Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինադադարի Համաձայնութեան Ուժի Մէջ Մտնելէն Ետք Կազացիները «Յաղթանակ» Կը Տօնեն

Յունուար 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազայի մէջ զինադադարի եւ գերիներու փոխանակման համաձայնութիւնը երէկ որոշ ուշացումով ուժի մէջ մտաւ, որմէ ետք Կազայի բնակչութիւնը փողոց դուրս եկաւ «յաղթանակ» տօնելու եւ աւերակներուն մէջէն սկսաւ ուղղուիլ իր բնակավայրեր:

Զինադադարը պիտի սկսէր առաւօտեան ժամը 8:30-ին, սակայն Իսրայէլ մէկ ժամ առաջ սառեցուց իր համաձայնութիւնը` պաղեստինեան Համաս շարժումը ամբաստանելով ազատ արձակուելիք իսրայէլացիներու անունները չյանձնելով: Համաս նշեց, որ ուշացումը «թեքնիք» խնդիրներու պատճառով է: Համաս աւելի ուշ անունները փոխանցեց, եւ զինադադարը ուժի մէջ մտաւ ժամը 11:15-ին:

Քանի մը ժամուան ուշացումի ընթացքին իսրայէլեան օդուժը շարունակեց հարուածել Կազան` սպաննելով 19 անձեր: Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր 46913 պաղեստինցիներ սպաննուած են:

Համաս յայտնեց, որ իւրաքանչիւր իսրայէլացի պատանդի դիմաց Իսրայէլ 90 պաղեստինցի բանտարկեալներ ազատ պիտի արձակէ: Պաղեստինեան շարժումը ազատ արձակեց երեք կիներ` Տորոն Շթայնպրեխըրը, բրիտանական-իսրայէլեան քաղաքացիութեան տէր Էմիլի Տամարին եւ ՌոմիԿոնենը:

Այսպիսով ընթացք առաւ համաձայնութեան 6 շաբաթ տեւողութեամբ առաջին փուլը, որուն պիտի հետեւին 2 այլ փուլեր:

ՄԱԿ յայտարարեց, որ օժանդակութիւններով բեռցուած առաջին բեռնակառքերը Զիքիմ եւ Քարամ Ապու Սալեմ սահմանային անցքերուն ճամբով մուտք գործած են Կազա:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլի անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր եւ անոր կուսակից նախարարները հրաժարած են իսրայէլեան կառավարութենէն:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ իր կարգին սպառնաց հրաժարիլ կառավարութենէն, եթէ Իսրայէլ դադրեցնէ Կազայի մէջ Համասի վրայ պատերազմը: Ան նշեց, որ պիտի չմնայ կառավարութեան մը մէջ, որ պատերազմը կը դադրեցնէ:

«Պիտի տապալեմ կառավարութիւնը, եթէ չվերադառնայ Կազայի մէջ կռիւի այնպիսի ձեւով մը, որ անոր վրայ մեր ամբողջական վերահսկողութեան հաստատումը եւ զայն կառավարելը կ՛արտօնէ», յայտարարեց ան` աւելցնելով. «Պէտք է Կազան գրաւենք եւ զինուորական ժամանակաւոր իշխանութիւնը պարտադրենք, որովհետեւ այդ է Համասը պարտութեան մատնելու միակ ուղին»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահար ըսաւ, որ զինադադարի համաձայնութիւնը Իսրայէլին «սուղ գին» արժեց: Ան Երուսաղէմի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պնդեց, որ Կազայի մէջ Համասի իշխանութիւնը նկատառելի սպառնալիք է թէ՛ Իսրայէլի անվտանգութեան, թէ՛ ալ պաղեստինցի ժողովուրդին համար:

«Երկու կողմերուն համար ալ ապագայ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ անվտանգութիւն պիտի չըլլայ, եթէ Համաս Կազայի մէջ իշխանութեան վրայ մնայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իսրայէլ յանձնառու է իրագործելու Կազայի պատերազմի իր նպատակները, ներառեալ պատանդներու վերադարձն ու Համասի կազմաքանդումը»:

«Զինադադարը ժամանակաւոր է եւ որեւէ յաւելեալ մնայուն զինադադարի շուրջ բանակցութիւն տեղի պիտի չունենայ մինչեւ համաձայնութեան 16-րդ օրը», նշեց Սահար` զգուշացնելով, որ եթէ Համասի վերացումն ու պատանդներու վերադարձը ներառող «գոհացուցիչ» համաձայնութիւն մը չգոյանայ, Իսրայէլ պիտի վերսկսի Կազայի մէջ իր պատերազմը:

Մինչ այդ, ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Թրամփի վարչակազմը կը սերտէ վերաշինութեան ընթացքին Կազայի բնակչութեան մէկ մասը արտասահման փոխադրել եւ հիւրընկալ երկիրներու շարքին կ՛առաջարկէ Ինտոնեզիան»:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Մերժէ Զինուորական Անջատ Պլոք Մնալու Քրտական Առաջարկ Մը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?