Երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարուեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի միջեւ աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ եռակողմ ժողով մը:
Ստեղծուեցաւ այն ակնկալութիւնը, որ հանդիպումի աւարտին կառավարութեան կազմութիւնը պիտի յայտարարուի: Այդ սպասումը առաւել եւս ամրապնդուեցաւ, երբ հաղորդուեցաւ, թէ վարչապետարանի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքիէ եւ փրոթոգոլի ու հասարակական կապերու ընդհանուր տնօրէն Լահուտ Լահուտ կանչուած են նախագահական պալատ:
Աւելի ուշ, սակայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ետեւի դուռէն հեռացաւ նախագահական պալատէն, եւ քանի մը վայրկեան ետք անոր հետեւեցաւ նշանակեալ վարչապետ Սալամը` առանց յայտարարութիւն կատարելու:
«Նաշրա» հաղորդած էր, որ Աուն-Պըրրի-Սալամ հանդիպումը պիտի վճռէ 5-րդ շիի նախարարի ճշդումը, «եւ կը սպասուի, որ կառավարութեան կազմութիւնը այսօր յայտարարուի»: «Էմ.Թի.Վի.» հաղորդեց, որ շիի 5-րդ նախարարի անունին շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի:
Աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութիւնը խանգարող կէտը հիմնականին մէջ շիի 5-րդ նախարարի նշանակումն է, եւ հարցերը տակաւին յաւելեալ քննարկումի կը կարօտին:
Աղբիւրները նշեցին, որ Պըրրի նախագահական պալատ բարձրացած է այն հիմամբ, որ ժողովի ընթացքին 3 անուններէ բաղկացած ցանկի մը հիմամբ համաձայնութիւն գոյացուի, սակայն Սալամ պնդած է, որ այդ նախարարը ինք պիտի նշանակէ:
Միւս կողմէ, Պաապտայի պալատին մէջ եռակողմ հանդիպումի ընթացք առնելէն ետք, Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղասսան Հասպանի յայտարարեց. «Պետութեան իշխանութեան տարածման ու բարեկարգումի կառավարութիւնը կը կազմուի»:
«Անոր մեր մասնակցիլը որոշեցինք` երաշխաւորելով, որ նախարարական ուղերձը կապ ունենայ (նախագահի) երդման ճառին հետ, ինչ կը վերաբերի իր ամբողջ հողերուն վրայ պետութեան գերիշխանութեան, զէնքի մենաշնորհի եւ իր օրինական ուժերով պաշտպանուելու իրաւունքին», եւ «երաշխաւորելով, որ կառավարութեան բարեկարգչական աշխատանքը չխափանուի ելեւմուտքի նախարարութեան կամ որեւէ այլ կողմէ»:
«Փորձառու եւ բարձր կարողութիւններու անձնաւորութիւններով գերիշխանական ու հիմնական նախարարութիւններու ստանձնումը բարեկարգչական վարչապետին հետ կը նպաստէ բարեկարգումներու աշխատանքը մեկնարկելուն», շեշտեց երեսփոխանը` նշելով. «Պէտք է ստեղծուի կառավարութեան մէջ գերիշխանական ու բարեկարգչական ուժերու ի նպաստ դրական հաւասարակշռութիւն` աջակցելու համար իշխանութեան յաջող մեկնարկին, միջազգային որոշումներու եւ յանձնառութիւններու կիրարկման համար»:
«Յաջողութիւն կը մաղթենք յառաջիկայ փուլին մէջ եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքը կը շարունակենք», ըսաւ Հասպանի: