Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլին. «Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու  Միջեւ Հաղորդակցութիւնները Աշխուժացան  Եւ Որոշակի Խողովակներու Ճամբով Տեղի Կ՛ունենան»

Քրեմլին Դրական Կերպով Կ՛ընկալէ Ուքրանիոյ Հետ Խաղաղութեան Շուրջ Բանակցութեան Կարելիութիւնը

Քրեմլին յայտարարեց, որ դրական կերպով կ՛ընկալէ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ կատարելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւնները»: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մամլոյ ասուլիսի ընթացքին հարցումի մը պատասխանելով լրագրողներուն յայտնեց. «Ասիկա ընդհանուր առմամբ դրական գործելաոճ է»: Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց. «Գետնի վրայ Քիեւի վարչակարգին առաւելագոյն չափով վնաս հասցնելը Ռուսիոյ գլխաւոր...

Նարեկ Արք. Եւ Խրուաթ Հայագէտ Վինիցիէ Լուփիս Այցելեցին «Ազդակ»

Նարեկ Արք. Եւ Խրուաթ Հայագէտ Վինիցիէ Լուփիս Այցելեցին «Ազդակ»

20 փետրուարի մեր թիւով հաղորդած էինք, որ վերջերս Խրուաթիոյ երեք քաղաքներուն` Սթոնի, Տուպրովնիքի եւ Սփլիթի մէջ ներկայացուած էր Սփլիթի մէջ լոյս տեսած «Ս. Գրիգոր Նարեկացի` բան խրատու վասն ուղիղ հաւատոյ եւ մաքուր վարուց առաքինութեան» գիրքի խրուաթերէն թարգմանութիւնը: Հատորը ներկայացուցած էին հատորին հեղինակ` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Սթոնի հոգեւոր հովիւ Պեռնարտօ Փլեշէ, Սփլիթի համալսարանի Աստուածաբանութեան փրոֆ. հայր Իվան Պոտրովիչ եւ պատմաբան, հայագէտ...

Նախագահ Աուն Եւ Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը  Համաձայնեցան Կեանքի Կոչել Եւ Զարգացնել  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Նախագահ Աուն Եւ Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը Համաձայնեցան Կեանքի Կոչել Եւ Զարգացնել Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երկուշաբթի գիշեր ժամը 10:30-ին Ռիատի Եամամա պալատին մէջ պաշտօնական բանակցութիւններ ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման Պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտի հետ` ներկայութեամբ լիբանանեան եւ սէուտական պատուիրակութիւններուն: «Այս բանակցութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու ծիրին մէջ են եւ ճամբան կը հարթեն մօտ օրէն նախագահ Աունի Սէուտական Արաբիա հետագայ այցելութեան...

Թրամփի Հրամանով Ուքրանիոյ Տրամադրուող  Ամերիկեան Զինուորական  Օժանդակութիւնները Սառեցուեցան

Թրամփի Հրամանով Ուքրանիոյ Տրամադրուող Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւնները Սառեցուեցան

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրամայած է սառեցնել Ուքրանիոյ տրամադրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Պաշտօնատարը յայտնեց. «Մեր օժանդակութիւնները կը սառեցնենք եւ վերատեսութեան կ՛ենթարկենք` վստահ ըլլալու համար, թէ անոնք կը նպաստեն լուծումի մը հասնելուն»: «Նախագահը յստակացուց, որ խաղաղութեան վրայ կը կեդրոնանայ: Մենք կարիքը ունինք, որ մեր գործընկերները եւս այս նպատակի...

Վիլայեթի. «Թուրք Պաշտօնատարները Պէտք Է Յարգեն  Դիւանագիտական Վարմունքի Կանոնները, Որովհետեւ  Իրանը Անգարայի Չափազանցութիւններուն  Դիմաց Լուռ Պիտի Չմնայ»

Վիլայեթի. «Թուրք Պաշտօնատարները Պէտք Է Յարգեն Դիւանագիտական Վարմունքի Կանոնները, Որովհետեւ Իրանը Անգարայի Չափազանցութիւններուն Դիմաց Լուռ Պիտի Չմնայ»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնեց, որ անկարելի է ներկայիս Սուրիոյ ապագան գուշակել, սակայն փաստերը եւ այն, ինչ որ Թեհրանը կը տեսնէ, ցոյց կու տան, թէ պետութեան քայքայման նախերգանքներ գոյութիւն ունին: Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ որեւէ պահու քաղաքացիական պատերազմ ծագելու հաւանականութիւն գոյութիւն ունի: Վիլայեթի նաեւ շեշտեց, որ թուրք պաշտօնատարները պէտք է յարգեն դիւանագիտական վարմունքի...

Արաբական Արտակարգ Վեհաժողովը Որդեգրեց  Կազայի Վերաշինութեան Եգիպտական Ծրագիրը

Արաբական Արտակարգ Վեհաժողովը Որդեգրեց Կազայի Վերաշինութեան Եգիպտական Ծրագիրը

Երէկ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ գումարուեցաւ Արաբական արտակարգ վեհաժողովը, որ նուիրուած էր Կազայի վերաշինութեան ծրագիրի վերջնական տարազի ձեւաւորման: Ժողովականներուն ներկայացուեցաւ Կազայի վերաշինութեան եգիպտական ծրագիրը: Պահրէյնի թագաւոր Համատ Պըն Իսա Ալ Խալիֆա յայտնեց. «Պաղեստինցի ժողովուրդը ինքնորոշման իրաւունք ունի»` աւելցնելով, որ Պահրէյն կտրուկ կերպով կը մերժէ պաղեստինցիներու տեղահանման որեւէ փորձ: «Կ՛ողջունենք Կազայի վերաշինութեան համար առաջարկուած եգիպտական ծրագիրը եւ կոչ կ՛ուղղենք անոր զօրակցելու»,...

Տնտեսական Պատժամիջոցները` Քաղաքական Լծակ

Քրեմլին. «Ռուսիա – Միացեալ Նահանգներ Կարգաւորումը Պէտք Է Պատժամիջոցներու Վերացում Ենթադրէ»

Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է ենթադրէ անոնց ազատումը պատժամիջոցներու բեռէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Մեր վերաբերմունքը պատժամիջոցներուն նկատմամբ յայտնի է, մենք զանոնք կը նկատենք անօրինական: Ի հարկէ, եթէ խօսինք երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին, ապա անոնք պէտք է ազատուին, այսպէս կոչուած պատժամիջոցներու այս բացասական բեռէն», ըսած...

Ակնարկ.  8-րդ Եւ 9-րդ Կէտերու Փոխկապակցումը

Ակնարկ. 8-րդ Եւ 9-րդ Կէտերու Փոխկապակցումը

Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաքուի մէջ դատուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հարցով յայտարարած է, թէ կը իրենք հաստատեն Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն հաւատարմութիւնը, ներառեալ` փախստականներու իրաւունքներու յարգումը, մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը, ռազմական գործողութիւններու ընթացքին անհետ կորսուածներու որոնումը եւ կալանաւորուած անձերու փոխանակման խնդիրները լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Կը հաստատեն նաեւ, որ Մոսկուան պատրաստ է Ազրպէյճանի եւ հայ գործընկերներուն...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Արձագանգած Է Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու  Նկատմամբ Շինծու Դատավարութեան

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արձագանգած Է Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Նկատմամբ Շինծու Դատավարութեան

«Վերելք» տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնը հարցում ուղղած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` կապուած Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ ընթացող կեղծ դատավարութիւններուն վերաբերեալ: Հարցում. Պաքուի մէջ կ՛ընթանայ Արցախի նախկին ղեկավարութեան դատավարութիւնը` մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներով: Ռուբէն Վարդանեան որոշած է հացադուլ յայտարարել` ի նշան բողոքի: Գիտենք, որ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանն ու Արցախի նախկին ղեկավարները Ռուսիոյ քաղաքացիներ չեն,...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմին. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Անյապաղ Ճնշումներ Բանեցնէ` Ազատ Արձակելու Համար Արցախի Գերիները»

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «37 տարի առաջ Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ Պաքուի իշխանութիւնները կազմակերպեցին բռնութիւններ, սպանութիւններ եւ ջարդեր հայերու դէմ: Սումկայիթի մէջ ապրող հայերը սպաննուեցան պարզապէս, որովհետեւ հայ էին: «Հայերը բնաջնջելու Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը Սումկայիթով չբաւարարուեցաւ: Նոյն ճակատագիրին ենթարկուեցան Կիրովապատի, Պաքուի, Մարաղայի եւ Արցախի հայերը: 19 փետրուար 2004-ին, Պուտափեշտի մէջ ազրպէյճանցի սպան կացինահարեց հայ...

Նախագահ Աուն Սէուտական Արաբիա Այցելեց

Նախագահ Աուն Սէուտական Արաբիա Այցելեց

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա: Ան Ռիատ հասնելէ ետք յայտարարեց. «Այցելութիւնը առիթ մըն է ընդգծելու սէուտական-լիբանանեան խոր յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ առիթ է Լիբանանի գնահատանքը յայտնելու իր կայունութեան, անվտանգութեան եւ անոր սահմանադրական հաստատութիւններու աշխատանքի կանոնաւորման մէջ Սէուտական Արաբիոյ ունեցած դերակատարութեան»: «Մեծ յոյսերով կը սպասեմ այսօր երեկոյեան գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալմանի հետ բանակցութիւններուս,...

