Լիբանանեան Տարբեր Շրջաններու Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ
Իսրայէլեան օդուժը երէկ օդային յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Անսար, Քլէյլա եւ Սմահիէ գիւղերուն, Անսարիէի եւ Պայսարիէի Թպնա շրջանին վրայ, Ժեզզինի շրջանի Ժապալ Ռիհանի վրայ, ինչպէս նաեւ երկու անգամ յարձակում գործեց Ժրուտ Հերմելի շրջանին վրայ: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց. «Բանակը Լիբանանի մէջ շրջաններու վրայ յարձակում կը գործէ, մինչ տասնեակ հազարաւորներ կը մասնակցին Պէյրութի մէջ Նասրալլայի յուղարկաւորութեան»: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի...




















