Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Զէնքը Լիբանանեան Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելը Որդեգրուած Որոշում Է, Եւ Պատերազմի Հռետորաբանութեան Վերադառնալը Արտօնուած Չէ»

April 29, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Ֆրանսայի ծերակոյտէն պատուիրակութիւն մը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի հինգ բլուրներէն իսրայէլեան հեռացումը լիբանանեան բանակի մինչեւ սահման տեղակայման ամբողջացումը արագացնելու անհրաժեշտութիւն է»:

«Լիբանանեան բանակը տեղակայուած է հիւսիսարեւելեան սահմաններուն վրայ եւ իր պարտաւորութիւնները ամբողջական կերպով կը կատարէ: Ան նաեւ ստանձնած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, մաքսանենգման արգիլումն ու ներքին ապահովութեան պահպանումը», նշեց նախագահ Աուն` շեշտելով. «Զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումը տրուած է, եւ պատերազմի հռետորաբանութեան վերադառնալը արտօնուած չէ»:

«Սկսանք անհրաժեշտ բարեկարգումները որդեգրել, եւ այս ընթացքը պիտի շարունակուի, որովհետեւ արտաքին պահանջ մը ըլլալէն առաջ լիբանանեան կարիք է», նշեց հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով. «Փտածութեան դէմ պայքարը բարեկարգումներու հիմնական մէկ մասն է, եւ անոր նպատակը քաղաքացիին ծառայելն ու ընդհանուր կարգ ու կանոնը ամրապնդելն է»:

«Առկախ հարցերու, ներառեալ ցամաքային ու ծովային սահմաններու սահմանագծման, տնտեսական պատճառներով Լիբանան գտնուող սուրիացի գաղթականներու կացութեան լուծման համար լիբանանեան-սուրիական միացեալ յանձնախումբ պիտի կազմուի», յայտնեց նախագահ Աուն:

Միւս կողմէ, ան ըսաւ. «Քաղաքապետական ընտրութիւնները իրենց ճշդուած ժամկէտին տեղի պիտի ունենան, եւ պետութեան դերը ընտրական հոլովոյթը անվտանգութեան եւ վարչական մակարդակներու վրայ ապահովելն է, իսկ լիբանանցիներուն կը մնայ քաղաքապետական եւ թաղապետական խորհուրդներուն մէջ իրենց ներկայացուցիչները ընտրելը»:

«Մեր բոլոր կատարածներուն նպատակը պետութիւնը կառուցելն ու ներքին եւ արտաքին մակարդակներու վրայ անոր նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելն է», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը:

Նախորդը

Նեթանիահու. «Փէյճըրներու Պայթեցման Գործողութեամբ Հըզպալլային Ահաւոր Ցնցում Պատճառեցինք»

Յաջորդը

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտներու Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակին Յարգանքի Հաւաք

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.