ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բարեկամներ ունիք, որոնց հետ հասարակաց կէտեր ունիք. շրջապտոյտ մը կազմակերպեցէք միասին, որոնց հետ հաճելի արձակուրդ մը պիտի վայելէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ծրագիրները պարզացուցէք եւ յստակացուցէք. ժամանակի ընթացքին պիտի կարենաք զանոնք կատարել եւ յաջողութիւն ունենալ: Համբերութեամբ ամէն բան կարելի է լուծել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Միշտ կ՛ուզէք նորութիւններ ունենալ եւ սորվիլ. ձեր այս նկարագիրը ձեզ յաջողութեան պիտի առաջնորդէ եւ նոր գործունէութիւններ պիտի ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր ձեր նիւթական եւ դրամական հարցերը պիտի դասաւորէք. պարտքի տրուած գումարները ժամանակին չեն վերադարձուցած. ուրեմն առանց սպասելու պահանջեցէք զանոնք, որպէսզի նեղութեան չմատնուիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Միութենական կեանքի նուիրուած էք եւ կատարելութեամբ կը կատարէք ձեզի վստահուած գործը. միութեան յաջող ընթացքը ձեզի կը պարտին: Ձեր ընկերները ձեզ պիտի շնորհաւորեն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրուան տաղտուկէն հեռանալու համար պիտի առանձնանաք եւ լեռ պիտի բարձրանաք, ուր հանդարտ օր մը ունենալէ ետք լաւ տրամադրութեամբ տուն պիտի վերադառնաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր բարեկամները մարմնամարզի մասին կը խօսին. միացէք անոնց եւ մարզական ակումբի մը արձանագրուեցէք. թեթեւ մարզանքները մեծապէս պիտի նպաստեն ձեր առողջութեան եւ տրամադրութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընտանիքին մէջ միշտ երկխօսութիւն պէտք է ըլլայ. երբեմն նոյնիսկ անհաճոյ հարցեր կրնան պատահիլ, որոնք պէտք է արտայայտէք ձեր շուրջիններուն, որպէսզի վերջնական խաղաղութիւն տիրէ տան մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր գործին ընթացքը կառավարելու մեծ հեղինակութիւն ունիք. ձեր ցուցմունքները սիրով կ՛ընդունին ձեր գործակիցները. յաջողութեան ճամբուն մէջ էք: Այսպէս շարունակեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աւելի լաւ է քիչ, բայց կարեւորը ունենալ, շատ բայց անիմաստ բաներ ունենալը ո՛չ մէկ կարեւորութիւն ունի: Դուք ճիշդ ճամբան առած էք: Յառաջացէք այդ ճամբէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուշադրութի՛ւն… լաւ եւ հաճելի փոփոխութիւններ կը նախատեսուին ձեր կեանքին մէջ. արթուն եղէք եւ առիթը մի՛ կորսնցնէք: Բախտին ընդհանրապէս մէկ անգամ կը հանդիպինք: Օգտուեցէք առիթէն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Համով ուտելիքները անշուշտ հաճոյքով կ՛ուտուին, սակայն, ուշադրութի՛ւն, որկրամոլ մի՛ ըլլաք, որպէսզի ձեր առողջութիւնը չքանդուի: Դուք տրամաբանող էք եւ գիտէք լաւը գէշէն զանազանել: