Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը ծրագիրներ կը մշակէ ամերիկեան բոլոր ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու շուրջ: Այս մասին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն երկու պաշտօնատարներ երեքշաբթի օր յայտնած են «Էն.Պի.Սի. Նիուզ»-ին:
Պաշտօնատարները ըսած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ անոր մօտիկ եղող պաշտօնատարներ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են, ինչ որ Փենթակոնի պաշտօնատարները մղած է 30, 60 կամ 90 օրուան ընթացքին ամբողջական հեռացման ծրագիրներ մշակելու:
Պաշտօնատարները հաղորդած են, թէ Թրամփի ազգային ապահովութեան խորհրդատու Մայք Ուալց ուրբաթ օրը անցուցած է Ֆլորիտայի Թամփա քաղաքին մէջ գտնուող ամերիկեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին մէջ, ուր հանդիպում ունեցած է բարձրաստիճան զինուորականներու հետ եւ Միջին Արեւելքի վերաբերեալ զեկուցումներ լսած:
Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը ըսած է, որ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հաւանական կրճատումը զեկուցումի նիւթ կամ Ուալցի այցելութեան նպատակը չէ եղած, այլ «ամբողջ շրջանին վերաբերեալ ըմբռնում ունենալու համար` նշելով, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երեքշաբթի օր Սպիտակ տուն այցելած է եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւոր յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ:
Անցեալ հինգշաբթի Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրատուամիջոցներու ընդունելութեան մը ընթացքին լրագրող մը Թրամփին հարցուցած է լուրերու մասին, թէ իսրայէլեան կառավարութիւնը տեղեակ պահած է Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման մասին: «Չեմ գիտեր ո՛վ ատիկա ըսաւ, սակայն ատիկա կը յստակացնենք: Սուրիոյ մէջ առնչուած չենք: Սուրիան ինքն իր խնդիրն է: Այդտեղ բաւարար խնդիրներ ունին: Անոնք անոնցմէ իւրաքանչիւրին առնչուած ըլլալնուս կարիքը չունին», պատասխանած է Սպիտակ տան ղեկավարը:


