Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՄ-ականներու, ԶՈՄ-ականներու Եւ Պատանիներու Բողոքի Ցոյց` «Ո՛Չ Շարունակուող Ցեղասպանութեան. Մասնակցէ՛ Արդարութեան Համար» Կարգախօսով

Ապրիլ 26, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ո՛չ շարունակուող ցեղասպանութեան. մասնակցէ՛ արդարութեան համար» կարգախօսով, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը եւ պատանեկան միութիւններու երէցները 24 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:30-ին համախմբուեցան թրքական դեսպանատան դիմաց` բողոքելու Թուրքիոյ աւելի քան 110 տարուան ցեղասպանական եւ ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութիւններուն դէմ,  ինչպէս նաեւ` ձայն բարձրացնելու ու պահանջելու արդարութիւն:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով ընթացք առաւ հաւաքը: Յեղափոխական երգերը կը հնչէին բարձրախօսներէն եւ երիտասարդներուն շրթներէն, ցուցարարները բարձրացուցած էին պաստառներ եւ լոզունգներ` «Ճանաչումը արդարութեան առաջին քայլն է», «Յիշե՛լ, յիշեցնե՛լ ու պահանջե՛լ», «Ցեղասպանութիւնը հերքելը ոճիր է», «Մէկ ժողովուրդ, մէկ դատ, մէկ հայրենիք», «Մոռնա՞լ… երբեք, զիջի՞լ… բնաւ, պայքարի՞լ… յաւիտեան» խորագիրներով: Ցուցարարները իրենց հետ բերած էին նաեւ պատմական Հայաստանի քարտէսը, որուն վրայ Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջաններէ եկած ընտանիքներուն ժառանգորդները իրենց ստորագրութիւնը զետեղեցին` պահանջելով իրենց հողերը:

Հայերէնով խօսք առաւ Ներսէս Ապրիլեան, որ ըսաւ, թէ այսօր տարբեր եւ օրհասական պայմաններու մէջ կը նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը, որովհետեւ կորսնցուցած ենք ազատ եւ անկախ Արցախը եւս, եւ տկարացած է քաջարի հերոսներուն կերտած հզօր հանրապետութիւնը Հայաստանի: Ան ցաւ յայտնեց, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ` Արցախի բռնագրաւումով ու հայ ռազմագերիներուն ազատազրկումով: Թուրանական կայսրութեան կերտման երազը կ՛իրագործուի համայն աշխարհի լռութեան պայմաններուն մէջ: Ան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` աննահանջ մղելու պայքարը եւ վստահելու միայն սեփական բազուկին: Ապրիլեան աւելցուց, որ 1915-ին գործուած ցեղասպանութեան հատուցման պահանջատիրութեան վրայ կ՛աւելնայ Արցախի ցեղասպանութեան խնդիրը, եւ վստահեցուց, որ «Նեմեսիս»-ի վրիժառու բազուկները անհամբեր կը սպասեն հայու վճռական կամքին` տապալելու համար էրտողաններն ու ալիեւները եւ անոնց նման թրքացած հայերը: Վերջապէս, ան հրաւիրեց երիտասարդութիւնը` միասնական բռունցքով փշրելու ստրկութեան եւ բռնատիրութեան շղթան, վերացնելու մեր ազգը կործանող մութ եւ սեւ ամպերը եւ քանդելու լռութեան պատը, մինչեւ որ ցարդ անպատիժ մնացած ցեղասպան Թուրքիան ճանչնայ իր գործած ոճիրը եւ վերադարձնէ հայուն արդար իրաւունքները:

