Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ Վատիկանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած է Ռուսիոյ հետ հաւանական զինադադարը, որ պէտք է ըլլայ առանց նախապայմաններու:
«Մենք շատ բան քննարկեցինք դէմ առ դէմ: Յոյսով ենք հասնիլ յուսալի եւ երկարատեւ խաղաղութեան, որ պիտի կանխարգիլէ այլ պատերազմի մը բռնկումը», «Էքս»-ի վրայ գրեց Զելենսքի:
Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նախապէս չծրագրուած հանդիպումը երկու ղեկավարներուն առաջին հաղորդակցութիւնն էր փետրուարին Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած հրապարակային բուռն վիճաբանութենէն ետք:
Սպիտակ տան հաղորդումով, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ նախագահները շաբաթ օր Հռոմի մէջ «շատ արդիւնաւէտ» հանդիպում ունեցած են: Անոնք Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը մասնակցէին Ֆրանչիսկոս պապի յուղարկաւորութեան:
Այդ հանդիպումէն ժամեր առաջ Թրամփ կոչ ուղղած էր` Քիեւի եւ Մոսկուայի միջեւ բարձր մակարդակի հանդիպում կատարելու` պատերազմը դադրեցնելու հարցին շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար:
Ան նախապէս զգուշացուցած էր, որ իր վարչակազմը պիտի դադրի Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հասնելու ջանքեր թափել, եթէ երկու կողմերը մօտիկ ապագային համաձայնութեան չգան:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը ուրբաթ օր հաղորդած էր, որ Ուքրանիան եւ անոր եւրոպացի դաշնակիցները համաձայն չեն տագնապի լուծման ամերիկեան ծրագիրին, որ կ՛առաջարկէ Խրիմը իրաւականօրէն ճանչնալ իբրեւ ռուսական տարածք: Տարակարծութիւններ կան նաեւ Ռուսիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները ջնջելու եւ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներ տալու հարցերուն շուրջ:
Ուաշինկթընի ծրագիրը կը բաղկանայ 7 կէտերէ` անմիջապէս զինադադար հաստատել, ռուս-ուքրանական ուղղակի բանակցութիւններ կատարել, Խրիմի` իբրեւ ռուսական տարածք պաշտօնական ճանաչում, Ուքրանիա կը հրաժարի ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան իր ձգտումէն, Ուքրանիա կը ստորագրէ հազուագիւտ մետաղներու համաձայնութիւնը, Ռուսիոյ դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներու ամբողջական ջնջում եւ ռուս-ամերիկեան ուժանիւթային գործընկերութեան վերականգնում:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ երէկ յայտարարեց. «Յառաջիկայ շաբաթը Ուքրանիոյ պատերազմի դադրեցման բանակցութիւններուն համար վճռորոշ պիտի ըլլայ»: