Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Քանատան Պէտք Է Դառնայ Մեր Սիրելի 51-րդ Նահանգը»

February 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Քանատայէն ապրանքներու ներածման համար 25 առ հարիւր մաքսատուրքեր սահմանելէ ետք, կրկնած է, որ դրացի երկիրը պէտք է դառնայ Միացեալ Նահանգներու «սիրելի 51-րդ նահանգը»: «Սքայ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թրամփ այս մասին գրած է «Թրութ Սոշըլ» հարթակին վրայ:

«Մենք հարիւր միլիառաւոր տոլարներ կը վճարենք Քանատային օգնելու համար, ինչո՞ւ, պատճառ չկայ: Մեզի ոչինչ պէտք է այն ամէնէն, որ անոնք ունին: Մենք ունինք անսահմանափակ ուժանիւթ, պէտք է արտադրենք մեր սեփական ինքնաշարժները, եւ ունինք աւելի շատ փայտանիւթ, քան երբեւէ կրնանք օգտագործել», գրած է ան:

Թրամփ պնդած էր, որ առանց «զանգուածային դրամական օգնութեան» Քանատան «պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ իբրեւ կենսունակ երկիր»:

«Հետեւաբար, Քանատան պէտք է դառնայ մեր սիրելի 51-րդ նահանգը: Պիտի ըլլան շատ աւելի ցած տուրքեր եւ շատ աւելի լաւ զինուորական պաշտպանութիւն Քանատայի ժողովուրդին համար. պիտի չըլլան մաքսատուրքեր», գրած է ան:

Նշենք, որ Թրամփի կողմէ քանատական արտադրութիւններու վրայ 25 առ հարիւրի մաքսատուրքի հաստատումէն ետք, Քանատան հակադարձեց ամերիկեան արտադրութիւններուն վրայ 25 առ հարիւրի մաքսատուրքի հաստատումով:

Թրամփ նոյն քայլին դիմեց Մեքսիքայի պարագային: Մեքսիքայի նախագահ Լոտիա Շինպաում կիրակի օր յայտարարեց, որ կը սպասէ երկխօսութիւն կատարելու իր առաջարկին Թրամփի պատասխանին: Ան «նամակ մեքսիքացի ժողովուրդին» խորագրեալ պատգամին մէջ յայտնեց. «Կ՛առաջարկեմ սպասենք Թրամփի մեր առաջարկին պատասխանին»: Ան շաբաթ օր առանց մանրամասնելու «մեքսիքայի շահերու պաշտպանութեան համար մաքսային ու ոչ մաքսային քայլեր» յայտարարած էր:

«Խնդիրները մաքսատուրքերու հաստատումով չեն լուծուիր», իր նամակին մէջ ըսաւ ան` շեշտելով. «Մեքսիքան դիմակայում չ՛ուզեր», եւ յիշեցուց իր նշանաբանը. «Համակարգում` այո՛, հետեւորդութիւն` ո՛չ»:

Մեքսիքայի նախագահը իր նամակին մէջ աւելցուց. «30 տարիէ ի վեր անոնք (մաքսատուրքերը, «Ա.») գոյութիւն չունին, որովհետեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիր ունինք»: Համաձայնագիրը 1 յունուար 1994-ին ստորագրուած էր Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքայի միջեւ:

Մեքսիքայի նախագահը մեքսիքական կառավարութեան ուղղուած Թրամփի ամբաստանութիւնը, թէ առնչակից է «կազմակերպուած ոճիրին»` թմրեցուցիչի աւազակախումբերուն, նկատեց «անպատասխանատու» եւ «կեղծ ամբաստանութիւն»:

Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիքայի նախագահները երէկ երեկոյեան անջատաբար յայտարարեցին, որ համաձայնած են մաքսատուրքերու հաստատումը մէկ ամիսով յետաձգել:

 

Նախորդը

Ֆիտան. «Թուրքիան Պատրաստ Է Ընդունելու Իսրայէլի Կողմէ Ազատ Արձակուած Պաղեստինցիները»

Յաջորդը

Ռուպիօ Ամերիկեան Քայլէ Կը Զգուշացնէ, Եթէ Փանամայի Ջրանցքին Շուրջ «Անընդունելի Կացութեան» Գծով «Անմիջական Փոփոխութիւններ» Չըլլան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.