Արաբերէնով խօսք առաւ Յարութ Մարկոսեան: Ան ըսաւ, որ օր մը առաջ ընտրեցինք հաւաքուիլ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի վրայ` դատապարտելու համար 110 տարի առաջ գործադրուած հայերու դէմ ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ այդ հրապարակը վկայ է Լիբանանի ժողովուրդին մէջ օսմանեան թշնամիին ոճիրին: Ան նշեց, որ այսօրուան հաւաքը բարկութեան հաւաք է, երիտասարդութեան զայրոյթի հաւաք է: Անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան վերապրողներու թոռները ըլլալով, թրքական ցեղասպանութեան դիմաց կը բարձրացնենք մեր ցասումը, իսկ միջազգային ընտանիքէն եւ կազմակերպութիւններէն չենք խնդրեր պաշտպանել մարդկային եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքները, որովհետեւ անոնք շատ հաւանաբար լքած են մարդկութիւնը` իրենց պետական շահերէն մեկնելով, ըսաւ ան ու աւելցուց` ով աչք ունի, թո՛ղ տեսնէ կատարուածը,  եւ ո՛վ ականջ ունի, թո՛ղ լսէ անմեղներուն աղաղակը, ան, որ այս աշխարհի վրայ մարդասիրութեան նուազագոյն զգացումը ունի, թող ոտքի՛ կանգնի: Մարկոսեան նաեւ անդրադարձաւ արցախահայութեան եւ Պաքուի բանտերուն հայ ռազմագերիներուն եւ հարցականի տակ առաւ աշխարհի լռութիւնը, ի տես այս բոլոր անարդարութիւններուն: Ան շարունակեց, ըսելով, թէ աշխարհի լռութիւնը թոյլ տուած է, որ համաշխարհային յանցագործութիւնները շարունակուին եւ սաստկանան: Մարկոսեան իր խօսքը եզրափակեց` վստահեցնելով համայն աշխարհին, որ երիտասարդները, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, պիտի շարունակեն պահանաջատիրական պայքարը:

Կալի Թագւորեան արտասանեց անգլերէնով խօսք մը եւ ըսաւ, որ յիշատակումի կողքին այս հաւաքը արդարութեան պահանջատիրութեան հաւաք է` ճշմարտութիւնը մեր ձեռքին կանգնած թրքական դեսպանատան դիմաց: Թագւորեան խօսքը ուղղելով Թուրքիոյ` ըսաւ, որ ան չի կրնար խաղաղութեան միջնորդ հանդիսանալ ու պաշտնապել Պաղեստինի դատը, երբ ինքը կը ժխտէ եւ կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան ընդգծեց, որ Թուրքիան կը խեղաթիւրէ պատմութիւնը, հայերուն դէմ ատելութիւն կը սերմանէ իր ժողովուրդին մէջ, կ՛ահաբեկէ ճշմարտութիւնը բարձրացնող լրագրողները, կը բանտարկէ արդարութեան համար պայքարողները եւ կը պղծէ անմեղներու յիշատակը. այս ոչ միայն 1915 թուականին կը վերաբերի, այլ նաեւ` այսօրուան, յայտնեց ան: Ապա Թագւորեան հինգ կէտերու մէջ թուեց իրենց պահանջները.

– Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչում Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ:

– Պաշտօնական ներողութիւն` առանց քաղաքական խարդաւանքներու:

– Հատուցում` մարդկային, հողային, նիւթական ու պատմական արժէքներու կորուստներուն:

– Արցախահայութեան անվտանգութիւն եւ ինքնավարութիւն:

– Միջազգային հանրութեան կողմէն պատասխանատուութիւն` ժխտումը ձեւով մը մեղսակցութիւն է:

Թագւորեան դաշնակիցներուն յիշեցուց, որ այս հարցը միայն հայկական հարց չէ, այլ մարդու իրաւունքներու խնդիր է, իսկ խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն` ան քաջալերեց զանոնք, որ աւելի խօսին եւ աւելի բարձր խօսին:

Ուսանողները, երիտասարդներն ու պատանիները իբրեւ ընդվզում` այրեցին Թուրքիոյ դրօշակը:

Հաւաքի աւարտին ցուցարարները յեղափոխական եւ ազգային երգերով ամրապնդեցին իրենց պայքարի ոգին:

 

 

 

 

Նախորդը

«Մի՛ Ուրանար» Կարգախօսով Ջահերով Երթ` Դէպի Ծիծեռնակաբերդ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Նշում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?