Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Կը Տեսնենք, Թէ Իրողական Գետնի Վրայ Ո՛չ Երդման Ճառը, Ո՛չ Ալ Նշանակեալ Վարչապետին Ճշդած Սկզբունքները Կը Գործադրուին»

February 4, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Նիւ Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի սպանութեան, յայտնեց, որ ոճրագործը պէտք է ձերբակալուի, ան Լիբանանի մէջ ըլլայ, թէ Սուրիոյ մէջ, եւ պէտք է խստագոյն պատիժի ենթարկուի:

Անդրադառնալով հայր Անանիայի սպանութենէն ետք Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ հայերու եւ սուրիացիներու միջեւ կռիւին առիթով ընկերային ցանցերու եւ «Նիւ Թի.Վի.»-ի ճամբով հնչած այն տեսակէտներուն, թէ ՀՅԴ-ն պէտք է շրջանին մէջ ապահովութիւն հաստատէ, երեսփոխանը նշեց, որ այդ մէկը կուսակցութիւններուն պարտականութիւնը չէ, այլ պետական ապահովական մարմիններուն` աւելցնելով, որ կուսակցութիւնը միջամտեց եւ սադրանքը կանխարգիլեց, եւ այդ պէտք է ըլլայ կուսակցութիւններուն պարտականութիւնը, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ սարդանքը ուրկէ՛ կը սկսի, սակայն անցեալի փորձառութիւններէն գիտենք, թէ ո՛ւր կը վերջանայ, ուստի կը մերժենք կուսակցութեան հասցէին հնչած ժողովրդահաճոյ կեցուածքները:

Խօսելով կառավարութեան կազմութեան մասին` Բագրատունի յայտնեց. «Մենք կը մեկնինք Լիբանանի շահէն, նախագահի երդման ճառէն եւ նշանակեալ վարչապետի յայտարարած սկզբունքներէն, սակայն իրողական գետնի վրայ կը տեսնենք, թէ ո՛չ երդման ճառը, ո՛չ ալ նշանակեալ վարչապետին ճշդած սկզբունքները կը գործադրուին»:

Ան նշեց, որ անցեալ հինգշաբթի օրուընէ ի վեր կապ չէ հաստատուած կուսակցութեան հետ, եւ լրատուամիջոցներու ճամբով կը լսենք անուններ, «որոնց վերաբերեալ մեզի հետ չէ խօսուած»: «Կը մաղթենք, որ այս կացութիւնը սրբագրուի, որովհետեւ եթէ այս կառավարութեան պիտի զօրակցինք, եւ պէտք է զօրակցինք, եւ համոզումով զօրակցինք ու պատասխանատու ըլլանք կառավարութեան աշխատանքին, չենք կրնար ընդունիլ, որ մեզի նախարար մը պարտադրուի, եւ ապա անոր սխալներուն պատասխանատուութիւնը կրենք», ըսաւ Բագրատունի:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (4 Փետրուար 2025)

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.