Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քաթար Հաստատօրէն Լիբանանի Վերաշինութեան Թղթածրարին Մէջ Ներկայ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

February 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի երէկ Լիբանան այցելելով հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ` ողջունելով անոր նախագահ ընտրութիւնը` նշելով, որ իր այցելութիւնը Քաթարի պետութեան կողմէ Լիբանանի աջակցութեան այցելութիւն է:

«Անհամբեր կը սպասենք լիբանանեան նոր կառավարութեան կազմութեան ամբողջացման եւ լիբանանցի ժողովուրդի յոյսերու իրականացման: Քաթարի յանձնառութիւնը յայտնեցինք լիբանանեան զինեալ ուժերու աջակցութեան շարունակման, եւ մենք կը շեշտենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Լիբանան վերատիրանայ իր գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ շեշտեցինք զինադադարը հաստատելու եւ հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան բանակի հեռացման անհրաժեշտութիւնը», նշեց Քաթարի վարչապետը:

Ան շեշտեց, որ Քաթար հաստատօրէն ներկայ պիտի ըլլայ Լիբանանի վերաշինութեան, եւ յայտնեց. «Մենք անհամբեր կը սպասենք կառավարութեան կազմութեան եւ անհամբեր կը սպասենք նաեւ Լիբանանի հետ գործընկերութեան իրագործման»:

«Տարուան սկիզբէն ի վեր շրջանին մէջ ցուցանիշները դրական ուղղութեամբ կ՛ընթանան, եւ մենք կը ջանանք իրագործել Կազայի մէջ զինադադարի բոլոր կէտերը եւ գործադրել երկրորդ փուլ», աւելցուց ան:

Նախագահ Աուն իր կարգին յայտնեց, որ Քաթար միշտ ալ Լիբանանի կողքին եղած է եւ դժուար պահերուն մէջ լիբանանցիներուն օգնող:

«Մենք անհամբեր կը սպասենք քաթարցի եղբայրներուն Լիբանան վերադարձին, եւ բարձր կը գնահատենք Լիբանանի տնտեսութեան աջակցութեան մէջ քաթարեան դերակատարութիւնը, մասնաւորաբար քարիւղի եւ կազի մարզին մէջ, եւ անհամբեր կը սպասենք «Թոթալ Էներճիզ»-ի հետ գործակցաբար հորատման աշխատանքները շուտով շարունակելու», նշեց նախագահը:

Նախորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ապահովութեան Խորհուրդին Իսրայէլի Դէմ Բողոք Ներկայացուց

Յաջորդը

Վերջին Օծում Եւ Կարգ Թաղման` Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Տիրոյթ Եւ Փոխարինման Փորձեր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Տիրոյթ Եւ Փոխարինման Փորձեր

September 23, 2026
Սաղաթէլեան. «Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խեղաթիւրել Իրականութիւնը»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Խեղաթիւրել Իրականութիւնը»

September 23, 2026
Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի  Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր  Ժողովներ Գումարուած Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր Ժողովներ Գումարուած Են»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.