ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խստիւ դատապարտեց Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի անարգ սպանութիւնը:
Ան շեշտեց, որ հայր սուրբին սպանութիւնը հետեւանք է երկրին մէջ անապահով վիճակին` ընդգծելով, որ քստմնելի այդ ոճիրը առաջինը չէ դժբախտաբար:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնն ու դատական իշխանութիւնները անմիջապէս գործի լծուած են, եւ այս ոճիրին գծով հետաքննութիւն բացուած է:
«Կ՛ակնկալուի, որ ապահովական կառոյցները փութան ձերբակալելու ոճրագործը, ըլլայ ան Լիբանանի թէ Սուրիոյ մէջ, եւ զայն ենթարկեն ծանրագոյն պատիժներուն», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի սպանութիւնը բնականաբար իրարանցում ստեղծեց լիբանանահայութեան մօտ, որովհետեւ ան յարգուած ու սիրուած հոգեւորական է: «ՀՅ Դաշնակցութիւնը կրցաւ զսպել Պուրճ Համուտի մէջ արձանագրուած իրարանցումը` նկատի ունենալով, որ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան Պուրճ Համուտի զաւակ է, եւ անոր ծնողքին բնակարանը հոն կը գտնուի, ունի ծանօթութիւններ եւ շատ սիրուած անձնաւորութիւն է: Իրարանցումը պատահեցաւ Պուրճ Համուտի բնակիչներուն եւ սուրիացիներու միջեւ», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով ՀՅ Դաշնակցութիւնը մեղադրող կոչերուն եւ այն պահանջներուն, թէ Դաշնակցութիւնը պէտք է ապահովութիւն պարտադրէ, ան ըսաւ. «Կուսակցութիւններուն կողմէ ուրոյն անվտանգութիւն պարտադրելու օրերը անցած են, եւ բոլորս վկայ ենք այդ իրականութեան հետեւանքներուն: Ընդհակառակն` մեր ընտրանքը պետութիւնն է եւ մեր ուժը կը կեդրոնանայ սադրանքները կանխարգիլելու ու զսպելու մէջ: Պուրճ Համուտը համերաշխութեան եւ հոն գտնուող բոլոր համայնքներուն միջեւ համակեցութեան շրջան է: Մեր շրջանին մէջ կը գտնուին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը, հոն կ՛ապրին տեղահանուածներ եւ սուրիացի ու ոչ սուրիացի բանուորներ: Օրին, երբ բարձրաձայնեցինք շրջանին մէջ բնակչութեան խիտ ըլլալը եւ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութեան հարցը, ոչ ոք լուրջ ընդունեց մեր ըսածը: Մենք կատարեալ պատասխանատուութեամբ կը հաստատենք, որ շրջանին մէջ ապահովութեան ջատագովն ենք, որովհետեւ կը փափաքինք, որ այս շրջանին մէջ համերաշխութեան սկզբունքին համաձայն ապրին բոլորը: Երկրին անապահով իրավիճակը աւելի խախուտ դարձնող տարրը մենք չենք: Նման կացութիւններու ընթացքին պէտք է ըլլալ զգաստ եւ ծուղակին մէջ չիյնալ: Հաւանաբար ամէնէն դիւրին քայլը զէնքով ինքզինք պարտադրելն է, սակայն մենք մեզի կը պարտադրենք արգիլելով սադրանքը, որուն կայծը չենք գիտեր ուրկէ՛ կը սկսի, սակայն հաստատ գիտենք, թէ ինչպէս կ՛աւարտի: Մենք այս հարցին եւ կացութեան հետ կատարեալ պատասխանատուութեամբ կը վարուինք եւ չենք արտօներ, որ ժողովրդահաճոյ արտայայտութիւնները հարուածեն ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ անոր ներկայացուցիչը: Պետութիւնն է, որ իր պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները պէտք է կատարէ»:
Պուրճ Համուտի մէջ օտարներու կեցութիւնը կարգաւորելու վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը եղած է առաջիններէն, որ տուրք պարտադրած է շրջանին մէջ օտարներու ապօրինի կեցութեան, ինչպէս նաեւ վարձքերու պարագային պարտադրած է քաղաքապետարանին մօտ արձանագրութիւններ պահել եւ օրինական համաձայնագիրներու հիման վրայ կատարել վարձքերու հոլովոյթը: «Այս իմաստով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան միջեւ կայ հեզասահ գործակցութիւն: Մենք մեզմէ ակնկալուածը աւելիով կը կատարենք, սակայն նաեւ բոլորին ծանօթ են քաղաքապետութիւններուն եւ անոնց ոստիկանութեան սահմանափակ իրաւասութիւնները` անօրինութիւնները զսպելու իմաստով: Քաղաքապետութեան եւ ՀՅԴ-ի պատասխանատուներուն ու երկրի ապահովական կառոյցներուն միջեւ կայ շուրջօրեայ գործակցութիւն, սակայն մենք պիտի չստեղծենք այնպիսի հարցեր, որոնք կրնան վնասել լիբանանահայութեան եւ Լիբանանին», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը` մեկնելով Լիբանանի գերագոյն շահերէն, նախագահական խոստումէն եւ վարչապետին սկզբունքներէն, զօրակցութիւն յայտնեց Նաուաֆ Սալամի նշանակումին:
«Սակայն իրականութեան մէջ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին պարագային ո՛չ նախագահական խոստումը եւ ո՛չ ալ վարչապետին սկզբունքները կը գործադրուին: Նախարարութիւնները փոխանակելու սկզբունքին մասին իմացանք, որ մեզի կրնայ յանձնուիլ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, որ ստանձնած էինք նախորդ կառավարութեան ընթացքին: Յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ կարգ մը համայնքներ կը ստանան մեծ նախարարութիւններ եւ այլ համայնքներու պարագային նկատի կ՛առնուին միայն որոշ նախարարութիւններ:
«Մեզի համար կրնայ հասկնալի ըլլալ, որ կուսակցականներ չներկայացուին կառավարութեան մէջ եւ նախարարները ըլլան փորձագէտներ, թէեւ կրնան ըլլալ մեծ թիւով կուսակցականներ, որոնք աւելի ատակ են նման պատասխանատուութիւն ստանձնելու: Փորձագէտներուն պարագային եւս կարելի չէ գիտնալ, թէ ի՛նչ չափանիշերու հիման վրայ է, որ կարգ մը թեկնածուներու անուններ շրջանառութեան մէջ կը դրուին:
«Վարչապետ Սալամի հետ մեր վերջին հանդիպումը անցեալ հինգշաբթի օրն էր, եւ ցարդ ոչ մէջ հաղորդակցութիւն կայ անոր հետ: Ընդհակառակն` մամուլով կը կարդանք անուններ, որոնք մեր թեկնածուները չեն, եւ անոնց մասին մեզ հետ ոչ մէկ քննարկում կատարուած է:
«Կը պահանջենք, որ այս ընթացքը սրբագրուի, եւ եթէ մենք պատասխանատուութեամբ ու համոզումով պիտի զօրակցինք ու մասնակցինք կառավարութեան աշխատանքին, ապա կը մերժենք, որ մեր վրայ պարտադրուի հայ նախարարը, որուն գործելիք քաղաքական սխալներուն պատասխանատուութիւնը մենք կրենք: Ի վերջոյ կը խօսինք նախարարաց խորհուրդին մասին եւ ոչ թէ լիբանանեան ընկերութեան մը վարչութեան», հաստատեց ան:
Կի Մանուկեանի թեկնածութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր թեկնածուները ներկայացուցած է վարչապետին եւ աւելցուց. «Ամբողջ յարգանքովս բարեկամ Կի Մանուկեանին, սակայն արդեօ՞ք նկատի ունենալով փայլուն երաժիշտ մը եւ պասքեթպոլի մարզիկ մը ըլլալու անոր հանգամանքը, անոր առաջարկուի ստանձնել երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը: Ի վերջոյ այս նախարարութիւնը կարիք ունի Լիբանանի երիտասարդութեան ռազմավարութեան, եւ մենք` իբրեւ մասնակից նոր կազմուելիք կառավարութեան, մեր պատասխանատուութիւնը ունինք մեր համայնքին դիմաց: Բոլոր համայնքները ունին իրենց մտավախութիւնները, եւ այդ բոլորը պէտք է նկատի առնուին», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ կառավարութեան մէջ հայ նախարարը լիբանանահայութեան նախարարն է, «ճիշդ է, որ մենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշնակից ենք, սակայն թող համաձայնութիւնը կատարուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ առանձի՛ն, իսկ ՀՅ Դաշնակցութեան հետ առանձի՛ն»: