններ, նաեւ եկեղեցական համայնքներ կը բռնեն նահանջի կամ զգուշաւորութեան ճամբան:

Մարդկութեան անձկութեան ու վախերուն դիմաց, կը հասնի բոլորին Տէր Յիսուսի շնորհքն ու սրտապնդիչ խօսքը.

«Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ տալ ձեզի արքայութիւնը» (Ղուկասու Աւետարան 12.3):

«Մի՛ վախնար»-ի պատգամը պարզապէս հոգեբանական հանդարտութիւն տալը չէ մեզի: Իսկ «փոքրիկ հօտ» կոչուիլը եկեղեցւոյ նօսրացող թիւերուն մասին չէ բնաւ: Յիսուսի ծնունդով կը ծնի մեր վերջնական փրկութիւնը: Մեր խրախոյսը` անցեալը, ներկան եւ ապագան հաստատող Ամենակարող Աստուծոյ փրկող ներկայութիւնն է մեր կեանքերուն մէջ, եթէ մօտենանք մեր գոյութեան անկեղծ հաւատքով: Իսկ «փոքրիկ հօտ» ըլլալու երեւոյթը թիւերու եւ տնտեսութիւններու նկարագրութիւն չէ միայն, այլեւ Աստուծոյ մօտիկութիւնն է, անմիջականութիւնն է, մտերմութիւնն է իր աշակերտներուն, եկեղեցիին հետ: Եկեղեցիին մտերիմը Տէրն է, եկեղեցւոյ գլուխը, որուն յաւիտենական իշխանութիւնը աշխարհի իշխանութիւններէն ու պայմաններէն կախեալ չէ:

Հովիւներու Հովուապետ Քրիստոս կ՛ամրապնդէ հովիւներն ու հօտը իրենց քաջ հաւատքին ու բարերար ընթացքին մէջ: Ուստի հանգստանանք Անոր ներկայութեան մէջ:  Ոչ ոք եւ ոչ մէկ զարգացում պիտի կարենան բաժնել մեզ Քրիստոսի ողորմութենէն ու սէրէն: Ոչ մէկ սպառնալիք պիտի խլէ մեզմէ Տէրունական ընկերակցութիւնն ու Սուրբ Հոգիի սփոփանքը:

Քրիստոսի ծնունդը Աստուծոյ մարդեղութիւնը յեղաշրջող իրականութիւնն է մեղքով ստեղծուած հեռաւորութենէն մարդեղացած Արարիչէն:  Անոր ծնունդով կը բացուի փրկութեան ելքը մեզ պաշարող մեղքի տիղմէն:

«Եւ հրեշտակը ըսաւ անոնց. մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ ձեզի կ՛աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ, վասն զի այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ օծեալ Տէր» (Ղուկասու Աւետարան 2.10):

Ուստի սրտանց ընդունինք Յաւերժականին շնորհալի պատասխանը մարդկային ժամանակաւորին:

Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, եկէք, վերահաստատուինք մեր քրիստոէական կոչումին մէջ եւ որպէս անհատներ ու ժողովուրդ` նորոգուած հոգիով ու մտքով, քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ շարունակենք մեր կեանքի ասպարէզը:

ԱՄԷՆ:

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
ՄԱՀԱԵՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՏԵՂԱՊԱՀ

Յունուար 2025

 

Նախորդը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մասնակցեցաւ Հրամանատար Շարհի Քրիստոնեայ Համայնքապետներու Հետ Հանդիպումին

Յաջորդը

Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ Ծննդեան Պատգամը. Ծնունդի Հոգին

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.