ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր աստղերը ի նպաստ ձեզի են. բախտաւոր էք, ուրեմն յառաջացէք եւ ձեր բոլոր ծրագիրները ի գործ դրէք: Յաջողութիւնը ձեզի հետ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ գործունեայ էք եւ յոգնիլ չէք գիտեր: Չարաչար մի՛ աշխատիք եւ քիչ մըն ալ ձեր հանգիստի մասին մտածեցէք: Ձեզի պրաւօ ըսող չըլլար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ դժուարութեան մէջ էք, կրնաք վստահիլ ձեր բարեկամներուն, որոնք որեւէ առիթով ձեզի օգտակար կրնան ըլլալ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անշուշտ արձակուրդէն ետք ձեր գործին վերսկսիլը դժուար է. սակայն այսպէս է առանց աշխատանքի կարելի չէ արձակուրդ ունենալ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օտար երկիր ձեր ճամբորդութիւնը ձեզ տպաւորած է եւ պիտի փափաքիք այսուհետեւ զանազան երկիրներ ճանչնալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շատ ինքնավստահ էք եւ մեծ դիւրութեամբ պիտի դիմաւորէք վերամուտը: Յաջողութիւն պիտի ունենաք ամէն գետնի վրայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր աշխատատեղիին մէջ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան, որոնք ձեզ դժուարութեան պիտի մատնեն. սակայն ձեզի համար այդքան ալ դժուար պիտի չըլլայ: Դուք գիտէք դժուարութիւնները հարթել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հաճելի արձակուրդէ մը ետք դժուար պիտի ըլլայ ձեր առօրեային հետեւիլը. քանի մը օրէն ամէն բան բնական կը դառնայ, եւ դուք ձեր նախկին ընթացքը կը գտնէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ամուսնացած էք, ձեր սէրը պիտի ամրանայ այս արձակուրդին, իսկ ամուրիները պիտի հանդիպին իրենց ապագայ ընկերներուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանիքին մէջ միշտ ալ անհասկացողութիւններ կ՛ըլլան, որոնք շատ նկատի առնելու չէ, եւ կարելի եղածին չափ հարցերը պէտք է մեղմացնել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանիքէն հեռու կ՛ապրիք, որուն կարօտը ունիք, ժամանակն է միանալու անոր: Հաճելի օրեր պիտի վայելէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքին մէջ ամէն ինչ ժխտական է. դուք կարողութիւնը ունիք բոլոր հարցերը լուծելու, որմէ ետք ամէն բան պիտի յստականայ: