ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Արձակուրդի մեծ ծախսերէն ետք անշուշտ ձեր եկամուտը պակսած է. ուրեմն զգուշութեամբ ծախսեցէք, որպէսզի բացը չմեծնայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր բնական հմայքը բաւարար է` բարեկամներ սիրաշահելու. չափազանցութեան մի՛ երթաք, որպէսզի ձեզ չչարաշահեն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Յաճախ սխալներ կը գործէք եւ ձեր փորձառութիւններուն չէք անսար, ինչ որ սխալ է: Ծառայասէր ըլլալը լաւ է, բայց չափազանցութիւնը լաւ չէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Արձակուրդի ընթացքին հաճելի հանդիպումներ ունեցած էք եւ վերադարձին ձեր շրջապատին պիտի պատմէք այդ նոր բարեկամներուն մասին, որոնք ձեզ շատ տպաւորած են:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ամառնային եղանակի վերջաւորութիւնը հասած է եւ գրեթէ վերամուտ է. լաւ տրամադրութեամբ ստանձնեցէք ձեր գործը եւ յառաջիկայ արձակուրդը ծրագրեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կը սիրէք պրպտումներ ընել եւ հին բաներ յայտնաբերել. այս ձեւով պիտի կարենաք ձեր նախորդներէն ընտանեկան աւանդութիւններ լոյսի հանել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Վստահութիւն ունեցէք ձեր ապագային առնչութեամբ: Հաճելի եւ դրական փոփոխութիւն մը պիտի դիմաւորէք, ինչ որ ձեր կեանքը բոլորովին պիտի փոխէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մեծ համաձայնութիւն մը կայ ձեր գործակիցներուն հետ. ասիկա լաւ տրամադրութիւն կը ստեղծէ եւ անշուշտ արդիւնաւէտ է: Ձեր գործատէրը ձեզ գնահատել պիտի գիտնայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մեծ աշխուժութեամբ պիտի դիմաւորէք վերամուտը. նոր թափով պիտի վերսկսիք ձեր աշխատանքին, ինչ որ լաւ արդիւնքներու պիտի առաջնորդէ ձեզ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մարզական ոգիով պիտի սկսիք ձեր գործին: Հաճելի եւ երկար արձակուրդէ ետք անշուշտ լաւ արդիւնքներու պիտի յանգիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այս ամիսը բախտ պիտի բերէ ձեզի. չսպասուած ժառանգութիւն մը պիտի ունենաք, ինչ որ ձեր կեանքը բոլորովին պիտի փոխէ: Կեանքը անակնկալներով լեցուն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր զաւակներուն հետաքրքրութիւնները մի՛ անտեսէք: Անոնց հասկցուցէք կեանքի ընթացքը, դժուարութիւնները եւ ուրախութիւնները, որպէսզի ապագան լաւ դիմաւորեն: