Երէկ արշալոյսին Դամասկոսի գիւղական շրջանի Սահնայայի Էշրեֆիէ շրջանին մէջ բախումներ վերսկսան:
Կը հաղորդուի, որ բախումներու ընթացքին արձանագրուած են զոհեր: Համացանցի վրայ տարածուեցան տեսերիզներ, որոնց մէջ շրջանին մէջ թեթեւ եւ միջին զէնքերով բախումներ կ՛երեւին:
Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտարարեց. «Ապօրինի խմբաւորումներու քաղաքայիններու եւ ապահովական ուժերու թիրախաւորման հետեւանքով Էշրեֆիէի մէջ արձանագրուած են 11 զոհեր եւ «շարք մը վիրաւորներ»:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց. «Սահնայայի Էշրեֆիէ շրջանին մէջ ապօրինի խմբաւորումներ երեքշաբթի գիշեր ընդհանուր ապահովութեան վարչութեան պատկանող անցարգելի մը վրայ յարձակում գործեցին»:
«Ներքին գործոց նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ այդ ոճրագործներուն նկատմամբ աչք պիտի չփակէ եւ երկաթեայ բազուկով պիտի հարուածէ բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն Սուրիոյ անվտանգութիւնը քայքայել եւ անոր զաւակները թիրախաւորել»:
Դամասկոսի գիւղական շրջանի Ժարամանա շրջանին մէջ երկուշաբթի գիշերէն երեքշաբթի արշալոյս բախումներ տեղի ունեցած էին, տիւրզի համայնքի շէյխերէն մէկուն կողմէ Մոհամետ մարգարէի հասցէին վատ արտայայտութիւններ պարունակող ձայնագրութեան մը հրապարակման պատճառով:
Հակառակ անոր որ առնչակից շէյխը հերքած էր ձայնագրութեան հետ իր առնչութիւնը եւ ընդգծած, թէ արձանագրուածը իր ձայնը չէ, սակայն ատիկա չկրցաւ մեղմացնել զայրոյթը, որուն հետեւանքով շարք մը շրջաններու մէջ տեղի ունեցան ցոյցեր, որոնց ընթացքին տիւրզի համայնքի զաւակներուն վրայ յարձակում գործելու կարգախօսներ հնչեցին, թէեւ տիւրզի շարք մը շէյխեր եւ ընտանիքներ դատապարտած էին ձայնագրութիւնը:
Զինեալ խմբաւորումներ յարձակումներ գործած էին Ժարամանա քաղաքին վրայ: Բախումներու ընթացքին արձանագրուած էին զոհեր ու վիրաւորներ, եւ քաղաքը հրասանդով ռմբակոծուած էր:
Թաուհիտ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց. «Սուրիական պետութիւնը քաղաքայիններու պաշտպանութեան մէջ ձախողեցաւ»:
Ան նշեց, որ զինեալներ անձնասպանական մեծ յարձակում գործած են շրջապատուած եւ Տարայայի կից եղող Սահնայա գիւղին վրայ:
«Փոքրամասնութիւններուն միջազգային պաշտպանութիւնը անհրաժեշտութիւն դարձաւ», նշեց Ուահապ` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելով զօրավիգ կանգնելու Սահնայային եւ ամէն միջոցներով անոր աջակցելու:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կատարեց շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնք ներառեցին Սուրիոյ նոր վարչակազմը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան, Քաթարն ու Յորդանանը եւ անոնց պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց Էշրեֆիէ Սահնայա շրջանին մէջ զինադադար հաստատելու եւ «արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու» աշխատանք տանելու:
«Խնդիրներու լուծումը կ՛ըլլայ պետութեան եւ Սուրիոյ անոր բոլոր բաղադրիչ մասերով միութեան տրամաբանութենէն մեկնած», նշեց Ժոմպլաթ:
Ան կոչ ուղղեց զինադադարը պահպանելու` նշելով. «Կը նախատեսուի, որ Ժապալ Արապէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն տիւրզի համայնքի երկու հոգեւոր պետեր շէյխ Համմուտ Հանաուին եւ շէյխ Եուսեֆ Ժարպուհը, «Արժանապատուութեան այրեր» շարժումի ղեկավար շէյխ Եահիա Հաժժարը, Հասան Աթրաշ իշխանը, ինչպէս նաեւ շէյխերու եւ երեւելիներու պատուիրակութիւն մը հասնի` ճշդելու համար վերջնական տարազը, որ կ՛երաշխաւորէ չվերադառնալը ներքին կռիւին, որ միայն իսրայէլացի թշնամիին օգուտ կու տայ»: