Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենս. «Ուքրանիան Պիտի Չկարենայ Իր Տարածքը Վերադարձնել, Եթէ Պատերազմը Յաւելեալ Քանի Մը Տարի Տեւէ»

April 30, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիան պիտի չկարենայ իր տարածքը վերադարձնել, եթէ պատերազմը յաւելեալ քանի մը տարի տեւէ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նշած է, որ երկարատեւ պատերազմը կրնայ յանգեցնել ժողովրդագրական փլուզման, հիւլէական հարուածի եւ Ուքրանիոյ համար անդառնալի կորուստներու:

Վենս նաեւ ըսած է, որ Սպիտակ տունը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է Ուքրանիոյ մէջ զինուորական տագնապը լուծելու հարցին մէջ:

«Արդեօք ռուսերն ու ուքրանացիները կռիւը դադրեցուցա՞ծ են, ոչ, սակայն մենք, անշուշտ, երեք ամսուան ընթացքին աւելի շատ յառաջընթաց արձանագրած ենք, քան նախորդ երեք տարիներուն», ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի արձագանգած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Համաշխարհային պատերազմի մէջ յաղթանակի 80-ամեակին առիթով 8-11 մայիսին զինադադար հաստատելու հրամանին` զինք մեղադրելով միջազգային ընտանիքը մշտապէս շահագործելու փորձերու մէջ:

«Մենք ամէն բանէ վեր մարդկային կեանքը կը գնահատենք եւ ոչ թէ տողանցքները: Ահա թէ ինչու մենք, ինչպէս ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհըե համոզուած ենք, որ 8 մայիսին սպասելու պատճառ չկայ: Զինադադարը պէտք է անյապաղ ըլլայ, եւ ոչ թէ ընդամէնը քանի մը օրով` կոտորածը վերսկսելու համար: Անհրաժեշտ է անյապաղ, լիարժէք եւ անվերապահ զինադադար` առնուազն 30 օրով, որպէսզի անիկա ըլլայ ամուր եւ յուսալի: Ասիկա իրական դիւանագիտական ջանքերու հիմը դնելու միակ միջոցն է», ըսած է Զելենսքի:

Սպիտակ տան բանբեր Քերոլայն Լեւիթ իր կարգին արձագանգելով Ռուսիոյ նախագահի 8 մայիսին եռօրեայ զինադադարի յայտարարութեան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յստակ կերպով հասկցուցած է, որ Ուքրանիոյ մէջ մնայուն եւ ոչ թէ ժամանակաւոր զինադադար կ՛ուզէ:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց. «Փութին բազմիցս ըսած է, որ Ռուսիան պատրաստ է առանց որեւէ նախապայմանի սկսելու բանակցային հոլովոյթը: Մենք մինչեւ օրս պատասխան չենք լսած Քիեւի վարչակարգէն»:

«Ուքրանիան մինչեւ հիմա չընդառաջեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Յաղթանակի տօնի ընթացքին զինադադարի նախաձեռնութեան», ըսաւ Փեսքով` շեշտելով. «Զելենսքիի 30 օրով զինադադար հաստատելու առաջարկը կարելի չէ առանց բոլոր կէտերու կարգաւորման»:

«Նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է ուղիղ բանակցութիւններու սկսիլ, իսկ Զելենսքիի օրինականութիւնը երկրորդական խնդիր է», յայտնեց Քրեմլինի բանբերը:

Նախորդը

Ժարամանայի Մէջ Վտանգաւոր Զարգացում

Յաջորդը

Ըստ Սպանացի Խորհրդարանական Ճոն Ինիարիթուի. Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Ոչ Միայն Պատմական Արդարութեան Խնդիր Է, Այլ Նաեւ Բարոյական Հրամայական

RelatedPosts

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.