Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր դիմաւորուեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողմէ: Անոնք անմիջապէս ուղղուեցան վարչապետարան, ուր ունեցան հանդիպում մը:
Միքաթի հանդիպումի աւարտին յայտնեց. «Խօսեցանք ներկայ կացութեան եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ Լիբանանին հետեւելու անհրաժեշտութեան մասին»:
«Մաքրոն հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ լիբանանեան կացութեան նկատմամբ եւ կը խոստանայ աջակցիլ նոր կառավարութեան: Ան նաեւ ամբողջովին պատրաստ է հետապնդելու օժանդակութիւններու հարցն ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան հարցը», նշեց Միքաթի:
Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ յայտնեց. «Տեւական կերպով կը հետեւինք իսրայէլեան խախտումներուն եւ խոստումներուն, թէ 60 օրուան աւարտին այդ խախտումները վերջ պիտի գտնեն: Կը յուսանք, որ այդ խոստումները տեղին ըլլան»:
Մաքրոն իր կարգին յայտնեց. «Քիչ ետք հանդիպում պիտի ունենամ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբի անդամ ամերիկացի սպային հետ, եւ Լիբանան նոր փուլ մուտք գործեց»:
Ֆրանսայի նախագահը այցելեց Թանգարանի շրջանին մէջ Անյայտ զինուորի դամբարան:
Աւելի ուշ, ան քալելով շրջեցաւ Պէյրութի Ժմմէյզի շրջանին մէջ, ուր նախապէս շրջած էր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, եւ դարձեալ զրուցեց քաղաքացիներու հետ:
Մաքրոն իր զրուցած քաղաքացիներուն յիշեցուց, որ ինք նախապէս այցելած էր Ժմմէյզի թաղամաս, երբ անիկա քանդուած էր, եւ համտեսեց շրջանի ճաշարաններուն կողմէ պատրաստուած խմորեղէններ:
Ֆրանսայի նախագահը ապա ուղղուեցաւ Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Նախագահ Աուն հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսքը Մաքրոնին ուղղելով յայտնեց. «Ձեզմէ կը խնդրեմ, որ ամբողջ աշխարհի առջեւ վկայէք, որ լիբանանցիներուն իրենց երկրին ու պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնեցաւ, եւ Լիբանանի նկատմամբ աշխարհի վստահութիւնը պէտք է ամբողջովին վերականգնի, որովհետեւ իսկական Լիբանանը վերադարձաւ»:
Ֆրանսայի նախագահը իր կարգին յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաք, եւ անցնող 9 յունուարին ձմեռէն ետք գարունը վերադարձաւ: Դուք էք յոյսը, եւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը պիտի մարմնաւորէ այս յոյսը, որովհետեւ լիբանանցիներուն ձեզ ընտրելը հաստատեց փոփոխութեան եւ Լիբանանի վերակենդանացման անոնց պահանջը»` աւելցնելով. «Ֆրանսան ներկայ դժուար ժամանակներուն մէջ Լիբանանի կողքին կը կանգնի», յայտարարեց Մաքրոն:
Ֆրանսայի նախագահը խօսքը նախագահ Աունին ուղղելով յայտնեց. «Վերջ տուիք քաղաքական դատարկութեան, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէր, եւ դուք երկիրը կը դնէք առողջացման ուղիի վրայ»:
«Ֆրանսան կը վերահաստատէ լիբանանցիներուն նկատմամբ իր յանձնառութիւնը` յաջողցնելու քաղաքական նոր դասաւորումները»:
«Աշխատանք կը տանինք զօրակոչի ենթարկելու միջազգային ընտանիքը` բոլոր ոլորտներուն մէջ Լիբանանին օգնելու համար», նշեց Մաքրոն` աւելցնելով. «Լիբանանի միջազգային աջակցութեան ապահովման համար միջազգային խորհրդաժողով մը պիտի կազմակերպենք»:
«Լիբանանի արտաքին միջամտութիւններէ զերծ մնալը պայման է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան», ըսաւ ան` նշելով. «Անհամբեր կը սպասենք իսրայէլեան բանակի ամբողջական հեռացման եւ զէնքը միայն լիբանանեան բանակին ձեռքը ըլլալուն»:
«Ձեզի պիտի աջակցինք եւ պիտի աջակցինք գերիշխան Լիբանանի ձեր նպատակներուն, եւ ատիկա պայման է Լիբանանի յարձակումներէն պաշտպանման եւ Իսրայէլի հետ զինադադարի շարունակման, զինադադար մը, որ դիւանագիտական յաջողութիւն մըն էր», նշեց ան:
Մամլոյ ասուլիսէն ետք, Մաքրոն քառակողմ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Մաքրոն աւելի ուշ Ֆրանսայի դեսպանի կեցութեան վայրին մէջ խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Վստահ եմ, որ յառաջիկայ օրերուն ազդու լիբանանեան կառավարութեան մը կազմութիւնը պիտի տեսնենք, եւ մենք դիւանագիտական մակարդակի վրայ պայքարեցանք Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համար»` նշելով. «Լիբանան պիտի ըլլայ գերիշխանական, միացեալ ու բարգաւաճ, եւ անոր աջակցելէ ետ պիտի չկանգնինք»:
«Զէնքը պէտք է միայն լիբանանեան պետութեան ձեռքը ըլլայ», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը` շեշտելով. «Հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերու հեռացումը պէտք է տեղի ունենայ, եւ Լիբանան պէտք է լիբանանեան բանակին ճամբով հսկողութեան տակ առնէ սահմանները»:


