ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես շաբաթ օր այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ, որուն ընտրութեան համար շնորհաւորելէ ետք նշեց. «Այս դէպքը լիբանանցիներուն եւ աշխարհի տարածքին անոնց բարեկամներուն հոգիներուն մէջ յոյսը վերականգնեց»:
Ան խօսքը նախագահ Աունին ուղղելով յայտնեց. «Ես վստահ եմ, որ ձեր ղեկավարութեան տակ Լիբանանի մէջ հարցերը պիտի վերադառնան իրենց բնական վիճակին, այս երկիրը իր ուժը պիտի վերականգնէ եւ վերստին պիտի դառնայ շրջանին մէջ կայուն հայրենիք մը: Ճիշդ է, որ ձեր առաքելութիւնը դիւրին չէ, սակայն ամուր կամքը բաւարար է իրագործելու բոլորին ճշդած նպատակը»:
Կութիերես վերահաստատեց ՄԱԿ-ի եւ անոր բոլոր կազմակերպութիւններուն Լիբանանի աջակցութիւնը` աւելցնելով, որ վերականգնման հոլովոյթին եւ վերջին տարիներու հետեւանքներու վերացման համար Լիբանանի կարիք ունեցածին ապահովման համար միջազգային ընտանիքի աջակցութեան ապահովման աշխատանք կը տարուի:
«ՄԱԿ-ը պիտի շարունակէ աջակցիլ լիբանանեան բանակին ու լիբանանեան հաստատութիւններուն, եւ իր կարելիութիւնները պիտի դնէ ի սպաս իր նախագահական երթին մէջ նախագահ Աունին օգնելու», ընդգծեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:
Նախքան այդ, նախագահ Աուն իր արտասանած խօսքին մէջ ընդգծեց. «Լիբանան կառչած կը մնայ հարաւային Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան ուժերու 27 նոյեմբերին գոյացած համաձայնութեան մէջ ճշդուած ժամկէտի ընթացքին հեռացման»:
«Իսրայէլեան ցամաքային ու օդային խախտումներու շարունակութիւնը, մասնաւորաբար տուներու ականահարումն ու սահմանամերձ գիւղերու քանդումը ամբողջովին կը հակասէ զինադադարի համաձայնութեան եւ կը նկատուի լիբանանեան գերիշխանութեան ու հարաւային Լիբանանի կայունութեան վերադարձի նկատմամբ միջազգային ընտանիքի կամքի խախտում մը», նշեց նախագահ Աուն:
Հանրապետութեան նախագահը ըսաւ, որ իր ընտրութենէն մէկ շաբաթ ետք Կութիերեսի Լիբանան այցելութիւնը «լիբանանցիներուն յոյսի պատգամ մըն է»` շնորհակալութիւն յայտնելով ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններու Լիբանանի աջակցութեան:
Ան մասնաւորաբար մատնանշեց հարաւի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ը` շեշտելով լիբանանեան բանակին եւ այդ ուժին միջեւ գոյութիւն ունեցող ամբողջական համակարգումը:
Նախագահը արծարծեց Իսրայէլի կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ արտերու հրկիզման հարցը` կոչ ուղղելով, որ ՄԱԿ-ը, մասնաւորաբար Սննդեղէնի միջազգային գործակալութիւնը օգնէ հողագործներուն, որպէսզի բարեկարգեն իրենց հողերը եւ զանոնք դարձեալ օգտագործելի դարձնեն: Ան նաեւ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է իսրայէլացիներուն տեղը առնելու` անմիջապէս որ անոնք հեռանան:
Նախագահ Աուն նաեւ ՄԱԿ-ի օգնութիւնը խնդրեց սուրիացի գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնելու, «մանաւանդ անոնց գաղթին յանգած քաղաքական եւ ապահովական պատճառներուն վերացումէն ետք»:
Հանդիպումի աւարտին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Կութիերես ըսաւ. «Իսրայէլեան ուժերու հեռացումով եւ լիբանանեան բանակին լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ ներկայութեամբ կարելի պիտի ըլլայ խաղաղութեան նոր էջ բանալ, եւ ես գիտեմ, որ լիբանանցիները իւրայատուկ են իրենց մեծ եռանդով, արտակարգ տոկունութեամբ ու քաջութեամբ, եւ գիտեմ, որ հազիւ տագնապը աւարտի, վերաշինութեան հոլովոյթը պիտի սկսի»:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ իր հանդիպումի ընթացքին ողջունեց անոր բոլոր դիրքորոշումները, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հարաւային Լիբանանի մէջ թափած ջանքերն ու զոհողութիւնները, ինչպէս նաեւ հնգանդամ յանձնախումբին մէջ դերակատարութիւնը:
Պըրրի ըսաւ, որ Իսրայէլ պէտք է ըստ զինադադարի համաձայնութեան հեռանայ լիբանանեան հողերէն, որ տակաւին բռնագրաւման տակ կը պահէ, ինչպէս նաեւ պէտք է դադրեցնէ գիւղերու եւ դաշտերու քանդումն ու հրկիզումը:
Հանդիպումէն ետք Կութիերես յայտնեց. «Պըրրիին փոխանցեցի ՄԱԿ-ի ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին` անոնց պատմութեան մէջ այս կարեւոր պահուն մէջ»` աւելցնելով. «Ես կատարելապէս վստահ եմ, որ Լիբանան մօտ օրէն պիտի ունենայ կառավարութիւն մը, որուն մէջ լիբանանցի ժողովուրդի բոլոր կողմերը ներկայացուած պիտի ըլլան»:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ներկայութիւնը պէտք է ճշդուած պահուն վերջ գտնէ` գործադրելով զինադադարի համաձայնութիւնը, ինչ որ լիբանանեան բանակին կարելիութիւն կ՛ընձեռէ իր իշխանութիւնը տարածել», շեշտեց Կութիերես:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ հանդիպում ունեցաւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ եւ ՄԱԿ-ի ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ ընթացող հոլովոյթին:
«Մենք համոզուած ենք, որ այս զարգացումը Լիբանանի համար արտակարգ տեսակարար ոստում պիտի ըլլայ», նշեց ան` յայտարարելով. «ՄԱԿ-ը լիովին կը զօրակցի Լիբանանի հանրապետութեան ու կառավարութեան` Լիբանանին ամբողջական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով զօրակոչի ենթարկելու համար միջազգային ընտանիքը», նշեց Կութիերես` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք է վերստանձնէ Միջին Արեւելքի մէջ իբրեւ առանցքային կեդրոն իր դիրքը:
Սալամ իր կարգին յայտնեց. «Այն, ինչ որ հիմա գիտեմ, այն է, որ պիտի կարենանք ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին վստահիլ զօրակոչի ենթարկելու դիւանագիտական աջակցութիւնը` ապահովելու համար իսրայէլեան հեռացումը այն օր, երբ պէտք է ամբողջացուցած ըլլայ անոնց հեռացումը, եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ ամէն ջանք պիտի թափէ վերակառուցման համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի երէկ նշած խորհրդաժողովին համար, որ մօտ օրէն պիտի գումարուի եւ միջազգային մեծագոյն աջակցութիւնը պիտի ապահովէ»:
Սալամ նաեւ շեշտեց. «Սուրիոյ մէջ կացութեան փոխուելով, մենք կարիքը ունինք ՄԱԿ-ի հետ սկսելու Լիբանան գտնուող սուրիացի գաղթականներուն անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձին պատրաստուելու»:
Նշենք, որ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ուրբաթ օր Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղի իր այցելութեան աւարտին նշած է, թէ հաւաստիացումներ ունի, թէ Իսրայէլ 60- օրեայ ժամանակաւոր զինադադարը պիտի չերկարաձգէ: