Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը որքան հեռու` այնքան ալ մօտ կ՛երեւի, որովհետեւ ժամանակի թաւալումը ո՛չ ցաւը կ՛ամոքէ, ո՛չ ալ պայքարի կրակը կը շիջեցանէ: Լիբանանահայութիւնը ապրիլ 24-ին կը համախմբուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի սրբազան կամարներուն ներքեւ` մեր 1,5 միլիոն սրբադասեալ նահատակներուն նուիրուած սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ եւ բարեխօսական կարգով իր յարգանքի տուրքը մատուցելու: Առ այդ, նախագահութեամբ Արամ Ա. հայրապետին, հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2025-ի առաւօտուն մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Տաճատ եպս. Աշըգեան (դիւանապետ կաթողիկոսարանի) մատուցեց սուրբ պատարագը, որուն աւարտին, հայրապետին հանդիսապետութեամբ, Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին դիմաց կատարուեցաւ բարեխօսական կարգ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Լիբանանահայ կառոյցներու սկաուտական կազմերը գեղեցկօրէն զարդարած էին մայրավանքի շրջափակը` իրենց շեփորախումբերով ու դրօշներով, եւ իրենց կարգապահութեամբ հարթեցին մայր տաճարէն յուշարձան-մատուռ թափօրին ճամբան եւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութեան ընթացքին հետեւեցան:
Ծաղկեպսակներ զետեղեցին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` օտար բարձրաստիճան պետական պատասխանատուներ եւ նախկին թէ ներկայ երեսփոխաններ ու նախարարներ:
Աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց համայն հայութեան: Ան ըսաւ, որ` «Ապրիլ 24-ը սոսկ մեր նահատակները յիշելու օր չէ, այլ ազգային ինքնաքննութեան ու ինքնաճանաչման օր է ու միաժամանակ մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքները աշխարհին յիշեցնելու եւ մեր նահատակներու կտակին հաւատարմութեամբ մեր պահանջատիրական պայքարին նոր մղում տալու կոչ է»:
Կաթողիկոսին պատգամը կը բովանդակէր, իր իսկ բառերով, «հինգ յիշեցումներ ու ընդգծումներ».
1) Ողջ հայութիւնն է պահանջատէրը իր բռնաբարուած իրաւունքներուն: Ան յատկապէս շեշտեց, որ` «Իւրաքանչիւր հայ, ո՛ւր որ ալ գտնուի, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ապրի եւ ի՛նչ հանգամանքի տէր ալ ըլլայ, պահանջատէ՛ր է: Այս ոգիով հայը աշխարհ կու գայ ու այս գիտակցութեամբ կը կազմաւորուի: Ես չեմ կրնար երեւակայել, որ այս երկրագունդին վրայ գտնուի իր երակներուն մէջ հայու արիւն կրող հայ մը, որ գիտակից չէ, թէ ինք Ցեղասպանութեան զոհ եւ իրաւատէր ժողովուրդի մը զաւակն է»:
2) Հայաստանն է իրաւատէրը Հայ դատին: Այս հաստատումը վեհափառ հայրապետը բազմիցս ըսած ու ընդգծած է` Հայաստանի անկախութենէն առաջ եւ վերջ: Այս հաստատումը կատարած է նաեւ Հայաստանը` վերանկախութեան եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային հռչակագիրներով: Ուստի, «Հայ դատը անջատել Հայաստանէն` կը նշանակէ կտրել Հայ դատը իր արմատներէն», կարեւորութեամբ նշեց հայրապետը եւ ըսաւ, որ` «Հայաստանէն հնչող նման մօտեցումներ խորապէս մտահոգիչ են: Պատմութիւն, քաղաքականութիւն ու դիւանագիտութիւն իրարու հետ շփոթելով ու զիրար հակադրելով, ինչպէս նաեւ պատմական Հայաստանի ու ներկայ Հայաստանի, Արագածի ու Արարատի եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ արմատացած եւ դարերու ընթացքին նուիրագործուած արժէքներուն ու իտէալներուն առնչութեամբ հակադրութիւններ ու հակասութիւններ ստեղծելով` փաստօրէն ջուր կը մատակարարենք ոչ բարեկամ երկիրներու ջաղացքներուն: Հինգերորդ դարուն մեր ժողովուրդը ըսաւ ու այսօ՛ր եւս նո՛յնը կ՛ըսէ. «Անկախօրէն ապրելու կամքէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ խախտել, մեր իրաւունքներէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ շեղել»:
3) Հայաստան-սփիւռք սերտ գործակցութիւնը ամուր հիմքը կը կազմէ մեր պահանջատիրական պայքարին: Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան ու գործակցութեան անդրադառնալով` Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ նշեց, որ` «Դժբախտաբար չկրցանք ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող եւ յատկապէս Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներու գծով համահայկական մտածողութիւն ու ռազմավարութիւն զարգացնել այնպիսի կերպով, որ հայ ժողովուրդի երկու բեւեռներուն` Հայաստանին ու սփիւռքին, մօտեցումները ներդաշնակուին»: Ուստի այս մտահոգութիւններէն մեկնած` վեհափառ հայրապետը կարելիութիւն ու հրամայական նկատեց ազգային եւ պետական շահերուն ներդաշնակումը, Հայաստանի պետութեան ու սփիւռքի դերակատարութեան համադրումի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ դերերու յստակացումն ու աշխատանքներու բաժանումը: Այլապէս, զգուշացուց հայրապետը, որ` «Յիշեալ կարելիութիւններէն ու հրամայականներէն խուսափումը Հայաստանը կրնայ առաջնորդել դէպի վտանգալից հորիզոններ եւ ազգը` դէպի ներքին բեւեռացումներ, որոնց նախանշանները սկսած են տեսանելի դառնալ»:
4) Քաղաքական ու իրաւական տարածքները հարկ է դարձնել կիզակէտը մեր պահանջատիրութեան: Այս կէտով Արամ Ա. կաթողիկոս նշեց, որ քաղաքական ու իրաւական դաշտերը իրարմէ տեսականօրէն անջատ են. սակայն ներկայ աշխարհին մէջ անոնք իրարու հետ սերտօրէն առնչուած են, մէկը միւսը պայմանաւորելով` յարաբերաբար ազգային թէ շրջանային շահերուն, ուր դժբախտաբար բացակայ է իրաւունքն ու արդարութիւնը: Ուստի մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ իրատեսական:
5) Հայ ժողովուրդի հզօրութեան վահանը իր համախմբումն է: Վերջապէս, կաթողիկոսը խօսեցաւ մեր ազգը յուզող կարեւորագոյն երեւոյթին մասին` ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ: Ինչպէս իր նախկին պատգամներուն մէջ յայտնած էր, հայրապետը այս անգամ եւս նշեց, որ այսօր մենք բարեկամ չունինք: «Մեր ժողովուրդին միակ ու ճշմարիտ բարեկամը ի՛նքն է, իր զաւակներուն համախմբո՛ւմն է, Հայաստան-սփիւռք համագործակցութի՛ւնն է»: Եւ ապա բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց ամենակարեւորին. «Կ՛անդրադառնա՞նք արդեօք, որ մենք սկսած ենք իրարմէ հեռանալ, ներհայաստանեան, ներսփիւռքեան, ներկուսակցական, ներհամայնքային ճեղքերու բազմացումը սկսած է տկարացնել մեր հաւաքական հաւատքը ու ջլատել մեր վճռակամութիւնը: Մենք սխալ ու վտանգալից ուղղութեան մէջ ենք, դէպի անդունդ կ՛ընթանանք: Հետեւաբար արթննանք այլեւս, համախմբուինք ու համախմբենք մեր ազգին ներուժը` ի խնդիր Հայաստանի հզօրացման եւ մեր իրաւունքներու հետապնդման: Ուրիշ ճամբայ չունինք»:
«Ա՛յս է պատգամը մեր սրբացեալ նահատակներուն», եզրափակեց իր պատգամը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: