Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Ղեկավարներ, Ազնուականներ Ու 400.000 Սգաւորներ Մասնակցեցան Ֆրանչիսկոս Պապի Յուղարկաւորութեան

April 28, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տասնեակներով ղեկավարներ եւ ազնուականներ, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, Բրիտանիոյ գահաժառանգ Ուիլիըմ իշխանը, Արամ Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսները, ինչպէս նաեւ Հռոմի փողոցներուն մէջ եւ ինքնին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած 400.000 սգաւորներ մասնակցեցան Ֆրանչիսկոս պապի յուղարկաւորութեան:

Իշխանութեան տէր եղողներն ու պապին սիրելի եղող լուսանցքայնացուածները միախմբուած էին վերջին յարգանք մատուցելու մարդու մը, որ, ինչպէս կարտինալ Ճիովանի Փաթիստա Ռէն արարողութեան ընթացքին նշեց, «մտքերուն ու սրտերուն ազդեց» եւ ուզեց «կամուրջներ կառուցել եւ ոչ թէ պատեր»:

Ֆրանչիսկոս պապի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, եւ անոր ընթացքին տարբեր լեզուներով` արաբերէնով, փորթուգալերէնով, գերմաներէնով, սպաներէնով եւ քորէայերէնով աղօթքներ հնչեցին:

Արարողութեան աւարտին պապին շատ պարզ փայտէ դագաղի մէջ ամփոփուած մարմինը փոխադրուեցաւ Վատիկանէն դուրս գտնուող 4-րդ դարու Սանթա Մարիա Մաճորէ եկեղեցին, ուր անոր կտակին համաձայն թաղուեցաւ նախապէս ճշդուած եւ պապին շատ սիրելի եղող տեղ մը:

Ֆրանչիսկոս պապի սովորութիւնն էր ամէն ճամբորդութենէ առաջ եւ ճամբորդութենէ վերադարձին այցելել Սանթա Մարիա Մաճորէ եկեղեցի եւ աղօթել Սուրբ Աստուածածինի սրբանկարին առջեւ:

Ան աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, առաջին պապն է, որ կը թաղուի նշեալ եկեղեցւոյ մէջ եւ Վատիկանէն դուրս:

«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, թէ անոր մահէն 15-20 օր ետք կարտինալները պիտի հաւաքուին Վատիկանի Սիսթինեան տաճարին մէջ` նոր պապը ընտրելու համար: Կարտինալները պէտք է ոչ աւելի քան 80 տարեկան ըլլան քուէարկելու համար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 252 կարտինալներէն միայն 135-ը իրաւասու են քուէարկելու: Նոր պապը կ՛ընտրուի քուէարկելու իրաւասու կարտինալներու երկու երրորդին քուէներով:

 

Նախորդը

Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին Մէջ Թրամփ-Զելենսքի Հանդիպում

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Խաժակ Մկրտիչեան Ընդունեց Քիւրտիստանի Ազգային Միութիւն Կուսակցութեան Բանբեր Հեմըն Մարմաշը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.