Բրիտանիան, Ֆրանսան Եւ Ուրիշներ Ուքրանիոյ Հետ  Պիտի Աշխատին Պատերազմի Դադրեցման Ծրագիրի Մը Վրայ`  Զայն Ամերիկայի Հետ Քննարկելու Համար

Բրիտանիան, Ֆրանսան Եւ Ուրիշներ Ուքրանիոյ Հետ Պիտի Աշխատին Պատերազմի Դադրեցման Ծրագիրի Մը Վրայ` Զայն Ամերիկայի Հետ Քննարկելու Համար

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր կիրակի օր Ուքրանիոյ 18 դաշնակիցներու Լոնտոնի մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի ներկայութեամբ ժողովի աւարտին յայտարարեց. «Համաձայնեցանք, որ Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ ուրիշներ Զելենսքիի հետ աշխատին պատերազմի դադրեցման ծրագիրի մը վրայ` զայն Միացեալ Նահանգներու հետ քննարկելու համար»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ համաձայնեցայ Ուքրանիոյ մէջ տեւական խաղաղութեան կարեւորութեան շուրջ», ըսաւ Սթարմըր: «Մենք խաչմերուկի վրայ ենք, եւ արդար...

Համահայկական Հրատապ Իրադարձութիւններու Քննարկում «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Նիստին

Համահայկական Հրատապ Իրադարձութիւններու Քննարկում «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Նիստին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը կայացաւ Կիրակի, 2 Մարտ 2025-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Նիստը քննարկեց.- ա) Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, գերիներու եւ պահուող անձանց ազատ արձակման կոչով Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին ուղղած նամակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին։ բ) Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած հանդիպումները Զուիցերիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ...

Սպիտակ Տան Մէջ Թրամփ – Զելենսքի  Բուռն Վէճին Արձագանգները

Սպիտակ Տան Մէջ Թրամփ – Զելենսքի Բուռն Վէճին Արձագանգները

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ուրբաթ երեկոյեան այցելեց Սպիտակ տուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Կը նախատեսուէր նաեւ հանդիպման աւարտին յարգի մետաղներու շուրջ համաձայնութեան մը կնքումը: Թրամփ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Այսօր Ուքրանիոյ հետ մետաղներու շուրջ չափազանց արդար համաձայնութիւն պիտի ստորագրենք, եւ ասիկա Միացեալ Նահանգներուն կողմէ մեծ յանձնառութիւն է: Զելենսքիին նաեւ յայտնեցինք, որ Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը մօտալուտ...

Ընդառաջելով Օճալանի Կոչին`  ՔԱԿ-ի Գործադիր Կոմիտէ. «Կը Յայտարարենք,  Որ Պիտի Յարգենք Կոչին Պահանջները  Եւ Զայն Մեր Կողմէն Պիտի Գործադրենք»

Ընդառաջելով Օճալանի Կոչին` ՔԱԿ-ի Գործադիր Կոմիտէ. «Կը Յայտարարենք, Որ Պիտի Յարգենք Կոչին Պահանջները Եւ Զայն Մեր Կողմէն Պիտի Գործադրենք»

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) գործադիր կոմիտէն նշեց. «Կուսակցութեան ղեկավար Ապտալլա Օճալանի 27 փետրուար թուակիր եւ «Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն» խորագիրը կրող հաղորդագրութիւնը, ազատութեան ու ժողովրդավարութեան բոլոր ուժերուն ճամբան կը լուսաւորէ եւ դարաշրջանի մանիֆեստին համազօր է»: Յիշեցնենք, որ Օճալան ՔԱԿ-ին կոչ ուղղած էր զէնքերը վար դնելու եւ ինքնալուծարուելու: Քրտական «Ռուտաու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Կոմիտէն իր հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ. «Յստակ...

