Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Ամերիկայի Շահերէն Կը Բխի, Որ Լիբանան Ապահով Մնայ, Եւ Պէտք Է Անոր Օգնէ, Որ Այդպէս Մնայ»

April 30, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Ուաշինկթընի մէջ Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութեան հիմնարկի պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը այն ամէնէն կարեւոր նպատակներէն է, որուն ուղղութեամբ կ՛աշխատի կառավարութեան եւ խորհրդարանին հետ:

Աուն ըսաւ, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանի կացութիւնը իր մնայուն ուշադրութեան առարկան է, եւ բանակը այդտեղ կը գտնուի ամէն տեսակի մաքսանենգումը արգիլելու եւ երկու պետութիւններուն միջեւ երթեւեկի ազատութիւնը պահպանելու համար:

Նախագահը նաեւ նշեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին, մանաւանդ որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած կարգ մը փոփոխութիւններուն շնորհիւ անոնց Լիբանանի մէջ ներկայութեան քաղաքական ու ապահովական պատճառները վերացած են:

Ան Միացեալ Նահանգներուն վերստին կոչ ուղղեց` Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի հեռանայ հարաւային Լիբանանի մէջ հինգ բլուրներէն եւ լիբանանցի գերիները վերադարձնէ, որպէսզի բանակը ամբողջական կերպով եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ գործակցութեամբ ստանձնէ ամբողջ հարաւային հողերուն վրայ անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ զէնքի մենաշնորհի որոշումէն ետդարձ չկայ, եւ այդ որոշումը լիբանանցիներուն եւ եղբայրական ու բարեկամ պետութիւններու մօտ մեծ զօրակցութիւն կը վայելէ` նշելով, որ ապազինումը երկրին մէջ ապահովական վերիվայրումներու պատճառ պիտի չդառնայ, այլ պիտի կատարուի կայունութեան, քաղաքացիական անվտանգութեան եւ պետութեան կեդրոնական դերակատարութեան նախանձախնդիր առնչակիցներու հետ:

Նախորդը

Հաժժար. «Ընտրութիւններուն Բոլոր Պատրաստութիւնները Ամբողջացած Են»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (30 Ապրիլ 2025)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.