50 Տարի Առաջ (28 Օգոստոս 1965)
«Յառաջ» (Հպանցիկ Նոթեր` Իր Քառասնամեակին Առթիւ) (*) «Յառաջ» բացառութիւն մը չեղաւ, անշուշտ, այն տեսակէտէն, թէ լոյս կը տեսնէր գրեթէ նորակազմ գաղութի մը մէջ: Բայց, «գաղութահայ թերթ» եւ «գաղութի մը թերթը», այս որակումները, որոնցմէ մէկը քիչ մը աշխարհագրական բնորոշում է` արդիւնք մեր այժմու գոյավիճակին, իսկ միւսը` տուեալ թերթին միայն տուեալ գաղութին շրջագիծէն ներս դերի մը չափանիշն է, հաւասարապէս անբաւարար են բնորոշելու...