Լաւրով. «Հայաստանի Մէջ, Հաւանաբար, Լսած Են  Եւրոպացիներու «Պատրաստ Ըլլալ Քանի Մը  Ցուրտ Ձմեռներու» Խորհուրդը»

Լաւրով. «Ուաշինկթըն Անկեղծօրէն Կ՛ըսէ, Թէ Կ՛ուզէ Ուքրանիոյ Տագնապին Վերջ Տալ, Սակայն Եւրոպան Կը Պահանջէ Պատերազմը Շարունակել»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Եւրոպայի մէջ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղապահ ուժերու տեղակայման վերաբերեալ քննարկումը ամբարտաւան է»: «Եթէ եւրոպական խաղաղապահ ուժեր տեղակայուին, Արեւմուտքը չի կրնար Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունենալիքը բացատրել», ըսաւ ան: «Ուաշինկթըն անկեղծօրէն կ՛ըսէ, թէ կ՛ուզէ Ուքրանիոյ տագնապին վերջ տալ, սակայն Եւրոպան կը պահանջէ պատերազմը շարունակել», շեշտեց Լաւրով:

Լաւրով Ֆիտանին Տեղեկացուցած Է Ուքրանական  Ուժերու Կողմէ «Թրքական Հոսք» Կազի  Խողովակաշարին Վրայ Յարձակումին Մասին

Լաւրով Ֆիտանին Տեղեկացուցած Է Ուքրանական Ուժերու Կողմէ «Թրքական Հոսք» Կազի Խողովակաշարին Վրայ Յարձակումին Մասին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շաբաթ, 1 մարտին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իր թուրք գործընկեր Հաքան Ֆիտանին տեղեկացուցած է ուքրանական ուժերու կողմէ «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարին վրայ անօդաչու թռչող սարքի յարձակումին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Նախարարը լրջօրէն խնդրած է իր թուրք գործընկերէն օգտագործել Անգարայի գոյութիւն ունեցող կարելիութիւնները Քիեւի հետ աշխատելու համար` կանխարգիլելու Քիեւի...

Քրեմլին. «Ռուսիա – Միացեալ Նահանգներ  Կարգաւորումը Կրնայ Արագ Եւ Յաջող Աւարտիլ,  Եթէ Պահպանուի Փութինի Եւ Թրամփի Քաղաքական Կամքը»

Քրեմլին. «Ռուսիա – Միացեալ Նահանգներ Կարգաւորումը Կրնայ Արագ Եւ Յաջող Աւարտիլ, Եթէ Պահպանուի Փութինի Եւ Թրամփի Քաղաքական Կամքը»

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ արագ եւ յաջող աւարտիլ, եթէ պահպանուի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի քաղաքական կամքը: Այս մասին լրագրող Փաւել Զարուպինի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Անցնելու երկար ճամբայ կայ, որովհետեւ ահռելի վնաս հասցուած է երկկողմանի յարաբերութիւններու ամբողջ համալիրին, սակայն եթէ պահպանուի երկու ղեկավարներու` նախագահ Փութինի եւ նախագահ Թրամփի քաղաքական...

Խմբագրական.   Ինչո՞ւ Բացայայտել Եւ Իրազեկել  Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Բոլո՛ր Ծալքերը

Խմբագրական. Ինչո՞ւ Բացայայտել Եւ Իրազեկել Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Բոլո՛ր Ծալքերը

Սումկայիթեան եղեռնագործութիւնը ամբողջական բացայայտում էր Պաքուի իշխանութիւններու հայութեան նկատմամբ վարած քաղաքականութեան: Հայ ազգաբնակչութեան վերացում, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, հայկական որեւէ հետքի սրբում: Սումկայիթի ցեղային զտումի գործողութիւններու ծալքերու բացայայտումները, աւելի ճիշդը` անոնց միջազգային ատեաններու մօտ վերարծարծումը կ՛իրազեկէ ոչ միայն միջազգային հանրային կարծիքը, այլ նաեւ միջազգային ընտանիքը: Այս վերջինը յատկապէս Ազրպէյճանի նկատմամբ իր կիրարկելի քաղաքականութեան ընթացքին պիտի համոզուի, որ գործ ունի ցեղային...

Կոչ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը. Սումկայիթեան Ջարդերի 37-րդ Տարելիցի Եւ Պաքւում Ընթացող Դատավարութեան Կապակցութեամբ

1988 թուականի փետրուարն ազդարարեց ազգային զարթօնքի եւ նորագոյն ժամանակների ազատագրական պայքարի մեկնարկը, որի փառապսակը Հայաստանի վերանկախացումն էր եւ Արցախի Հանրապետութեան կերտումը: Ի պատասխան արցախահայութեան սահմանադրական իրաւունքի իրացման խաղաղ պայքարի, Ազրպէյճանը` Խորհրդային իշխանութիւնների անտարբերութեան պայմաններում, 1988 թուականի փետրուարի 27-ից 29-ը կազմակերպեց եւ իրականացրեց Սումկայիթ քաղաքի հայ ազգաբնակչութեան արիւնալի ջարդերը: Սումկայիթին յաջորդեցին Պաքւում, Գանձակում, Շամխորում եւ այլ քաղաքներում իրականացրած հայկական կոտորածներն ու...

Page 111 of 795 1 … 110 111 112 … 795

Արխիւներ