Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջին Օծում Եւ Կարգ Թաղման` Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի

Փետրուար 5, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 1 փետրուար 2025-ի վաղ առաւօտուն վախճանեցաւ հայ եկեղեցւոյ ծառայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին հաւատարիմ զաւակ եւ շատերու բարեկամ ու սիրելի Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` զոհը դառնալով անողորմ ոճիրի մը:

Օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, երեքշաբթի, 4 փետրուար 2025-ի առաւօտեան, հայկական աւան Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցման, կատարուեցաւ հոգելոյս հայր սուրբին վերջին օծման արարողութիւնը` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, թեմի քահանայից դասուն ու դպրեվանեցիներու եւ ներկայութեամբ հիւր հոգեւորականներու ու բազմաթիւ հաւատացեալներու: Միաբան հայրեր, իրենց վաղամեռիկ ուխտակից եղբօր դագաղը շրջապատած, առ Աստուած կը բարձրացնէին իրենց աղօթքները` Աւետարանի ու սաղմոսի ընթերցմամբ: Հասաւ այն պահը, երբ անոնք ուսամբարձ Սուրբ խորան բերին հոգելոյս հայր սուրբը, որպէսզի ստանար իր վերջին օծումը:

Օծման արարողութեան աւարտին, սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի իր քարոզը կեդրոնացուց Պօղոս առաքեալի խօսքերուն վրայ. «Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք‚ բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք‚ բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են‚ բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած, բայց խորտակուած չենք» (Բ. Կր 4.8-9): Առաքեալին այս խօսքերը վեր առնելով` ան թելադրեց աղօթել, որպէսզի մեր սիրտը չպարպուի Աստուծոյ զգացումէն: Քարոզիչ սրբազանը իր դամբանական խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Երբ հաւաքուած ենք այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, մեր հաւատքը մեզի կը յուշէ, թէ ցաւեր կան, որոնք կը բուժուին դեղերով, բայց նաեւ կան ցաւեր, որոնք միայն կրնան բուժուիլ Աստուծոյ պարգեւած շնորհքով: Ուստի, մեր սուգին ու տրտմութեան մէջ, պէտք է խրատուինք եւ անդրադառնանք, թէ միայն աղօթքի զօրութեան հաւատացողները կրնան հրաշք յուսալ»:

Խօսելով հոգելոյս հայր Անանիային մասին` Շահէ արքեպիսկոպոս նշեց. «Այսօր հողին կը յանձնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան երիտասարդ ու ընտիր ուժերէն մէկը: Ան, փոքր հասակէն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքեան դաստիարակութեան շնորհիւ, քաղած էր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի սպասաւորութեան խորհուրդը, որ ի վերջոյ զինք պիտի առաջնորդէր խոնարհ հոգիով վերցնելու ծառայութեան լուծը: Իբրեւ հոգեւորական մարդ ու վարչական աշխատանքներու պատասխանատու, առատաշնորհ մշակ էր ողբացեալը: Արդարեւ, թէեւ շատ կարճ եղան հայր սուրբին ծառայութեան տարիները, սակայն իբրեւ ջերմութիւն ու խրախոյս փոխանցող խանդավառ քարոզիչ, Իրանէն մինչեւ Լիբանան, ան գործեց եռանդով ու իր բոլոր աշխատանքներուն մէջ զետեղեց նուիրում, խանդ ու եռանդ եւ ամէն տեղ արժանացաւ մեր ժողովուրդի սիրոյն ու գնահատանքին: Վարձքդ կատար, սիրելի՛ հայր սուրբ», եզրափակեց իր դամբանական խօսքը սրբազան հայրը:

«Ողջոյն»-ի պահուն, հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, հոգեւոր հայրեր Սուրբ խորան բարձրանալով` հրաժեշտի վերջին համբոյրը տուին իրենց հոգեւոր եղբօր:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հանգուցեալ Անանիա ծայրագոյն վարդապետին մարմինը փոխադրուեցաւ Անթիլիասի մայրավանք, ուր տեղի ունեցաւ թաղման գերեզմանի կարգի արարողութիւնը` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ պետական, կուսակցական ու միութենական բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու: Շարականներու, աւետարանական ու առաքելական նամակներու ընթերցանութեամբ` վեհափառ հայրապետը կատարեց հողի օրհնութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գերեզմանի կնքման արարողութիւնը:

Աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդունեց ցաւակցութիւններ:

Նախորդը

«Քաթար Հաստատօրէն Լիբանանի Վերաշինութեան Թղթածրարին Մէջ Ներկայ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ Զուիցերիոյ Դեսպանէն Պատասխան Նամակ Մը Ստացաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?