Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Կազայի Վերահսկողութիւնը Պիտի Ստանձնեն»

Փետրուար 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ամերիկեան-իսրայէլեան յարաբերութիւնները աւելի հզօր պիտի ըլլան, քան երբեւէ»:

Ան ըսաւ, որ հանդիպումը «կեդրոնացաւ ապագային, Համաս շարժումի ոչնչացման ձեւին ու խաղաղութեան վերականգնման վրայ»:

Թրամփ ըսաւ, որ ինք չի կրնար Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան շարունակումը հաստատել` նշելով. «Կ՛ուզենք յաւելեալ գերիներ դուրս բերել, սակայն չափազանց բարդ մարդոց հետ գործ ունինք»:

Անդրադառնալով Կազայի ապագային` Սպիտակ տան ղեկավարը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի ստանձնեն վերահսկողութիւնը շրջանին, որ կրնայ «Միջին Արեւելքի Ռիվիերան» ըլլալ: Ան համոզում յայտնեց, որ «Յորդանանի թագաւորն ու զօր. Սիսին (Եգիպտոսի նախագահը, «Ա.») մեզի հողեր պիտի տան կազացիներ այդտեղ տեղահանելու համար»:

«Միացեալ Նահանգներ պիտի ստանձնեն Կազայի վերահսկողութիւնը, նաեւ այդտեղ աշխատանք պիտի տանինք: Մեր սեփականութիւնը պիտի ըլլայ: Պատասխանատու պիտի ըլլանք այդ վայրին մէջ չպայթած ռումբերու եւ այլ վտանգաւոր զէնքերու վնասազերծման», ըսաւ Թրամփ:

Ան աւելցուց, որ իր վարչակազմը տակաւին «Այսրյորդանանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութեան» առնչութեամբ որոշում չէ տուած` նշելով, որ մօտ օրէն այդ առնչութեամբ որոշում պիտի հրապարակուի:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ իր երկիրը կը փափաքի «Իրանի հետ գործարք կնքել», սակայն առանց անոր հիւլէական զէնք ունենալ արտօնելու:

«Իսրայէլը կը սիրեմ, եւ մօտ օրէն պիտի այցելեմ, ինչպէս նաեւ Կազա եւ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ երկիրներ պիտի այցելեմ», յայտարարեց Թրամփ:

Պատասխանելով Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին հարցումին` Թրամփ ըսաւ. «Սէուտցիները հոյակապ են եւ պիտի ընեն այն, ինչ որ պէտք է ընեն»` աւելցնելով. «Շարք մը արաբական երկիրներ մօտ օրէն պիտի միանան բնականոնացման Աբրահամեան համաձայնութիւններուն, եւ միասնաբար պիտի աշխատինք Համասի ոչնչացումը երաշխաւորելու համար»:

«Սէուտցիները պաղեստինեան պետութիւն չեն պահանջեր», պնդեց ան:

Նախքան այդ, Թրամփ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ «Պաղեստինցիները Կազայէն հեռանալուն այլընտրանք չունին»` աւելցնելով, որ կ՛ուզէ, որ «Յորդանանն ու Եգիպտոսը առնեն Կազայի պաղեստինցիները»` նշելով, որ ինք իսրայէլացիներու Կազայի մէջ բնակեցման անհրաժեշտութեան չի զօրակցիր:

«Կազայի պաղեստինցիները պէտք է վերաբնակեցնել: Եգիպտոսն ու Յորդանանը պիտի ընդունին զանոնք հիւրընկալել` հակառակ իրենց հերքումներուն, եւ այլ պետութիւններ եւս պիտի ընդունին»:

«Ես պաղեստինցիներու Կազայէն յաւիտեանս դուրս բերման մասին կը խօսիմ», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Թրամփի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի վրայ ամերիկեան վերահսկողութեան հաստատման վերաբերեալ ծրագիրը պատմութիւնը կրնայ փոխել»:

Ան վստահութիւն յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն պիտի գոյանայ` ըսելով, որ անոր իրագործման յանձնառու է: «Կը կարծեմ, որ Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ խաղաղութիւնը ոչ միայն կարելի է, այլ պիտի իրագործուի»:

Նեթանիահու գովաբանեց Թրամփը եւ զինք որակեց «Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի բացարձակապէս մեծագոյն բարեկամը»:

Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց. «Թրամփի Կազայի բնակիչները հեռացնելու ծրագիրը հանրապետականներուն կողմէ մեծ զօրակցութիւն կը ստանայ»:

Արձագանգներ

Սէուտական Արաբիան շեշտեց պաղեստինեան պետութեան ստեղծման վերաբերեալ իր արմատացած ու հաստատ կեցուածքը: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ընդգծեց. «Գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը այս դիրքորոշումը յստակ ու բացայայտ կերպով շեշտեց, այնպիսի ձեւով մը, որ որեւէ պարագայի մեկնաբանութեան չի կարօտիր»:

Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի չհաստատուին նախքան պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը` նշելով, որ ասիկա դիրքորոշում մըն է, որ թագաւորութիւնը անցնող տարիներուն ընթացքին կրկնած է:

Աւստրալիոյ վարչապետ Էնթընի Պարնիզ շեշտեց, որ Կազայի նկատմամբ իր երկրին դիրքորոշումը չէ փոխուած` շեշտելով, որ կառչած կը մնայ «երկու պետութիւններու լուծում»-ին:

Համաս շարժումի ղեկավարներէն Սամի Ապու Զահրի Կազայի բնակիչներուն հեռանալու հրաւէրը որակեց «իրենց հողերէն վտարում»` նշելով. «Զայն կը նկատենք շրջանին մէջ քաոսի ու լարուածութեան ստեղծման ծրագիր մը, որովհետեւ Կազայի բնակիչները այսպիսի ծրագիրներու իրագործումը պիտի չարտօնեն»:

Համաս շարժումը նշեց. «Թրամփի Կազային վերահսկելու փափաքի վերաբերեալ յայտարարութիւնները ծիծաղելի են ու անհեթեթ, եւ նման որեւէ գաղափար կրնայ շրջանը կրակի տալ»:

Դեմոկրատական ծերակուտական Քրիս Մըրֆի ըսաւ, որ Թրամփ «խելքը ամբողջովին կորսնցուցած է: Միացեալ Նահանգներու Կազա ներխուժումը հազարաւոր ամերիկացի զինուորներու ջարդի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տասնամեակներով պատերազմի պիտի յանգեցնէ: Անիկա վատ կատակի պէս է»:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական անդամ Ճէյք Օշընքլոս իր կարգին ըսաւ, որ Թրամփի առաջարկը «անպատասխանատու եւ անտրամաբանական է»` աւելցնելով. «Ինչպէս միշտ, երբ Թրամփ քաղաքական կէտ մը կ՛առաջարկէ, ապա հովանաւորութեան եւ անձնական շահի հետ կապ կայ»:

Ակնարկելով Թրամփի եւ անոր փեսայ Ճարըտ Քուշների` ան ըսաւ. «Կ՛ուզեն այս վայրը հանգստավայրի վերածել»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Նախագահ Մահմուտ Ապպասն ու պաղեստինեան ղեկավարութիւնը բուռն կերպով կը մերժեն Կազան գրաւելու եւ պաղեստինցիները իրենց հայրենիքէն տեղահանելու կոչերը»` աւելցնելով. «Այս կոչերը միջազգային օրէնքի վտանգաւոր ոտնահարումներ են, եւ պիտի չարտօնենք մեր ժողովուրդին իրաւունքի ոտնահարումը»:

«Շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պիտի չիրագործուին առանց պաղեստինեան պետութեան ստեղծման… երկու պետութիւններ լուծումի հիմամբ», նշեց ան:

ՄԱԿ-ի մօտ Պաղեստինի դեսպան Ռիատ Մանսուր յայտնեց. «Մեր հայրենիքը` մեր հայրենիքն է, եւ եթէ անոր մէկ մասը` Կազան քանդուած է, ապա պաղեստինցի ժողովուրդը այնտեղ վերադառնալ ընտրեց»` աւելցնելով. «Կը կարծեմ ղեկավարներն ու մարդիկ պէտք է յարգեն պաղեստինցի ժողովուրդի փափաքը»:

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մայք Ճոնսըն յայտարարեց. «Նախագահ Տանըլտ Թրամփ այսօր Կազայի մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման յոյսով  յանդուգն քայլեր որդեգրեց»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց. «Պատրաստ ենք Կազան ղեկավարելու եւ զայն անգամ մը եւս գեղեցիկ դարձնելու»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց. «Թրամփ Միջին Արեւելքին կը յայտնէ, որ պիտի փոխէ անցնող 50 տարիներուն ընթացքին կիրարկուած ու չյաջողած ձեւը»:

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարարի պաշտօնէն հրաժարած Իթամար Պեն Ղաֆիր, մեկնաբանելով Կազայի վերաբերեալ Թրամփի յայտարարութիւնները, ըսաւ. «Կը թուի, թէ ասիկա գեղեցիկ բարեկամութեան մը սկիզբն է»:

Իսրայէլեան քաղաքական աղբիւր մը իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին յայտնեց. «Թրամփի եւ Նեթանիահուի հանդիպումին արդիւնքները գերազանցեցին մեր բոլոր սպասումներն ու երազները»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր նշեց. «Գաղթը տեղի կ՛ունենայ փափաքողներուն կամքով եւ զանոնք ընդունելու պետութիւններու պատրաստութեամբ, արդեօ՞ք ատիկա անբարոյական է»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Կազացիները տեղահանելը բան մըն է, որ ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ ալ շրջանի երկիրները կ՛ընդունին, անիկա անհեթեթ է եւ անոր քննարկումը` անիմաստ»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց «Պաղեստինեան իշխանութիւնը քաղաքական ու տնտեսական գետնի վրայ Կազայի մէջ իր առաքելութիւններու ստանձնման կարող դարձնելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ Կազան բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերուն մէկ մասն է»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի յայտնեց. «Պէտք է երաշխաւորենք իրենց հայրենիքին մէջ պաղեստինցիներուն ապագան»` նշելով. «Պէտք է Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինցիներուն բարգաւաճումը տեսնենք»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ «Կազայի բռնի տեղահանութիւնը միջազգային օրէնքի վտանգաւոր խախտում մը պիտի ըլլայ»` նշելով. «Կազայի բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը պաղեստինցիներու օրինական ձգտումներուն վրայ յարձակում մըն է, եւ կը քայքայէ շրջանի անվտանգութիւնը»:

Նախորդը

Ֆիտան. «Թուրքիան Իսրայէլի Դէմ Իր Որդեգրած Քայլերը Վերատեսութեան Պիտի Ենթարկէ, Եթէ Պաղեստինցիներու Սպանութիւնը Դադրի, Եւ Անոնց Պայմանները Փոխուին»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?