Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Ապօրինաբար Պահուող Գերիներուն  Ազատ Արձակման Վերաբերող Իրական Քայլերու  Ձեռնարկելու Պահանջով Ցոյց Երեւանի Մէջ

Պաքուի Մէջ Ապօրինաբար Պահուող Գերիներուն Ազատ Արձակման Վերաբերող Իրական Քայլերու Ձեռնարկելու Պահանջով Ցոյց Երեւանի Մէջ

28 փետրուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց կայացաւ բողոքի հաւաք` Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջով: Ցուցարարները` Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ ռազմաքաղաքական միւս ղեկավարներուն լուսանկարները պարզած, Հայաստանի իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրեցին Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու, պատանդներու շինծու դատավարութիւններուն եւ անոնց նկատմամբ խոշտանգումներուն վրայ: Բողոքի ցոյցին ընթացքին լրագրողներուն հետ զրուցեց ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան»...

Վարչապետ Սալամ Հարաւ Այցելեց

Վարչապետ Սալամ Հարաւ Այցելեց

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ զինուորական ուղղաթիռով հասաւ հարաւային Լիբանան: Ան լիբանանեան բանակի հրամանատարի տեղակալ զօր. Հասան Աուտէի ընկերակցութեամբ այցելեց Սուրի մէջ լիբանանեան բանակի զօրանոց, Մարժաայուն Եւ Խիամ: Սալամ Սուրի «Պենուա Պարաքաթ» զօրանոցին մէջ ժողով մը գումարեց, ապա հանդիպում ունեցաւ Տհէյրա գիւղի բնակչութենէն պատուիրակութեան մը հետ, որ զօրանոցին մօտ նստացոյց կը կատարէր: Ան մտիկ ըրաւ պատուիրակութեան անդամներուն պահանջներուն եւ ծանօթացաւ իսրայէլեան...

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

Մարմնակրթութեան եւ Երիտասարդութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Դոկտ. Պայրագտարեան նախագահ Աունին ներկայացուց նախարարութեան մէջ իր աշխատանքային ծրագիրը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան յարձակումի հետեւանքով քանդուած մարմնակրթական կառոյցներու վերաշինութեան համար քայլերը:

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր  Ժողովի Պաշտօնական Բացումը

Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովի Պաշտօնական Բացումը

Երէկ` չորեքշաբթի, 26 փետրուարին «Էլիթ փլազա» կեդրոնի «Մանթաշով» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի շուրջ 30 երկիրներէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ հայաստանեան քաղաքական շրջանակներէն: Ժողովի բացման արարողութիւնը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց Գէորգ Ղուկասեան: Իր ելոյթին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան...

Խորհրդարանը Կառավարութեան  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց

Խորհրդարանը Կառավարութեան Վստահութեան Քուէ Շնորհեց

Լիբանանի խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումը: Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց. «Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրները կրկնուող են: Կարեւորագոյնը գործադրութեան լրջութիւնն է եւ անկեղծութիւնը քաղաքական կամքին, որ նպաստեց կառավարութեան կազմութեան, եւ եթէ վստահութեան քուէ տանք, զայն փրկութեան նկատմամբ լիբանանցիներու յոյսին կու տանք: Մենք կը գտնուինք առիթի մը առջեւ, որ պէտք չէ կորսնցնենք»: «Մեզի օրէնսդրութիւններ չեն պակսիր,...

Այսօր Պոլսոյ Մէջ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ  Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Այսօր Պոլսոյ Մէջ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ 27 փետրուարին Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու նոր հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ երկու երկիրներու դեսպանատուներու աշխատանքի կարգաւորման: «Մեր բարձր մակարդակի դիւանագէտներն ու փորձագէտները պիտի հանդիպին եւ քննարկեն համակարգային խնդիրները, որոնք կուտակուած են (Միացեալ Նահանգներու)...

Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Համաձայնութիւն`  4 Իսրայէլացիներու Դիակներու Դիմաց Պաղեստինցիներու  Առկախուած Ազատ Արձակումի Կատարման Շուրջ

Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Համաձայնութիւն` 4 Իսրայէլացիներու Դիակներու Դիմաց Պաղեստինցիներու Առկախուած Ազատ Արձակումի Կատարման Շուրջ

Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է գերիներու վերջին փոխանակման ընթացքին ազատ չարձակուած պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման շուրջ: Համաս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ գերիները ազատ պիտի արձակուին Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան առաջին փուլի ընթացքին իսրայէլացի գերիներու դիակներու յանձնման հետ միաժամանակ: «Գահիրա Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանը նախքան այդ հաղորդած էր, որ միջնորդները գոյացուցած են համաձայնութիւն, որուն հիմամբ Իսրայէլ ազատ պիտի...

Խմբագրական.  Ազգ-Բանակ-Եկեղեցի Եռամիութեան  Գործնական Օրինակը (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Ազգ-Բանակ-Եկեղեցի Եռամիութեան Գործնական Օրինակը (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Ներկայ պայմաններուն մէջ Վարդանանց խորհուրդը կը ներկայանայ ազգ-բանակ-եկեղեցի միաւորումով: Երբ գոյութենական սպառնալիքի դիմաց գտնուած է հայրենիքը, ապա կայացած է այդ միաւորումը, պատմութեան զանազան փուլերուն: Քրիստոնէութեան ընդունումէն գիրերու գիւտ, Աւարայր, Սարդարապատ, Արցախ: Այս փուլերը ազգի շարունակականութեան ապահովման երաշխիքներ են եւ  խարսխուած են այս եռամիութեան վրայ: Խախտած է այսօր եռամիութիւնը, հակառակ անոր որ գոյաբանական սպառնալիքը կը յամենայ: Ներխուժուած են հայրենիքի գերիշխան տարածքներ,...

Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»

Խորհրդարանը Կը Քննարկէ Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը. Այսօր` Կառավարութեան Նկատմամբ Վստահութեան Քուէ

Լիբանանի խորհրդարանը երէկ սկսաւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումը, զոր այսօր պիտի աւարտէ, որմէ ետք ալ տեղի պիտի ունենայ կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան քուէարկութիւնը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նիստի սկիզբը վարչապետ Նաուաֆ Սալամէն խնդրեց կարդալ «Բարեկարգման ու փրկութեան» կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը: Վարչապետ Սալամ ըսաւ. «Ձեր առջեւ կը կանգնինք իբրեւ կառավարութիւն մը, որ միասնական է եւ յանձնառու Լիբանանի գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդը...

Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»

Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է, Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու նախկին օգնական Տէյվիտ Շենքըր «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին Իսրայէլի ամբողջական հեռացման ուշացումը արդարացուց յայտնելով. «Լիբանան յանձնառութիւն ստանձնած էր հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակէն տասը հազար զինուորներ տեղակայելու: Սակայն մինչեւ այս պահը տեղակայուած զինուորներուն թիւը չհասաւ վեց հազարի` զինուորագրման առնչուած խնդիրներու պատճառով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հետ սահմանի խնդիրներուն, ներքին անվտանգութեան ու...

Այսօր Կը Սկսի ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովը

Այսօր Կը Սկսի ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովը

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի հրաւէրով` 26 փետրուարին ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը պիտի սկսի իր աշխատանքները Հայաստանի մէջ: Վերջինս ՀՅԴ բարձրագոյն ժողովն է, որուն կը մասնակցին ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցի բոլոր շրջաններու եւ միաւորներու ներկայացուցիչները: Ընդհանուր ժողովը կը քննարկէ նախընթաց ժամանակահատուածի կուսակցութեան գործունէութիւնը, կազմակերպական ընդհանուր հարցերը, կը նախանշէ յառաջիկայ գործունէութեան համար ռազմավարական նշանակութեան ուղենիշները եւ կ՛ընտրէ կուսակցութեան բարձրագոյն գործադիր մարմին` ՀՅԴ Բիւրօ:...

Սուրիոյ Մէջ Ազգային Երկխօսութեան  Խորհրդաժողովը Կոչ Կ՛ուղղէ Խաղաղ  Գոյակցութեան Արժէքները Ամրապնդելու

Սուրիոյ Մէջ Ազգային Երկխօսութեան Խորհրդաժողովը Կոչ Կ՛ուղղէ Խաղաղ Գոյակցութեան Արժէքները Ամրապնդելու

Երէկ գումարուեցաւ Սուրիոյ մէջ ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը, որուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Կոչ կ՛ուղղենք խաղաղ գոյակցութեան արժէքները ամրապնդելու եւ փոխանցման արդարութիւնը իրագործելու»: Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ խորհրդաժողովին սկիզբը իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Զէնքի միութիւնն ու պետութեան մենաշնորհը ըլլալը շքեղութիւն չէ, այլ պարտաւորութիւն եւ պարտականութիւն»` աւելցնելով. «Սուրիան մասնատումը չ՛ընդունիր, որովհետեւ անիկա մէկ ամբողջութիւն է»: «Պէտք չէ ներածենք վարչակարգեր,...

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»

Քրեմլին. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Հաւասարակշռուած Դիրքորոշում Կը Ցուցաբերեն»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ (երկու երկիրներուն միջեւ) երկխօսութիւնը շարունակելու քաղաքական կամք ցուցաբերեցին»: «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ վերաբերեալ հաւասարակշռուած դիրքորոշում կը ցուցաբերեն, ինչ որ տագնապի լուծման հասնելու իսկական փափաք ցոյց կու տայ», ըսաւ Փեսքով: Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ռուսիոյ աջակցութեամբ որդեգրեց ամերիկեան որոշումի նախագիծ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ` Ուքրանիոյ...

Ակնարկ.  Դարձեա՛Լ 9-րդ Կէտին Եւ 3+3-ին Մասին

Ակնարկ. Դարձեա՛Լ 9-րդ Կէտին Եւ 3+3-ին Մասին

Ռուսիոյ դաշնութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը բազմաօրակարգ եղած է: Հիմնականները` Ուքրանիա, Հարաւային Կովկաս եւ Միջին Արեւելք: Նկատենք անմիջապէս, որ Հարաւային Կովկասը թէժ կէտերու ներառուած է իբրեւ առաջնահերթ օրակարգ: Տարբերութիւնը այն է, որ Ուքրանիոյ պարագային պատերազմը կը յամենայ, Կազան կը գտնուի պատերազմէն դէպի հրադադար անցումի մէջ, Հարաւային Կովկասը համեմատաբար առաջին երկու կէտերուն աւելի հանդարտ է: Կը վերադառնանք Հարաւային Կովկաս:...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի Մէջ Ներկայացուցիչ Լեւոն Ամիրջանեանը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի Մէջ Ներկայացուցիչ Լեւոն Ամիրջանեանը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու դեսպաններու պատուիրակութիւնը, որոնք կ՛ընկերակցէին Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի մէջ ներկայացուցիչ Լեւոն Ամիրջանեանին: Նախագահ Աուն յայտնեց. «Լիբանանը արեւելքը արեւմուտքին կապող կամուրջ է շնորհիւ պատմութեան ընթացքին միսիոնարները ընդունելու իր դերին, ուստի օգտուեցաւ ատկէ»` նշելով. «Լիբանանի մէջ ամէնէն հին հիմնարկները եւ համալսարանները ֆրանսախօս արմատներ ունին»: «Ֆրանսերէն լեզուն...

Հայաստանի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները  Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան  Ապահովման Ուղղուած Ջանքերը

Հայաստանի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ապահովման Ուղղուած Ջանքերը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մանրամասնութիւններ հաղորդած է Ժընեւի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հանդիպումէն: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, 24 փետրուարին Ժընեւի մէջ նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ: Հանդիպումը կայացած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի նիստի շրջանակներուն մէջ: Հայաստանի եւ Իրանի նախարարները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու...

Լաւրով Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ  Կողմերու Միջեւ Վստահութեան Ամրապնդումը

Լաւրով Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Կողմերու Միջեւ Վստահութեան Ամրապնդումը

Մոսկուան եւ Անգարան քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարը: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Անգարայի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Առանձնակի ուշադրութիւն դարձուցած ենք կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման, ենթակառոյցներու եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու վերականգնման, գիւղատնտեսական գործունէութեան աշխուժացման հարցերուն, ներառեալ «3+3» (Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան+Իրան, Ռուսիա, Թուրքիա) շրջանային...

Մարսէյի Մէջ.  Ռուսիոյ Հիւպատոսարանի Տարածքին Մէջ Պայթում.  Մոսկուան Ահաբեկչութեան Վարկածը Չի Բացառեր

Մարսէյի Մէջ. Ռուսիոյ Հիւպատոսարանի Տարածքին Մէջ Պայթում. Մոսկուան Ահաբեկչութեան Վարկածը Չի Բացառեր

Մարսէյի մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսարանի տարածքին մէջ պայթում տեղի ունեցած է: Այս մասին տեղական «Մարսէյէզ» օրաթերթին յայտնած է Ռուսիոյ ընդհանուր հիւպատոս Սթանիսլաւ Օրանսքի: Ան նշած է, որ դէպքը տեղի ունեցած է ինքնին դիւանագիտական ներկայացուցչութեան տարածքին մէջ եւ ոչ թէ անոր կողքին, ինչպէս նախապէս հաղորդած էին լրատուամիջոցները: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ պայթումէն ետք դէպքի վայր հասած են փրկարարները: «Վալէօր Աքթիւել» հրատարակութիւնը,...

Յունահայ Համայնքի Ներկայացուցիչները՝ «Ազդակ»-ի  Խմբագրատան Մէջ

Յունահայ Համայնքի Ներկայացուցիչները՝ «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան քաղաքական ժողովի անդամ տոքթ․ Արմէն Տէրեան եւ Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան այցելեցին «Ազդակ» եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան հետ։ Յունահայ ազգայիններու Լիբանան այցելութեան նպատակը ներկայ ըլլալն էր կիրակի օր Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ  տեղի ունեցած եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։ «Ազդակ»-ի այցելուներուն հետ կայացած խորհրդակցութիւնները արծարծեցին Յունաստանի հայ համայնքի իրավիճակն ու...

Հարիւր Հազարաւորներ Մասնակցեցան  Սէյիտ Հասան Նասրալլայի  Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի  Յուղարկաւորութեան

Հարիւր Հազարաւորներ Մասնակցեցան Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Յուղարկաւորութեան

Հարիւր հազարաւորներ երէկ հաւաքուեցան Պէյրութի «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանին մէջ եւ մերձակայքը` մասնակցելու համար Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի յուղարկաւորութեան: Յուղարկաւորութեան մասնակցող լիբանանցի անձնաւորութիւններու շարքին էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ նաեւ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը, աշխատանքի նախարար Մոհամետ Հայտարը, որ կը ներկայացնէր վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, Մարատա հոսանքի նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէն, նախկին...

Page 112 of 795 1 … 111 112 113 … 795

Արխիւներ