Ակնարկ. Անգարայի Նշմարած «Յոյսի Շողը»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հաստատած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու յոյսի շող կայ: Ակնարկը ուղղակի Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն կը վերաբերի: Յայտարարութեան պահը այնպիսին է, որ Սուրիոյ իշխանափոխութիւնը կատարելէ ետք Անգարան այս անգամ կը դառնայ Հարաւային Կովկաս եւ կը խօսի Հայաստան-Ազրպէյճան հաւանական համաձայնութեան մասին: Բանակցութիւններու արդիւնաւորումը, ըստ Պաքուի, արգելակիչ երկու կէտ ունի Երեւանի կողմէ: Առաջինը` Սահմանադրութիւնը, երկրորդը` Երեւանի ներկայացուցիչներուն տարբեր...




















