50 Տարի Առաջ (5 Սեպտեմբեր 1965)
Ակնարկ Պաալպեքի Փառատօնը Տասնամեակ մը ամբողջ Լիբանան կը խօսեցնէ իր հնադարեան տաճարները` Պաալպեքի կախարդական մթնոլորտին մէջ: Տասը տարի միջազգային համբաւաւոր արուեստագէտներ, նուագախումբեր, դերասաններ եւ պարախումբեր արուեստի պաշտամունքը կատարեցին հազարամեայ սիւներու վեհաշուք ստուերին ներքեւ, իրենց տաղանդին ընծայուած այդ եզակի միջավայրին մէջ: Գեղեցիկ այս երկիրը իր միջազգային համբաւին վրայ նոր փայլ մը աւելցուց Պաալպեքի փառատօնով, որուն յաջողութեան համար ամբողջական նուիրումով մը գործի...






