Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ «Շատ Շուտով» Պիտի Հանդիպի Փութինի Հետ

January 16, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ կը ծրագրէ «շատ շուտով»` 20 յունուարին նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպիլ:

«Ես ատիկա կ՛ընէի աւելի շուտ, սակայն (…) նախ պէտք է հասնիլ գրասենեակ: Որոշ գործերու համար պէտք է գրասենեակին մէջ ըլլալ», ըսած է Թրամփ` «Նիուզմաքս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Պատասխանելով Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը դադրեցնելու իր ռազմավարութեան մասին հարցումին` Թրամփ մասնաւորաբար ըսած է. «Կայ միայն մէկ ռազմավարութիւն, եւ անիկա կախեալ է Փութինէն»:

«Չեմ կրնար պատկերացնել, որ ան ոգեւորուած է իրադարձութիւններու զարգացումով, որովհետեւ անոր համար ալ ամէն ինչ յաջող չ՛ընթանար», նշած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը:

Մայք Ուոլց, զոր Թրամփ նշանակած է իբրեւ ազգային անվտանգութեան խորհրդական, մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Թրամփի եւ Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկայ օրերուն կամ շաբաթներուն:

Ըստ Ուոլցի, որ զրոյցը պիտի ըլլայ առաջին քայլը դէպի Թրամփ-Փութին վեհաժողով, որուն նախապատրաստական աշխատանքները արդէն կ՛ընթանան:

«Մենք տակաւին չենք որոշած հանդիպումին ստոյգ ձեւաչափը, սակայն այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք», ըսած է քոնկրեսականը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի պիտի մասնակցի՞ հանդիպումին:

Անցեալ ուրբաթ Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած էր, որ Փութին պատրաստ է հանդիպելու Թրամփի հետ: Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը նախապէս յայտարարած էր, որ ռուսական եւ ամերիկեան կողմերը կ՛աշխատին բարձր մակարդակի հանդիպում կազմակերպելու ուղղութեամբ:

 

Նախորդը

Կազայի Մէջ Զինադադարի Եւ Գերիներու Փոխանակման Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Ներկայացուցիչները Յունուարին Տեսակցած Են Պաքուի Մէջ Ապօրինի Պահուող Հայերուն Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.