Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժարամանայի Մէջ Վտանգաւոր Զարգացում

April 30, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժարամանայի մէջ տիւրզիներու կրօնական հեղինակութիւնը դատապարտեց «անոնց (իշխանութիւններուն) պատկանող ապահովական մարմիններու անդամներու եւ զինեալներու միջեւ համայնքային բնոյթի լարուածութեան պատճառով բախումներու ընթացքին անոնցմէ չորս զինեալներու սպանութենէն ետք, Դամասկոսի մօտ գտնուող քաղաքին վրայ անարդարանալի զինեալ յարձակումը»:

Տիւրզի համայնքի կրօնական մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք եւ կը քննադատենք Ժարամանա քաղաքին վրայ անարդարանալի զինեալ յարձակումը, որուն ընթացքին տարբեր տեսակի զէնքեր օգտագործուեցան: Այս յարձակումը թիրախաւորեց անմեղ քաղաքայիններն ու անիրաւ կերպով սարսափի մատնեց ապահով բնակիչները»:

Մարմինը սուրիական իշխանութիւնները «ամբողջական պատասխանատուն» նկատեց «տեղի ունեցածին, ինչպէս նաեւ հետագայ որեւէ զարգացումի կամ տագնապի բարդացման համար»:

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, որ «շրջանին մէջ ապահովութիւնը վերահսկողութեան տակ պահելու եւ կայունութիւնը ամրապնդելու ջանքերու ծիրին մէջ» ընդհանուր ապահովութեան ուժեր տեղակայուած են Դամասկոսի գիւղական շրջանի Ժարամանա քաղաքի մերձակայքին մէջ` «որեւէ ոտնձգութիւն արգիլելու համար»:

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ժարամանայէն խմբաւորումներ այսօր առտու երկու զինուորներ սպաննեցին, եւ ապահովական ուժերը ուժեղ կերպով միջամտեցին Ժարամանայի մէջ բախումներ կանխարգիլելու համար»:

«Ժարամանայի յարձակումը սկսաւ Մարգարէն վատաբանող արձանագրութիւններու տարածումէն եւ անոնց հեղինակը ձերբակալելու համար զինեալներ հաւաքուելէն ետք», նշեց նախարարութիւնը:

Լիբանանեան Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Տիւրզիներն ու Սուրիոյ մէջ բոլոր փոքրամասնութիւնները պաշտպանելը պետութեան ու պետական իշխանութիւններուն հիմնական պարտականութիւններէն է, եւ անոնց անվտանգութեան ու կեանքին ապահովական կամ զինուորական տարրերէ կամ անոնց պատկանող խմբաւորումներէ որեւէ ոտնձգութիւն կամ սպառնալիք մեծ աղէտ կը նկատուի:

«Աշխարհի պետութիւնները, մասնաւորաբար արեւմտեան պետութիւնները, պէտք է անմիջապէս գործեն տիւրզիները թիրախաւորող որեւէ յարձակում զսպելու եւ բոլոր փոքրամասնութիւններուն նման անոնց անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար»:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց «Սուրիոյ Ժարամանա շրջանին մէջ տարածուած կասկածելի ձայնագրութեան ճամբով Մոհամետ մարգարէի բացարձակապէս մերժելի վատաբանումը»:

Կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց յարգելու կրօնական խորհրդանիշերը` մեկնելով հաւատքի իրաւունքի եւ ազատութեան սրբութենէն` զգուշացնելով իյնալէ թակարդը սադրանքին, որ միայն «իսրայէլացի թշնամիին ու անոր մասնատման ու հակամարտութիւններու հրահրման օրակարգին կը ծառայէ»:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը Սուրիոյ միութիւնն ու ժողովրդային եւ ընկերային հիւսուածքը պահպանելու կարեւորութիւնը վերստին շեշտելէն ետք կոչ ուղղեց տեղի ունեցածին շուրջ թափանցիկ հետաքննութիւն կատարելու` շեշտելով, որ Ժարամանայի եւ Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ անհրաժեշտ է խաղաղութիւնը պահպանել, «եւ սուրիական պետութիւնը պէտք է որդեգրէ անվտանգութիւնը ապահովող եւ որեւէ սանձարձակութիւն արգիլող քայլերը»:

Թաուհիտ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ իր կարգին Ժարամանայի բնակչութեան դիմելով ըսաւ, որ դիակներու նկատմամբ վատ վերաբերմունքը ամբողջովին մերժելի է, «որովհետեւ մենք կարգ մը ահաբեկիչներուն պէս չենք, անիրաւուածներ եղէք, սակայն ոչ անիրաւողներ: Աստուծոյ սիրոյն յարգեցէ՛ք տիւրզիական բարոյական արժէքները»:

Ան համայնքի շէյխերուն կոչ ուղղեց` արիւնահեղութիւնը կանխարգիլելու եւ պետութեան ու դրացիներուն հետ հաղորդակցելու, «որովհետեւ մեծամասնութիւնը կը մերժեն Ժարամանայի յարձակումը»: Ան նաեւ կոչ ուղղեց Ժարամանայի մէջ պահպանելու բոլոր համայնքներն ու յարանուանութիւնները, մասնաւորաբար սիւննիները:

«Ժարամանայի մէջ մէկ միլիոն քաղաքացի կը բնակի, եւ անոնք ձեր պաշտպանութեան տակ են, քաջութեամբ ու ողորմութեամբ տիւրզի եղէք», յայտնեց Ուահապ:

Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Համմուտ Հաննաուի «Ժազիրա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Աշխատանք կը տանինք սադրանքը կանխարգիլելու եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական խաղաղութիւն տարածելու»` աւելցնելով. «Ժարամանայի մեր ժողովուրդին կ՛ըսենք, որ արիւնահեղութիւն պատճառող արարքները ընդունելի չեն»:

«Մենք կը դատապարտենք բոլոր կողմերուն ցաւալի արարքները», նշեց ան` աւելցնելով. «Սադրանքի կանխարգիլումը կարելի է սուրիական պետութեան հետ համակարգումով»:

«Սուէյտայի մէջ ժողովուրդի բոլոր ներկայացուցիչներուն հետ ժողով գումարեցինք եւ կոչ ուղղեցինք սադրանքը կանխարգիլելու, եւ Ժարամանայի ներկայացուցիչներուն հետ խօսեցայ` հանդարտեցնելու համար կացութիւնը եւ սադրանքը կանխարգիլելու համար», ըսաւ Հաննաուի:

«Ժարամանայի մէջ տեղի ունեցածը հիմնուեցաւ սուտ ամբաստանութիւններու վրայ, եւ Մարգարէին վարկաբեկումի յանդգնիլը չենք ընդունիր», յայտնեց Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետը:

Նախորդը

Ալիեւ. «Արաքսի Միջանցքի Նախագիծին Շուրջ Կան Անհիմն Ենթադրութիւններ»

Յաջորդը

Վենս. «Ուքրանիան Պիտի Չկարենայ Իր Տարածքը Վերադարձնել, Եթէ Պատերազմը Յաւելեալ Քանի Մը Տարի Տեւէ»

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.